28 Մայիս 1918-ին կերտուած հայոց պետականութիւնը մեր ազգը օժտեց ինքնուրոյն զարգանալու, տոկալու, ինքնորոշման իր իրաւունքը ազատօրէն կիրարկելու առաւելութիւններով:
Թէեւ Հայաստան տարիներու ընթացքին դրացի երկիրներու ախորժակներուն բերումով զրկանքներ կրեց ու տարածքներ կորսնցուց, այնուամենայնիւ պահպանեց իր պետական կառոյցը:
Յ. Քաջազնունի իր «Ազգ եւ Հայրենիք» կոթողային աշխատանքին մէջ կը պարզէ դրացի մեծ պետութիւններուն հետ համեմատաբար փոքր պետութիւններուն թիւի, ուժի, կարելիութիւններու նուազ ըլլալուն հետեւանքները, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, կը յուշէ, որ ազգին թիւն ու պետութեան աշխարհագրական տարածքը չեն միայն, որոնք կրնան պետութեան հիմքը զօրացնել ու դրացի երկիրներուն հետ մրցունակ դարձնել զինք:
Այս առումով, Հայաստան տարիներ շարունակ տառապած է դրացի երկիրներու ախորժակներուն հետեւանքով յառաջացած պատերազմներէ, շրջափակումներէ, տնտեսական ճնշումներէ եւ այլն:
Այդուհանդերձ, Հայաստան ունեցած է կարելիութիւններ զարգանալու, բարգաւաճելու, դիւանագիտական եւ փոխյարաբերական ճկուն քաղաքականութիւն վարելով շարք մը դժուարութիւններու առաջքը առնելու:
Դժբախտաբար, սակայն, փտածութեան, քաղաքական անհանդուրժողութեան, կարծիքներու բախման աստիճանները տարիներու ընթացքին այնքան բարձրացած են, որ յաճախ պատճառ դարձած են Հայաստանի ու հայութեան զարգացման ալիքի տեղատուութեան:
Այս տեղատուութեան պատճառներէն մէկն ալ ազգային պետութիւն հասկացութեան թիւրըմբռնումը եղած է հաւանաբար: Նորօրեայ քաղաքական գործիչներ ազգայնականութիւնը յաճախ կը շփոթեն ծայրայեղութեան հետ: Իրականութեան մէջ, սակայն, ազգային պետութեան ամրագրումով է որ կ’ապահովուին ազգին շահերը, ինքնորոշման իրաւունքը, ինքնուրոյն զարգանալու կարելիութիւնները: Փոքր ազգերն ու պետութիւններն անգամ ազգային պետութեան ամրագրումով կրնան լիովին զարգանալ ու իրենց ազդեցիկ լծակները ունենալ նոյնիսկ դրացի մեծ պետութիւններու կողքին՝ գիտական, քաղաքական, արդիւնաբերական, մշակութային, զինուորական, ստեղծագործական տարբեր ոլորտներու գերզարգացումը ապահովելով՝ քաղաքակրթութեամբ աւելի բարձր ըլլալով նոյնիսկ տնտեսապէս հզօր դրացիներէ: Այդպիսով կը զարգանայ նաեւ բանակը՝ իր արհեստագիտական նորութիւններով ու մարդկային եւ ուժային հարստութեամբ:
Այս բոլորը, սակայն, կը պահանջեն զոհողութիւն, աշխատանք, պետական կառոյցներու գործուն մեքանիզմ եւ քաղաքական ու յարաբերական բազմամակարդակ կարելիութիւններ:
Դժբախտաբար իշխանութիւններ տարիներու ընթացքին առաւելաբար ջանք թափած են պահելու իրենց գոյութիւնը, եւ հակառակ դրացի երկիրներու հետ համեմատաբար Հայաստանի ժողովրդավարական մակարդակի բարելաւումին, արհեստագիտական նուաճումներուն, այդ բարելաւումներն ու նուաճումները չեն օգտագործուած որպէս քաղաքական միջոց ու լծակ յառաջ տանելու պետութիւնը եւ ազգը, ամրագրելու երկրի ապահովութիւնը, այլ յաճախ ծառայած են նեղ շահերու:
Պետութեան առաւելութիւնները օգտագործելու եւ նեղ շահերէ վեր բարձրանալու պարզ հաշուարկները կրնան դուրս բերել փոքր Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ դիմագրաւած իր դժուարութիւններէն:
Էականը անկեղծ ու ազգային պետութեան կերտման համար ձեռք-ձեռքի տալու պատրաստակամութիւն ունեցող ուժերու հասունացումն ու հրապարակ իջնելն է:
Ժողովուրդը ի վիճակի է այլեւս զանազանելու ամբոխավարը, յանձնառու եւ բանիմաց ղեկավարէն, ազգային շահերէ առաջնորդուողը՝ հռետորէն ու շահամոլէն:
Հայաստան իր կրած պարտութիւններով եւ կերտած յաղթանակներով տարածաշրջանի ուժերու վերադասաւորման մէջ իր տեղը ամրագրելու լուրջ հրամայականին առջեւ է այսօր: