ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի հաւաքականը ժամանեց Ռուսիոյ Քազան նահանգը, ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար: Հաւաքականին միացաւ նորանշակ մարզիչ Միքայէլ Թէրիխոֆը, որ փոխարինեց ամերիկացի մարզիչ Սալիրոնին:
– Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց նոր նշանակը, որ վաւերացուած է Միջազգային Պասքեթի Դաշնութեան կողմէ:
– Ասիոյ ախոյեանական մրցումներուն, Սուրիոյ երկու ներկայացուցիչներ՝ Թիշրինն ու Ուահտէն հաւասարութեամբ աւարտեցին իրենց առաջին հանդիպումները: Թիշրինը 3-3 հաւասարութեամբ աւարտեց Քուէյթի Արապիէի հետ կատարած հանդիպումը, իսկ Ուահտէն 0-0 արդիւնքով Լիբանանեան Ահըտ խումբին հետ:
ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին երկօրեայ այցելութեամբ Դամասկոս ժամանեց Ասիոյ Պասքեթի Դաշնութեան գործադիր տնօրէն Յակոբ Խաչերեանը, իրեն կ’ընկերակցէր պաշտօնական պատուիրակութիւն մը: Խաչերեան հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէի նախագահ Ֆիրաս Մուալլայի, Պասքեթի Դաշնութեան նախագահ Ալաա Ճոխաճիի հետ, ինչպէս նաեւ երկու մամուլի ասուլիսներով ներկայացան թղթակիցներուն: Երկու օրերու ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ուսումնասիրական սեմինարներ, ուր ներկաները հետեւեցան եւ ծանօթացան վերջին նորութիւններուն: Նշենք թէ  Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Ռաֆֆի Գասապեանը, Յովսէփ Սերայտարեանը եւ Ատլին Քավալեանը: Աւարտին Խաչերեան պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութեան յուշանուէրով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏԸ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Երկար տարիներ Սպանիոյ ախոյեանութիւնը Պարսելոնայի Եւ Ռէալ Մատրիտի իշխողութեան տակ մնալէ ետք, մատրիտի Աթլեթիքօն յաջողեցաւ ձեռք ձգել ախոյեանութիւնը, վերջին հանդիպումին  2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Պալատոլիտը, որ փոխանցուեցաւ Բ. Դասակարգ: Այս տարեշրջանին Աթլեթիքօն ուժեղ մրցակցութեան առջեւ գտնուեցաւ դրացի Ռէալին եւ քաթալոնեական պարսելոնային հետ:  Սիմոնէն, որ 10 տարէ ի վեր ստանձնած է այս խումբի մարզիչի պատասխանա- տութիւնը, երկար սպասեց սոյն կոչումը, որ կը պարտի Պարսելոնայի նախկին խաղացող Լուիս Սուարէզին. Ուրուկուէյցի խաղացողը յաջողեցաւ նշանակել 21 կոլ, գրաւելով կոլսկորիստներու ցանկին 4-րդ դիրքը: Նշենք թէ Աթլեթիքօն 86 կէտերով գրաւեց առաջին դիրքը, իրեն յաջորդելով Ռէալ Մատրիտը 84 կէտ եւ Պարսելոնան 79 կէտ:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ