Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի ղեկավարները դատապարտած են Ատրպէյճանի վերջին յարձակումը Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզին վրայ, պահանջած են, որ Քոնկրեսի պետական բաժինը պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւի վարչակազմը եւ պատժամիջոցներ կիրարկելով անոր դէմ վերջ տայ շարունակուող ոճրագործութիւններուն: ԱՄՆ հանրապետական քոնկրեսական Ֆրենք Փալոուն հրապարակած է յայտարարութեան բնաբանը. «Մենք խիստ մտահոգուած ենք Հայաստանի տարածքին` Գեղարքունիքի մարզին եւ յարակից շրջաններուն վրայ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու շարունակուող գործողութիւններով, որոնց հետեւանքով հայ զինուոր մը զոհուած է, նաեւ վեց զինուորական գերեվարուած է: ԱՄՆ պետական կողմը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւը իր մահացու յարձակումին համար: Մենք կը շարունակենք աշխատիլ Պայտընի վարչակազմին եւ մեր գործընկերներուն հետ, որպէսզի երաշխաւորուի, որ ԱՄՆ-ն օգտագործած է առկայ դիւանագիտական բոլոր գործիքները` պատժամիջոցները` այս վայրագութիւններին վերջ տալու համար: ԱՄՆ-ն պէտք է շարք մը շօշափելի գործողութիւններ իրականացնէ` խաղաղութիւն ապահովելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար»: