«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան (ԱՇԿ-MHP) նախագահ Տեւլէթ Պահչելին յայտնած է, որ կուսակցութիւնը հրաժարած է Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու ծրագիրէն: Այդ մասին ան գրառում  կատարած է Twitter-ի իր միքրոպլոկին մէջ:

Պահչելին յայտնած է, որ իրենք պատրաստ են ծրագիրը իրագործելու, սակայն ատրպէյճանական կողմը անոր հաւանութիւն չէ տուած: Փոխարէնը Պաքուն պատրաստած է մէկայլ ծրագիր: ԱՇԿ-ի ղեկավարի խօսքին համաձայն, իրենք յարգանքով  վերաբերած են Պաքուի որոշումին:

Տեւլէթ Պահչելին ընդգծած է, որ այդ ծրագիրին համար հանգանակուած գումարները պիտի վերադարձուին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան կողմէ Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու մտադրութիւնը  յայտնի  դարձած էր 26 Յունուար 2021-ին: