«Հայաստան» դաշինքը Ուրբաթ, 28 Մայիսին` հայոց պետականութեան վերականգնման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրը յարգանքի տուրք մատուցեց հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յիշատակին:

Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքը գլխաւորող Ռոպերթ Քոչարեան:

Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մՄարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան ծաղիկներ զետեղեցին Արամ Մանուկեանի յուշարձանին:

«Մայիս 28-ի աւանդական տօնը այսօր մեր ժողովուրդը կը նշէ տխրութեամբ, յուսահատութեամբ: Տասնամեակներ շարունակ Սարդարապատի յուշահամալիրը լեփ-լեցուն էր մեր հայրենակիցներով, երկրի ղեկավարէն մինչեւ վերջին գիւղի բնակիչը, սակայն այսօր Սարդարապատի յուշահամալիրը, շրջափակուած հազարաւոր ոստիկաններով, մարդոց չէին արտօներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել: Խումբ մը գլխիկորներ միայն այդ ոստիկանական շղթաներուն մէջ կրցած էին քալել, ինչպէս վերջին ամիսներուն այլեւս զրկուած են երկրին մէջ  ազատ քալելու կարելիութենէն», հաւաքի ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան:

Գեղամ Մանուկեան նաեւ անդրադարձաւ վերջին երեք տարիներուն մեր պետութեան ընթացքին` յայտնելով. «Այսօր Արամ Մանուկեանի արձանին առջեւ կը յիշեմ, թէ մեր պետականութեան կերտիչը ինչպէ՛ս սկսաւ անկախութեան երթը եւ մեծ նաւարկութիւնը, որ անցաւ տարիներ, տասնամեակներ շարունակ, եկաւ խաղաղ ընթացքի մը, իսկ վերջին տարիներուն ու յատկապէս ամիսներուն անիկա մտցուեցաւ փոթորիկներու մէջ, զարնուեցաւ ժայռէ ժայռ, որովհետեւ նաւապետը խենթ էր եւ կառավարել չէր գիտեր: Արամի արձանին մօտ ակամայ կը յիշեմ 2018 թուականը, երբ կը պատրաստուէինք Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը նշել տօնակատարութեամբ, ուժեղ բանակով, համախմբուած, անկախ, զօրեղ Արցախի Հանրապետութեամբ: Արամի արձանը պիտի բացուէր 28 Մայիսին, բայց նոյնիսկ ատիկա իր կեանքին պէս եղաւ շատ դժուար. ամբոխավարական կոչերով իշխանութեան եկածները միշտ կը  խոչընդոտէին արձանի բացումը, մինչեւ որ առանց պետական արտօնութեան 17 Յունիս 2018-ին Երեւանի կեդրոնին մէջ վեր խոյացաւ hանրապետութեան հիմնադիրին արձանը»: