(Ռատիօ Երազի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Հետ)

Հայաստանի անկախութեան կերտման 103-ամեակին առի­թով, Հա­լէ­պէն սփ­ռուող «Ռատիօ Երազ»ը հե­տեւ­եալ հար­ցազ­րոյ­ցը ու­նե­ցաւ ՀՅԴ Բիւ­րո­յի ան­դամ Բեն­ի­ա­մին Պչաքճ­եա­նի հետ.

Ռատիօ Երազ- 28 Մա­յիս 1918-ին հռ­չակ­ուած Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար նոր էջ մը բա­ցաւ: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ար­ժե­ւո­րել մեր պատ­մու­թեան այս ան­կիւ­նա­դա­րձա­յին յաղթանակը:

Բեն­ի­ա­մին Պչաքճ­եան- Իս­կա­պէս որ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին յաղթանակ մըն էր, որով­հե­տեւ 28 Մա­յի­սի նա­խոր­դող տա­րի­նե­րուն մենք օր­հա­սա­կան օրեր կ’ապ­րէ­ինք: Մենք ստր­կու­թեան մէջ կ’ապ­րէ­ինք դա­րեր շա­րու­նակ, կորսն­ցու­ցած էինք մեր պե­տա­կա­նու­թիւնը, վե­րած­ուած էինք հա­մայն­քի մը, որ կը հա­մա­կեր­պէր իր առօր­եա­յին, կը հա­մա­կեր­պէր իր իրո­ղու­թեան, իր ամ­բողջ նե­րու­ժը տրա­մադ­րած էր իր հա­ւատ­քին: Ու թէ­եւ կապ­ուած էր հո­ղին, սա­կայն ան­կա­խու­թեան իր ձգ­տու­մը այդ­քան ալ ու­ժեղ չէր: Պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ երբ 1800-ական թուա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը սկ­սաւ եւ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը հա­սուն­ցաւ, մենք կր­ցանք ստր­կամ­տու­թե­նէն դուրս բե­րել ժո­ղո­վուր­դը, գիւ­ղա­ցիու­թիւնը, ու­սա­նո­ղու­թիւնը, ազ­գի բո­լոր շեր­տե­րը եւ ցոյց տալ, որ ան­կա­խու­թեան մէջ է մեր գո­յութ­եան իմաս­տը, շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը: Պէտք է յի­շել նա­եւ, որ ան­կա­խու­թեան թուա­կա­նէն առաջ մենք շատ ծանր հար­ուած մը ստա­ցած էինք եւ են­թա­կայ եղած էինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: Մենք կորսն­ցու­ցած էինք մեր ժո­ղո­վուր­դին մէկ ու կէս միլի­ո­նը, կը գտն­ուէ­ինք գաղ­թա­կան իրա­վի­ճա­կի մէջ, սա­կայն այդ բո­լո­րով մէկ­տեղ մեր ազ­գը իր նե­րու­ժը վե­րագ­տաւ եւ յա­ջո­ղե­ցաւ կեր­տել իր ան­կա­խու­թիւնը 28 Մա­յիս 1918-ին: Իս­կա­պէս որ սա շատ կա­րե­ւոր թուա­կան է մեր պատ­մութ­եան մէջ, այդ­ուա­մե­նայ­նիւ ար­ձա­նագ­րենք, որ ան­կա­խու­թիւն կեր­տե­լը բան մըն է, որ ան­շուշտ մեծ զո­հո­ղու­թիւն­ներ կ’են­թադ­րէ, պա­հե­լը՝ մէկ այլ բան: Պէտք չէ մենք մեր յաղ­թա­նակ­նե­րու դափ­նի­նե­րուն վրայ հան­գիստ քնա­նանք, մա­նա­ւանդ որ մր­ցակ­ցա­յին այս աշ­խար­հին մէջ, այս արա­գըն­թաց պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, եթէ մեր պայ­քա­րը մնա­յուն չըլ­լայ, առօր­եայ չըլ­լայ, չըլ­լայ պայ­քար յա­նուն զար­գաց­ման, յա­նուն նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լուն, գի­տութ­եան բարձր մա­կար­դակ­ներ նուա­ճե­լուն, չըլ­լայ պայ­քար ամէն իմաս­տով՝ մշա­կոյ­թով, ար­ուես­տով, եթէ այս պայ­քա­րը մենք չկա­րե­նանք մա­կար­դա­կի մը վրայ պա­հել, որը մր­ցակ­ցա­յին է ան­մի­ջա­կան մեր շր­ջա­պա­տին հետ հա­մե­մա­տած եւ ին­չու չէ նա­եւ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով, այդ պա­րա­գա­յին մենք մեր ան­կա­խու­թիւնը կորսնց­նե­լու վտան­գին են­թա­կայ ենք, կր­նանք կորսնց­նել մեր ազա­տու­թիւնը, կորսնց­նել մեր ինք­նու­թիւնը: Հե­տե­ւա­բար, 28 Մա­յի­սի օրը մեզ կը յու­շէ, թէ­ որ­քան կա­րե­ւոր է ան­կա­խու­թեան համար պայ­քա­րը, նոյն­քան կա­րե­ւոր է ան­կա­խու­թիւնը պա­հե­լու նկրտումը:

Ռ.Ե.- 103 տա­րի ետք, այ­սօր, Հա­յա­սա­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը կր­կին կը դի­մագ­րա­ւէ նոյն հար­ցե­րը, յատ­կա­պէս Ար­ցախ­եան վեր­ջին պա­տե­րազ­մի ահա­ւոր ար­դիւնք­նե­րուն լոյ­սին տակ: ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պատ­մա­կան փորձ ու­նի Ար­ցախ­եան առա­ջին յաղ­թա­կան պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցու­թե­նէն մին­չեւ քա­ռօր­եայ պա­տե­րազ­մը: Կա­րե­լի՞ է ներ­կա­յաց­նել ՀՅ Դաշ­նակ­ցութ­եան դե­րը Ար­ցախ­եան վեր­ջին պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին:

Բ.Պ.- Բո­լո­րին ծա­նօթ է, որ ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը 2018-ի ժո­ղովր­դա­յին այդ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րէն ետք, ինչ որ ձե­ւով փոր­ձեց զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ այդ շար­ժու­մին: Փոր­ձեց իր ներուժը տրա­մադ­րել այդ շարժումի յա­ջո­ղութեան համար, որպէսզի մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­գամ մը եւս հի­աս­թա­փու­թիւն չապ­րի, յու­սա­խա­բու­թիւն չապ­րի, սա­կայն ար­դէն առա­ջին քա­նի մը ամիս­նե­րէն ետք իմա­ցանք, որ այդ շար­ժու­մին ղե­կա­վար­նե­րը դժ­բախ­տա­բար ոչ մէկ պատ­կե­րա­ցում ու­նէ­ին եր­կիր ղե­կա­վա­րե­լու, նոյ­նիսկ տրա­մա­դիր չէ­ին մեր յոր­դոր­նե­րուն ականջ տա­լու, մեր քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծը որ­դեգ­րե­լու, գործակցելու եւ առաջ ըն­թա­նա­լու: Հե­տե­ւա­բար մենք դուրս եկանք այդ օր­ուան կա­ռա­վա­րու­թե­նէն եւ փոր­ձե­ցինք շի­նիչ քն­նա­դա­տու­թիւն­նե­րով սրբագրել իշ­խա­նութ­եան սխալ­նե­րը: Ցա­ւօք անց­նող եր­կու­քու­կէս-երեք տար­ուան ըն­թաց­քին մեր հա­սա­րա­կու­թիւնը պա­ռակտ­ուե­ցաւ, մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը ոտ­նա­կոխ­ուե­ցան, մեր եկե­ղե­ցին ար­հա­մարհ­ուե­ցաւ, մեր բա­նա­կը քայ­քայ­ուե­ցաւ եւ մենք տե­սանք թէ այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՛ս ամէն ճիգ թա­փե­ցին վե­րաց­նե­լու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը: Մենք սկիզ­բէն զգու­շա­ցու­ցած էինք մեր ժո­ղո­վուր­դը ըսե­լով, որ այս կա­ցու­թե­նէն կր­նայ օգտ­ուիլ միայն թշ­նա­մին: Մեր հա­սա­րա­կու­թիւնը պա­ռակտ­ուած է, հա­մե­րաշ­խու­թեան մթ­նո­լորտ չկայ, այլ՝ սեւ ու սպի­տա­կի մթ­նո­լորտ կայ: Այս բա­ժա­նում­նե­րը ան­տե­սա­նե­լի չմ­նա­ցին մեր թշ­նամի­ին կողմէ: Ան օգտ­ուե­լով այս կա­ցու­թե­նէն տա­րի­նե­րու իր երա­զը փոր­ձեց իրա­կա­նաց­նել՝ հրահ­րե­լով 27 Սեպ­տեմ­բե­րի պա­տե­րազ­մը: Պա­տե­րազ­մի առա­ջին վայրկ­եան­նե­րէն Դաշ­նակ­ցութ­եան Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նը քաջ գիտ­նա­լով, որ սա պա­տե­րազմ է ոչ թէ իշ­խա­նու­թեան մը դէմ, այլ ամ­բողջ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին դէմ, յայ­տա­րա­րեց որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը իր ողջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներն ու ընդ­դի­մա­խօ­սու­թիւնը մէկ կողմ կը դնէ եւ իր նե­րու­ժը կը տրա­մադ­րէ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին: Այս իմաս­տով առա­ջին վայրկ­եա­նէն մեր կա­մա­ւոր երի­տա­սարդ­նե­րը զի­նուո­րագր­ուե­ցան, եւ գրե­թէ նոյն գի­շե­րը ճա­կատ մեկ­նե­ցան: Մենք յա­ջո­ղե­ցանք լա­րել մեր սփիւռք­եան կա­ռոյց­նե­րու տն­տե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը՝ ի նպաստ պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան գա­լու մեր ճի­գին: Մեր հա­մա­հայ­կա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը, ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րը՝ ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը, Հա­մազ­գա­յի­նը, Հայ Դա­տի գրա­սեն­եակ­նե­րը մղ­ուե­ցան նոյն աշ­խա­տան­քին եւ շնոր­հիւ անոնց մենք Ար­ցա­խի օժան­դա­կու­թեան հա­մար բա­ւա­կան մեծ գու­մար­ներ ապա­հո­վե­ցինք եւ հաս­ցու­ցինք հայ­րե­նիք, փոր­ձե­ցինք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով օր­ուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն որոշ ուղ­ղու­թիւն տալ, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է վա­րել պա­տե­րազ­մը, փոր­ձե­ցինք կազ­մա­կեր­պել կա­մա­ւո­րա­կան շտապ­նե­րը, բայց դժ­բախ­տա­բար մենք դէմ յան­դի­ման գտն­ուե­ցանք այն­պի­սի ապի­կար իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, որոնք որե­ւէ ձե­ւով տրա­մա­դիր չէ­ին մեր ցուց­մունք­նե­րուն, մեր յոր­դոր­նե­րուն հե­տե­ւե­լու եւ ստա­ցանք այն ինչ որ այ­սօր ու­նինք։ 44 օր մեր հա­սա­րա­կու­թիւնը սու­տի մթ­նո­լոր­տի մէջ պահ­ուե­ցաւ, սա­կայն մենք այդ բո­լո­րը կր­ցանք տես­նել առա­ջին օրէն:

Ռ.Ե.- Այ­սօր, պա­տե­րազ­մէն ետք, կա­մա­ւո­րա­կան շար­ժու­մը ինչ­պի­սի՞ աշ­խա­տանք­ներ ստանձ­նած է։

Բ.Պ.- Կա­մա­ւո­րա­կան խում­բե­րը մէկ ընդ­հա­նուր ծրագ­րի մաս կը կազ­մեն։ 2017-2018 թուա­կան­նե­րուն, երբ մենք կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մե­ցինք, մենք յա­ռաջ մղե­ցինք նոր հա­յե­ցա­կարգ մը, քա­նի որ կ’ապ­րէ­ինք շր­ջա­փակ­ման եւ պա­տե­րազ­մի վտան­գին դէմ յան­դի­ման։ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հա­յե­ցա­կարգ մը, որուն մէջ ազգ-բա­նակ հաս­կա­ցու­թիւնը հիմ­նա­կան տեղ կը գրա­ւէր։ Այ­սինքն պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ մեր ազ­գին ամ­բողջ նե­րու­ժը պի­տի տրա­մադր­ուէր բա­նա­կին, իսկ խա­ղա­ղու­թեան օրե­րուն, մեր ողջ տն­տե­սու­թիւնը՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թիւնը, ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թիւնը, ջեր­մու­ժի եւ այլ կա­ռոյց­նե­րը պէտք է աս­տի­ճա­նա­բար ինք­նա­բաւ դառ­նա­յին, որ­պէս­զի պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն ծա­ռա­յէ­ին ազ­գին: Այս հա­յե­ցա­կար­գը առա­ջար­կած էինք վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պետ­եա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան օրով եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րին մաս կը կազ­մէր ան։ Դժ­բախ­տա­բար նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու օրով այս հաս­կա­ցու­թիւնը ամ­բող­ջու­թեամբ չեղ­եալ հա­մար­ուե­ցաւ։ Հա­կա­ռակ անոր, մենք մեր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը յայտ­նե­ցինք, կա­մա­ւոր­ներ հա­մախմ­բե­լու եւ դնե­լու բա­նա­կին հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ եւ զա­նոնք տրա­մադ­րե­լու Հա­յոց բա­նա­կին պա­տեր­ա­զմա­կան որե­ւէ պա­րա­գա­յի։ Եւ այդ էր որ պա­տա­հե­ցաւ վեր­ջին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին: Կա­մա­ւոր տղա­քը, որոնք պատ­րաստ իրա­վի­ճա­կի մէջ էին, երբ պա­հը հա­սաւ, ան­մի­ջա­պէս մեկ­նե­ցան դիր­քեր։
Այ­սօր եւս նոյն ձե­ւով այդ տղա­քը կը պատ­րաստ­ուին եւ պի­տի պատ­րաստ­ուին։ Այս հա­յե­ցա­կար­գը ոչ միայն Դաշ­նակ­ցու­թեան, այլ ողջ մեր հա­սա­րա­կու­թեան ճի­գը պէտք է ըլ­լայ, որ­պէս­զի ազ­գո­վին պատ­րաստ ըլ­լանք բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու՝ երբ պա­հը կը պար­տադ­րէ այս մէ­կը։ Ազգ-բա­նակ կը նշա­նա­կէ, որ մենք ազ­գո­վին պատ­րաստ պի­տի ըլ­լանք պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի։

Ռ.Ե.- Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զերծ­ուած վեր­ջին պա­տե­րազ­մին մենք կորսն­ցու­ցինք այն­պի­սի տա­րածք­ներ, որոնք երե­սուն տա­րի շա­րու­նակ պա­հած էին Հա­յաս­տա­նի թի­կուն­քը։ Օրա­կար­գի վրայ կը բեր­ուին անձ­նատ­ուա­կան այն­պի­սի փաս­տա­թուղ­թեր, որոնք գո­յու­թե­նա­կան սպառ­նա­լիք են մեր հայ­րե­նի­քին ու ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, իսկ այս բո­լո­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան առանց սպա­սե­լու խորհր­դա­րա­նա­կան ըն­տրու­թիւն­նե­րուն։ Ինչ­պէ՞ս կ’ար­ժե­ւո­րէք այս իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, իսկ այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ ՀՅԴ-ն ի՞նչ աշ­խա­տանք ու­նի տա­նե­լիք մին­չեւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։

Բ.Պ.- Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու զի­ջո­ղա­կան այս ըն­թաց­քը նոր չէ, ան­շուշտ պա­տե­րազ­մէն առաջ ալ գո­յու­թիւն ու­նէր, դժ­բախ­տա­բար պա­տե­րազ­մը եկաւ հաս­տա­տե­լու, որ մեր պե­տա­կա­նու­թիւնը չկր­ցաւ պաշ­տպա­նել եր­կի­րը թէ՛ յար­ձա­կու­մէն, թէ ալ պա­տե­րազ­մի աւար­տէն ետք տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րէն։ Այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ցոյց տուին, որ ան­կա­րող են եր­կի­րը ղե­կա­վա­րե­լու, ցոյց տուին որ ծրա­գիր չու­նին, ընդ­հա­կա­ռա­կն. միայն աւեր գոր­ծած են, հե­տե­ւա­բար պէտք է իշ­խա­նու­թեան ղե­կը յանձ­նեն նոր ու­ժե­րու։ Երբ պա­տե­րազ­մի աւար­տը յայ­տա­րար­ուե­ցաւ եւ այդ չա­րա­փաս­տիկ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագր­ուե­ցաւ, մենք յայտ­նե­ցինք, որ այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­կա­րող են, հե­տե­ւա­բար պէտք է երկ­րի ղե­կը յանձ­նեն այլ ու­ժե­րու, որով­հե­տեւ տե­սիլք չու­նին, ծրա­գիր չու­նին։
Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով ալ փո­ղոց իջանք, փոր­ձե­ցինք մեր ժո­ղո­վուր­դին իրա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նել, ժո­ղո­վուր­դին ցոյց տալ որ ելք կայ, լու­ծում կայ, սա­կայն ոչ այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Մենք մեր այս ցու­ցա­կան շար­ժում­նե­րով յա­ջո­ղե­ցանք ստի­պել իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, որ ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պեն։ Ի մի­ջի այ­լոց ար­տա­կարգ ընտ­րու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան, որով­հե­տեւ իրա­վի­ճա­կը ար­տա­կարգ է, մենք մեծ տա­րածք­ներ կորսն­ցու­ցած ենք, ու­նինք հա­զա­րա­ւոր զո­հեր, վի­րա­ւոր­ներ, եւ թշ­նա­մին ամէն վայրկ­եան կը սպառ­նայ մեր սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րուն։ Ներ­կա­յիս կը խօս­ուի գաղտ­նի փաս­տա­թուղ­թե­րու մա­սին, որոնք գաղտ­նի ձե­ւով կը մշակ­ուին, առանց հան­րութ­եան իրա­զե­կու­թեան, նպա­տա­կը Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­զա­տու­մը ճշ­դելն է։ Այս բո­լոր հար­ցե­րը մենք պի­տի փոր­ձենք ժո­ղովր­դա­յին ճն­շում բա­նեց­նե­լով, ցոյ­ցե­րով, մա­մու­լով կա­սեց­նել, որ­պէս­զի իրա­զեկ դարձ­նենք ժո­ղո­վուր­դը, որ հրա­ժար­եալ վար­չա­պետ մը իրա­ւա­սու­թիւն չու­նի ստո­րագ­րե­լու որե­ւէ փաս­տա­թուղթ։ փաս­տա­թուղթ, որ մեր ապա­գայ իրա­ւունք­նե­րը, մեր եր­կի­րը վտան­գի կ’են­թար­կէ։

Ռ.Ե.- Խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Դաշ­նակ­ցու­թիւնը կը մաս­նակ­ցի «Հա­յաս­տան» դա­շինքով։ Կա­րե­լի՞ է ներ­կա­յաց­նել այս դա­շին­քին մաս կազ­մող ու­ժե­րուն քա­ղա­քա­կան մի­աց­եալ յայ­տա­րա­րը։

Բ.Պ.- Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Դաշ­նակ­ցու­թիւնը միշտ մաս­նակ­ցած է առան­ձին: Մենք նա­խընտ­րած ենք մեր դի­մա­գի­ծով ներ­կա­յա­նալ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը ար­տա­կարգ ընտ­րու­թիւն­ներ են: Հա­յաս­տա­նի մէջ գո­յու­թիւն ու­նին եր­կու ճամ­բար­ներ՝ ճամ­բար մը, որ կը ղե­կա­վա­րէ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւնը, որուն հա­մար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան գո­յու­թիւնը ինք­նան­պա­տակ է, եւ մենք տկար ըլ­լա­լով, առան­ձին ըլ­լա­լով պէտք է զի­ջինք մեր տա­րածք­նե­րը եւ պատ­մա­կան իրա­ւունք­նե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­նանք լե­զու գտ­նել մեր դրա­ցի­նե­րուն հետ, խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տել եւ ապ­րիլ այս մի­ջա­վայ­րին մէջ։
Կայ նա­եւ միւս ճամ­բա­րը (որուն հա­ւա­տա­ցող­նե­րէն եղած ենք մին­չեւ այ­սօր), որ կ’ըսէ, թէ մենք կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն ու­նինք զար­գա­նա­լու առանց զի­ջե­լու մեր տա­րած­քա­յին, պատ­մա­կան իրա­ւունք­նե­րը։ Այս մէ­կը փաստ­ուած է անց­եա­լին։ Մենք երե­սուն տա­րի զար­գա­ցած ենք առանց զի­ջե­լու, երե­սուն տար­ուան ըն­թաց­քին կր­ցանք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ մտց­նել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հե­տապն­դու­մը եւ շատ մը եր­կիր­ներ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի տես, ըն­դու­նե­ցին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ հե­տե­ւանք­նե­րու սր­բագ­րու­մը կա­րե­ւոր են կան­խե­լու ապա­գայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը, մենք վեր­ջին պա­տե­րազ­մին տե­սանք, թէ հա­յու­թիւնը այս տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մնա­յուն սպառ­նա­լի­քի տակ է, հե­տե­ւա­բար շատ կա­րե­ւոր է որ մեր դրա­ցի­նե­րը ճանչ­նան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ հա­տու­ցեն, սր­բագ­րեն անոր հե­տե­ւանք­նե­րը։
Այս ճամ­բա­րին մա­սին խօ­սե­լով աւելց­նեմ, որ այ­սօր կայ նա­եւ մտա­ծո­ղու­թիւն մը, որուն ռահ­վի­րա­նե­րէն կա­րե­լի է սե­պել Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, որ կը ձգտի ձեռք­բե­րե­լ մեր պատ­մա­կան տա­րած­քա­յին իրա­ւունք­նե­րը։
Այս եր­կու տար­բեր ճամ­բար­նե­րուն մաս կազ­մող ու­ժե­րը պի­տի մաս­նակ­ցին Յու­նի­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ Հե­տե­ւա­բար Դաշ­նակ­ցութ­եան հա­մար կա­րե­ւոր չէ, թէ եկող խորհր­դա­րա­նին մէջ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը քա­նի՞ աթոռ կամ ման­դատ կ’ու­նե­նայ, այլ կա­րե­ւո­րը այս փու­լին պար­տու­թեան մատ­նելն է այն մտա­ծո­ղու­թիւնը, որ կ’ըսէ, թէ Հա­յաս­տան պէտք է զի­ջի, որ­պէս­զի խա­ղաղ ապ­րի։ Մենք կ’ըսենք, որ փաս­տը ցոյց տուաւ որ ձեր զի­ջում­նե­րով միայն պա­տե­րազմ բե­րիք: Մենք կր­նանք պա­տե­րազ­մը կան­խել եւ խա­ղա­ղու­թիւն պար­տադ­րել մեր թշ­նամի­ին, եթէ մեր գի­տու­թեամբ, մեր բա­նա­կով, մեր յա­ռաջ­դի­մութ­եամբ կա­րե­նանք ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն ապա­հո­վել մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, որով­հե­տեւ եթէ այդ ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը խախ­տի ի նպաստ մեր թըշ­նամի­ին, ան պի­տի շա­րու­նա­կէ յար­ձա­կիլ։ Ի մտի ու­նե­ցէք, որ հա­մա­թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը հա­րիւ­րամ­եա­կէ մը ի վեր կը բա­նի եւ պի­տի բա­նի եւ այդ ծրագ­րին հիմ­նա­կան խո­չըն­դո­տը Հա­յաս­տանն է, Սիւ­նիքն է, Զան­գե­զուրն է: Ուս­տի, եթէ մենք կորսն­ցու­ցինք զա­նոնք, ոչ մէկ ար­ժէք պի­տի ներ­կա­յաց­նենք, ո՛չ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, ոչ ալ հա­մաշ­խար­հա­յին ըն­տա­նի­քին մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ար­ժէ­քը այն է, որ ան կը գտն­ուի խաչ­մե­րու­կի վրայ եւ այդ խաչ­մե­րու­կը հիւ­սիս-հա­րաւ, արե­ւելք-արեւ­մուտք իրա­րու կա­պողն է։ Այդ խաչ­մե­րու­կը ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի թէ՛ փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու իմաս­տով, թէ՛ ջեր­մու­ժի փո­խա­նակ­ման իմաս­տով եւ թէ քա­ղա­քա­կան իմաս­տով։ Ուս­տի մենք պէտք չէ անոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ձրի­օ­րէն մս­խենք: Մենք պէտք է տէ­րը ըլ­լանք այդ կա­րե­լիու­թեան եւ այն­պէս մը բա­նակ­ցինք, որ այդ կա­րե­լիու­թեան դի­մաց պատ­կա­ռանք պար­տադ­րենք մեր շր­ջա­պա­տին, որ­պէս­զի յար­գե­լով մե­զի հետ գոր­ծակ­ցին ո՛չ թէ ու­ժի դիր­քե­րէ, այլ՝ շա­հե­րու դիր­քե­րէ։ Ուս­տի շատ կա­րե­ւոր է, որ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մենք պար­տու­թեան մատ­նենք միւս ճամ­բա­րը, նի­կո­լա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը, նի­կո­լիզ­մը։ Այս մտա­ծո­ղու­թիւնը կր­նայ գո­յա­տե­ւել նոյ­նիսկ Նի­կո­լի պար­տու­թե­նէն վերջ, որով­հե­տեւ սա նո­րու­թիւն չէ, Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նը՝ Հա­յաս­տա­նի առա­ջին նա­խա­գա­հը, նոյն­պի­սի մտա­ծում ու­նէր։ Վեր­ջերս ալ ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ ըսե­լով, որ մեր ան­զի­ջո­ղա­կա­նու­թիւնն է, որ մեզ հոս հաս­ցուց, իսկ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը կ’ըսէ՝ մեր ան­զի­ջո­ղա­կա­նու­թիւնն է, որ երե­սուն տա­րի պար­տադ­րեց խա­ղա­ղու­թիւն եւ մենք կր­ցանք մեր եր­կի­րը շենց­նել, զար­գաց­նել, բայց մեր զի­ջո­ղա­կա­նու­թիւնն է, որ մեզ տկար դիր­քե­րու վրայ դրաւ եւ առիթ տուաւ, որ թշ­նա­մին մեզ ոտ­նա­կո­խէ։
Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը բե­ւե­ռա­ցած մթ­նո­լոր­տի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան, մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր չէ մեր աթոռ­նե­րուն թիւը, կա­րե­ւո­րը պար­տու­թեան մատ­նելն է միւս մտա­ծո­ղու­թիւնը։ Դա­շին­քը, որ կազ­մե­ցինք այս մտա­ծո­ղու­թեան տէր ու­ժե­րու հետ է։ Անոր մաս կազ­մեն «Վե­րած­նուող Հա­յաս­տան» կու­սակ­ցու­թիւնը, որ Սիւ­նի­քի մէջ հիմ­նադր­ուած է եւ ընդ­հան­րա­պէս սիւ­նե­ցի­նե­րէ կը բաղ­կա­նայ: Սիւ­նի­քը այ­սօր հիմ­նա­կան առանց­քը կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի շուրջ եղած այս տագ­նա­պին: Դա­շին­քին մաս կը կազ­մէ նախ­կին նա­խա­գահ Ռո­պերթ Քո­չար­եա­նը, որ իր նա­խա­գա­հու­թեան ըն­թաց­քին փոր­ձա­ռու­թեամբ եր­կի­րը շէնց­ուցած ու զար­գաց­ուցած է մի­ջոց­նե­րը: Ան բա­զում կա­րե­լիու­թիւն­ներ ու­նե­ցող պե­տա­կան այր է, որ կը բաժ­նէ մեր տե­սա­կէտ­նե­րը՝ առանց զի­ջե­լու Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման տե­սա­կէ­տը: Ան լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի մեր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից Ռուս­իոյ հետ, կա­ռա­վար­ման լաւ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի: Այս պատ­ճառ­նե­րով մենք դա­շինք կազ­մե­ցինք այս եր­կու ու­ժե­րուն հետ: Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կը ներ­կա­յա­նանք մի­աց­եալ ցու­ցա­կով, այդ ցու­ցա­կին մէջ իւ­րա­քան­չիւր տա­սը ան­ուան չոր­սը դաշ­նակ­ցա­կան մեր ըն­կեր­նե­րը պի­տի ըլ­լան, մի­աս­նա­բար է որ պի­տի փոր­ձենք իշ­խա­նու­թիւն ձե­ւա­ւո­րել եթէ յա­ջո­ղինք, եւ յու­սամ որ կը յա­ջո­ղինք: Այս ձե­ւով մենք պի­տի կա­րե­նանք պար­տու­թեան մատ­նել այն մտա­ծո­ղու­թիւնը, որ քիչ առաջ կը շեշ­տէի, որ պար­տուո­ղա­կան է, որ զի­ջո­ղա­կան է, որ չի հա­ւա­տար հա­յու նե­րու­ժին, չի հա­ւա­տար հա­յու կա­րո­ղա­կա­նու­թեան, չի հա­ւա­տար Սփիւռ­քի օժան­դա­կու­թեան, չի հա­ւա­տար Ար­ցա­խի յա­մա­ռու­թեան, չի հա­ւա­տար այս ամ­բողջ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն եւ կը դի­մէ շատ աժան, շատ դիւ­րին մի­ջոց­նե­րու՝ պար­զա­պէս զի­ջում­ներ կա­տա­րե­լով: Պատ­մու­թիւնը ցոյց կու տայ, որ իւ­րա­քան­չիւր զի­ջու­մի պա­րա­գա­յին, յա­ւել­եալ պա­հանջ­ներ կը դր­ուին մեր դի­մաց: Հիմ­նա­կա­նին մէջ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մենք պի­տի մաս­նակ­ցինք այս ձե­ւա­չա­փով, այս ան­գամ առա­ջին ան­գամն է, որ մենք դա­շին­քով կը մաս­նակ­ցինք: Յոյ­սով եմ որ յաղ­թա­կան դուրս կու գանք:

Ռ.Ե.- Իսկ որո՞նք են այս դա­շին­քին այլ ու­ժե­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Բ.Պ.- Մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին ար­դէն յայտ­նե­ցինք, որ դա­շին­քը «Հա­յաս­տան» կը կոչ­ուի եւ պէտք է մեր սփիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րը յայ­տա­րա­րեն, որ սփիւռ­քը «Հա­յաս­տան» դա­շինքին հետ է: Սա ան­շուշտ եր­կու իմաստ ու­նի, թէ՛ դա­շին­քին հետ ըլ­լալ եւ թէ Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րուն կող­քին ըլ­լալ: Ու­րեմն այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն սեմին բա­ցառ­ուած է որե­ւէ գոր­ծակ­ցութիւն այն ու­ժե­րուն հետ, որոնք այս իշ­խա­նութեան հետ են, որով­հե­տեւ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս տար­բեր ճամ­բար­նե­րու մէջ կը գտն­ուինք եւ ան­կա­րե­լի է հա­մա­տե­ղել իրա­րա­մերժ մօ­տե­ցում­ներ: Եթէ մենք իշ­խա­նու­թեան գանք, ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան նոր հա­յե­ցա­կարգ պի­տի մշա­կենք եւ այդ հա­յե­ցա­կար­գը պէտք է ըլլայ այն­պի­սին, որ ըն­դու­նելի համարուի մեր ազգին կողմէ եւ ան­շե­ղօ­րէն գոր­ծադ­րե­լի ըլ­լայ: Հե­տե­ւա­բար, որե­ւէ քա­ղա­քա­կան ուժ, որ կը հա­ւա­տայ այն հայեցակարգին, որ կը թելադրէ Հա­յաս­տա­նը զար­գաց­նե­լ առանց զի­ջում­ներ կա­տա­րե­լու, մենք պատ­րաստ ենք անոր հետ գոր­ծակ­ցե­լու: Ի մի­ջի այ­լոց ըսեմ, որ «Հա­յաս­տան» դա­շինքը փոր­ձեց ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րէն խոս­տում առ­նել, որ կը բա­ցա­ռեն գոր­ծակ­ցու­թիւնը այս դա­ւա­ճա­ն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ: Պէտք է ըսել, որ «Պա­տիւ Ու­նեմ» դա­շին­քը, որ բաղ­կա­ցած է Ար­թուր Վա­նեց­եա­նէ եւ Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թե­նէ, յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը բա­ցա­ռեց գոր­ծակ­ցու­թիւնը այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, այլ ու­ժեր եւս բա­ցա­ռե­ցին այդ մէ­կը, բայց կան տա­կա­ւին ու­ժեր, որոնք չեն ար­տա­յայտ­ուած կամ չեն բա­ցա­ռած այդ գոր­ծակ­ցու­թիւնը: Այս է իրա­վի­ճա­կը: Մենք կը նա­խա­տե­սենք, որ խորհրդարան կը հասնին այն ուժերը, որոնք կը բա­ցա­ռեն այս իշ­խա­նու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թիւնը:

Ռ.Ե.- Ըն­կե՛ր Բեն­ի­ա­մին, այ­սօր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իրա­վի­ճա­կը կը պար­զէ այն­պի­սի քա­ոս մը, ուր ոտ­նա­հար­ուած են սահ­մա­նադ­րա­կան կարգն ու կա­նո­նը, Ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի ահա­ւոր ար­դիւնք­նե­րը ճն­շող են: Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան դի­տան­կիւ­նէն որո՞նք են յետ ընտ­րու­թեան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու առաջ­նա­հերթ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

Բ.Պ.- Ամէ­նէն կա­րե­ւոր քայլը, որ յետընտ­րու­թիւն­նե­րուն պի­տի կա­րե­նանք առնել, պարտ­ուա­ծի հո­գե­վիճակը շր­ջելն է: Դժ­բախ­տա­բար այ­սօր շատ ծանր հար­ուած ստա­ցած ենք, եւ մեր հա­սա­րա­կու­թիւնը կը գտն­ուի այն­պի­սի հոգեվի­ճա­կի մը մէջ, որ տա­կա­ւին ինք­զինք չէ գտած: Ան­շուշտ դժ­ուար է հա­մա­կեր­պիլ այս իրա­վի­ճա­կին հետ, սա­կայն մենք շատ աւե­լի ծանր օրեր տե­սած ժո­ղո­վուրդ ենք, պէտք է յի­շել 90-ական թուա­կան­նե­րու սկիզ­բը, երբ տա­կա­ւին բա­նակ չկար, Ար­ցա­խի հետ ցամաքային ճամբայ չկար, այ­սօր­ուան Հա­յաս­տա­նի զէն­քե­րը չկա­յին, թշ­նա­մին շատ աւե­լի ծանր զէն­քեր ու­նէր, քան մեր կա­մա­ւոր­նե­րը, սա­կայն մենք կր­ցանք կեր­տել բա­նակ, յա­ջո­ղիլ եւ ազա­տագ­րել հս­կայ տա­րածք­ներ: Սա կը պար­տինք մեր ժո­ղո­վուր­դի մար­տու­նա­կու­թեան, հա­ւատ­քին, կազ­մա­կերպ­ուա­ծու­թեան: Այ­սօր եւս պէտք է հա­ւա­տանք ապա­գա­յին, հա­ւա­տանք, որ մենք կրնանք մեր իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­նալ: Սա շատ կա­րե­ւոր է, որ­պէս­զի պարտ­ուա­ծի հո­գե­վիճակը յաղթահարենք։ Ան­շուշտ բոլորս կը ձգտինք խա­ղա­ղու­թեան, որե­ւէ մէկը չի փա­փա­քիր պա­տե­րազմ հրահ­րել, բայց խա­ղա­ղու­թիւն ապա­հո­վե­լու հա­մար պէտք է պատ­րաստ ըլ­լանք պա­տե­րազ­մին, ամե­նա­հիմ­նա­կան հար­ցը այս է: Պէտք է պատ­րաստ ըլ­լանք պա­տե­րազ­մին, որ­պէս­զի կա­րե­նանք խա­ղա­ղու­թիւն պար­տադ­րել: Խա­ղա­ղու­թիւնը կը պար­տադր­ուի, ոչ թէ հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րով կ՛առն­ուի: Մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր է, որ ապա­գայ Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր պատ­մա­կան եւ տա­րած­քա­յին իրա­ւունք­նե­րու հար­ցը հու­նի մէջ դր­ուի եւ մենք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով, հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով, մեր դաշ­նա­կից­նե­րու մի­ջո­ցով, մեր ճի­գե­րով կա­րե­նանք տի­րա­նալ մեր կորս­ն­ցու­ցած իրա­ւունք­նե­րուն: Կա­րե­ւոր է դրա­ցի­նե­րուն հետ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լը: Վրաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, օրի­նակ, մենք կա­րե­ւոր կը նկա­տենք Վրաս­տա­նի դե­րը այդ իմաս­տով, որով­հե­տեւ ան տա­րան­ցիկ ճամ­բայ ու­նի դէ­պի Ռուս­իա, դէ­պի մեր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կի­ցը: Կա­րե­ւոր կը նկա­տենք Իրա­նի հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Իրա­նը մեր լաւ գոր­ծըն­կերն է թէ՛ տն­տե­սա­կան, թէ՛ ջեր­մու­ժի եւ ճա­նա­պար­հա­յին միասնական։ ծրագիրներու առումով։ Եթէ հիւ­սիս-հա­րաւ ճա­նա­պար­հը պի­տի կա­ռուց­ուի, Իրա­նի օժան­դա­կու­թեամբ պի­տի ըլ­լայ: Մենք կը հա­ւա­տանք, որ իշ­խա­նու­թեան գա­լով կրնանք այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զարգացնել, մեր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից Ռուս­իոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խորացնել փոխվս­տա­հու­թեան, ոչ թէ են­թա­կա­յու­թեան մթ­նո­լոր­տի մէջ, ինչ­պէս որ է այ­սօր դժ­բախ­տա­բար: Այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եր­կու­քու­կէս-երեք տա­րի շա­րու­նակ ան­տե­սե­ցին մեր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կի­ցին հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ այ­սօր պա­տե­րազ­մի աւար­տին, անոնք ստիպուած մեր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կի­ցին են­թա­կա­յու­թեան տակ կը գտն­ուին, ոչ թէ հա­ւա­սար յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ: Մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր է անմիջապէս ապահովել գե­րի­նե­րու վե­րա­դար­ձը: Գերիներու վերադարձի ձգձգումը եւս այ­սօր­ուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ապի­կա­րու­թեան ար­դիւնք է: Երբ հրա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գրութիգնը ստո­րագր­ուե­ցաւ, այդ­տեղ պայ­ման դր­ուած էր, որ բո­լոր գե­րի­նե­րը բո­լո­րի դէմ փո­խա­նակ­ուին։ Հայ­կա­կան կող­մը, ցաւօք, իր բո­լոր վեր­ցու­ցած գե­րի­նե­րը վե­րա­դար­ձուց առանց դի­մա­ցը ստա­նա­լու բո­լոր գե­րե­վար­ուած հա­յոր­դի­նե­րը: Այսօր, պե­տա­կան շր­ջա­նա­կա­նե­րու մէջ յս­տակ չէ անգան թիւը մեր գե­րե­վար­ուած տղոց: Ուս­տի մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կու­թեան ճն­շում­նե­րով, մեր ռազ­մա­կա­վա­րա­կան ճն­շում­նե­րով պէտք է կա­րե­նանք վերադարձնել մեր բո­լոր գե­րի­նե­րը, պէտք է կա­րե­նանք այդ պա­տե­րազ­մին հետեւանքով հաշ­ման­դամ դար­ձած մեր բո­լոր զինուորական ­ծա­ռա­յող­նե­րուն ըն­կե­րա­յին օժան­դա­կու­թիւն եւ աշխատանք ապահովել: Մենք պէտք է կա­րե­նանք նա­եւ նա­հա­տակ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն ըն­կե­րա­յին-տն­տե­սա­կան օժան­դա­կու­թիւն ապա­հո­վել, եւ իրենց երե­խա­նե­րուն ապա­գան լաւ հու­նի մէջ դնել: Այս բո­լո­րին կողքին, հարկ է նկատի ունենալ նաեւ, որ Հա­յաս­տա­ն տարածաշրջանին մէջ տա­րան­ցիկ եր­կիր է: Ի վեր­ջոյ ամ­բողջ պայ­քա­րը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ այդ տա­րան­ցի­կու­թիւնը մեր ձեռ­քէն խլելու հա­մար: Եթէ թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը յա­ջո­ղի, այ­սինքն արե­ւելք-արեւ­մուտք գի­ծը բաց­ուի, Սիւ­նի­քը կորսնց­նենք, այդ պա­րա­գա­յին այդ տա­րան­ցի­կու­թեան ար­ժէքը կը կորսնց­նենք: Վս­տահ եղէք, որ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք եթէ ձեւաւորուի նոր իշ­խա­նու­թիւն, որուն մաս պի­տի կազ­մենք նաեւ մենք, օր ու գի­շեր պի­տի աշ­խա­տինք, որ­պէս­զի այս դժ­ուար պայ­ման­նե­րէն դուրս գանք: Իրականութեան մէջ ժողովուրդը տն­տե­սա­կան ճգ­նա­ժա­մէն, շր­ջա­փա­կու­մէն, քա­ղա­քա­կան մե­կու­սա­ցու­մէն, պար­տուո­ղա­կա­նու­թե­նէն դուրս բե­րելու, հա­մե­րաշ­խու­թիւն տա­րա­ծելու, մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէջէն ատե­լու­թիւնը վե­րաց­նելու համար մեծ ներուժի կարիք կայ: Աւելին ըսեմ՝ մենք հայ­հո­յանք­նե­րով, լու­տանք­նե­րով իրարու դիմող ժողովուրդ չենք: Մենք ար­ժէք­ներ ու­նե­ցող, ար­ժա­նիք­նե­րու հա­ւա­տա­ցող, հա­ւատք ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ ենք։ Սակայն, դժ­բախ­տա­բար, այս եր­կու­քու­կէս տար­ուան ըն­թաց­քին այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ամէն ինչ ըրին մեզ բա­րո­յա­կան ոչն­չու­թեան առաջ­նոր­դե­լու, մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ արա­տա­ւոր երե­ւոյթ­ներ սեր­մա­նե­լու, մար­դոց ամե­նա­վատ տե­սա­կը մէջ­տեղ հա­նե­լու համար: Դժ­բախ­տա­բար այս եղաւ իրենց մօ­տե­ցու­մը, որուն շր­ջան­ցու­մը ­ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի՝ վե­րա­դարձ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դը իր եր­բեմ­նի ար­ժա­նիք­նե­րուն, իր պատ­մա­կան ար­ժէք­նե­րուն, իր հե­րոս­նե­րուն, իր եկե­ղեցի­ին, իր լեզ­ուին, իր մշա­կոյ­թին, իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, իր հայր­եա­սի­րու­թեան, իր Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք մէ­կու­թեան: Այս բո­լոր երե­ւոյթ­նե­րը մեր առ­ջեւ պի­տի ծա­ռա­նան: Մենք օր ու գի­շեր պի­տի աշ­խա­տինք, որ­պէս­զի վե­րա­դարձ­նենք այս ար­ժէք­ներն ու ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րու­նակ ոգին: