ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան խա­ղա­ցող Օմար Սո­ման, եւ պաշտ­պա­նո­ղա­կան խա­ղա­ցող Ահ­մատ ալ Սա­լեհ վի­րա­ւոր ըլ­լալ­ով պի­տի բա­ցա­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նի յա­ռա­ջի­կայ հան­դի­պում­նե­րէն:
– Սուր­իոյ պաս­քե­թի հա­ւա­քա­կա­նը շա­րու­նա­կե­լով իր ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քը, Կա­զա­նի մէջ ունե­ցաւ երեք բա­րե­կա­մա­կան հան­դի­պում­ներ, որոնց­մէ եր­կու­քը յաղ­թա­կան աւար­տեց:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ԶԷՆԱՏՏԻՆ ԶԻՏԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Անց­եալ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին Ռէ­ալ Մատ­րի­տի գլ­խա­ւոր մար­զիչ Զէ­նատ­տին Զի­տան իր հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց: Ակում­բը պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դու­մով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ֆրան­սա­ցի մաս­նա­գէ­տին, նշե­լով, որ ան մայ­րա­քա­ղա­քի խում­բին հետ ար­ձա­նագ­րած է փայ­լուն նուա­ճում­ներ եւ ար­ժա­նա­ցած է զա­նա­զան տիտ­ղոս­նե­րու:
Զի­տա­նի հրա­ժա­րա­կա­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, վար­չա­կազ­մը սկ­սաւ խում­բին նոր մար­զիչ ապա­հո­վե­լու  իր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: Ըստ սպա­նա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու, մար­զի­չի գլ­խա­ւոր թեկ­նա­ծու­ներն են՝ Ին­թըր Մի­լա­նի մար­զիչ Ան­թոն­իոյ Քոն­թին եւ Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նի ներ­կայ մար­զիչ Փո­քի­թինի­օն:
ՎԻԼԱ ՌԷԱԼԸ ԵՒՐՈՊԱ ԼԻԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Պատ­մու­թեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Սպան­իոյ Վի­լա Ռէ­ա­լը յա­ջո­ղե­ցաւ տի­րա­նալ Եւ­րո­պա Լի­կի ախոյ­եա­նու­թեան, աւար­տա­կան մր­ցու­մին պար­տու­թեան մատ­նե­լով Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը՝ 10-11 ար­դիւն­քով: Հան­դի­պու­մի հիմ­նա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը աւար­տե­ցաւ 1-1 հա­ւա­սա­րու­թեամբ: Առա­ջին կի­սա­խա­ղին խում­բե­րու խա­ղար­կու­թիւնը ըն­թա­ցաւ յար­ձա­կո­ղա­կան ոգի­ով, եւ խա­ղա­ցող­նե­րը այլ առիթ­ներով վտան­գե­ցին իրար դար­պաս­նե­րը: 29-րդ վայրկ­եա­նին, Վի­լա Ռէ­ա­լի խա­ղա­ցող Ժի­րարտ Մո­րի­նօ կա­տա­րեց կո­լե­րու բա­ցու­մը: Երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին անգլ­ի­ա­կան խում­բի խա­ղա­ցող­նե­րը տի­րա­պե­տե­ցին դաշ­տին եւ կր­ցան Քա­ւանիի  մի­ջո­ցով 59-րդ վայրկ­եա­նին նշա­նա­կել հա­ւա­սա­րու­թեան կո­լը: Զոյգ յա­ւել­եալ ժա­մե­րու խա­ղէն ետք, խում­բե­րը դի­մե­ցին տու­գա­նա­յին հար­ուած­նե­րու եւ բո­լոր խա­ղա­ցող­նե­րը կր­ցան ցն­ցել դար­պաս­նե­րը: Կար­գը հա­սած էր բեր­դա­պահ­նե­րուն. Տի Խի­ան ձա­խո­ղու­թեան մատն­ուե­լով տիտ­ղո­սը նուի­րեց Վի­լա Ռէ­ա­լին: Աւելց­նենք, որ Վի­լա Ռէ­ա­լի մար­զիչ Էմ­րին չոր­րորդ ան­գամն է որ կը տի­րա­նայ սոյն կո­չու­մին: Ան  Եւ­րո­պա Լի­կի բա­ժա­կին նա­խա­պէս ար­ժա­նա­ցած էր Վա­լենս­իոյ եւ Ար­սէ­նա­լի խում­բե­րուն հետ:
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՉԵԼՍԻՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ
Շա­բաթ երե­կոյ­եան Փոր­թու­կա­լի մայրաքաղաք Լիզ­պոն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի Չեմփի­ընզ Լի­կի աւար­տա­կան մր­ցու­մը Անգլ­ի­ա­կան զոյգ խում­բե­րու՝ Չելսիի եւ Ման­չես­թըր Սիթիի մի­ջեւ: Հան­դի­պու­մը աւար­տե­ցաւ 1-0 ար­դիւն­քով,  ի նպաստ Չելսիի: 42-րդ վայրկ­եա­նին հան­դի­պու­մի մի­ակ կո­լը նշա­նա­կեց գեր­մա­նա­ցի խա­ղա­ցող Քայ Հա­ւերթ­սը: Երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին Սիթիի մար­զիկ­նե­րը տի­րա­պե­տե­ցին խա­ղար­կու­թեան եւ անոնց գն­դակ­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն պատ­ճա­ռե­ցին մր­ցա­կի­ցին: Վեր­ջին վայրկ­եա­նին Ռի­ատ Մուհ­րէ­զի գն­դա­կը կր­նար փո­փո­խու­թեան են­թար­կել ար­դիւն­քը, բայց ան դուրս մնաց դար­պա­սի սահ­ման­նե­րէն: Յի­շենք, որ այս երկ­րորդ ան­գամն է որ Չել­սին կ’ար­ժա­նա­նայ սոյն տիտ­ղո­սին:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ