Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, Իրան թէեւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ դիրքերէ հանդէս եկաւ, սակայն այդ մէկը առաւելաբար իր երկրի շահերէն եւ Ատրպէյճանի իրանեան տարածքներուն գծով նկրտումները սանձելու մղումներէն կը բխէր։ Իրան քաջ գիտէր, որ արցախեան պատերազմն ու անոր հետեւանքները ի նպաստ իր ապահովութեան պիտի չզարգանային։
Պատերազմէն ետք, Իրան նկատելով Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ազդեցութեան աճը հարաւային Կովկասի մէջ, յատկապէս իր սահմանին վրայ, բնականաբար պիտի փորձէր պահպանել իր ազդեցութիւնը եւ մասնակցէր տարածաշրջանային համագործակցութեան տարբեր գործընթացներուն։
Իրան-Հայաստան գործակցութիւնն ու ազդեցութիւնը որքան տկարանան, Ատրպէյճան այնքան կարելիութիւն պիտի ունենայ ստեղծելու աշխարհաքաղաքական այնպիսի կացութիւններ, որոնք պիտի  չհամընկնին տարածաշրջանային կայունութեան նախանձախնդիր երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Իրանի շահերուն։
Հայաստանի եւ Իրանի շահերը շատ մը հարցերու մէջ կը համընկնին. Հայաստան կրնայ երաշխաւորել Իրանի հիւսիսային սահմանի ապահովութիւնը՝ թոյլ չտալով որ Ատրպէյճան տէր ըլլայ այնպիսի խաղաքարտերու, որոնք կրնան Իրանի դէմ օգտագործուիլ, իսկ Իրան, բնականաբար, հայ-իրանական սահմանը օգտագործելով Հայաստանին պիտի օժանդակէ տարբեր ոլորտներու մէջ, յատկապէս՝ ապահովական, երթուղիներու  վերանորոգման առումով տնտեսական-շինարարական եւ ռազմաարդիւնաբերական։
Սիւնիքը մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ Իրանի համար, հետեւաբար Հայաստան-Իրան գործակցութեան զարգացումը, յատկապէս Սիւնիքի տարածքի օգտագործման առումով, Ատրպէյճանի  ոտնձգութիւնները ետ մղելու կարեւոր ազդակ կը համարուի։
Իրանական փորձագիտական շրջանակներ կը խօսին նաեւ Նախիջեւանի եւ Հայաստանի տարածքով Պարսից ծոցը Սեւ ծովին կապող երկաթուղագիծի շահագործման, հիւսիս-հարաւ ցամաքային ճամբու օգտագործման մասին: Իրանի քաղաքական գործիչներուն Հայաստան այցելութիւններուն ընթացքին եւս քննարկուած են այսպիսի կարելիութիւններ։
Իրան ջանք կը թափէ իր ներգործօն ազդեցութիւնը պահելու յատկապէս Սիւնիքի շրջանին մէջ, պատրաստակամութիւն յայտնելով ճամբաներու կառուցման եւ շինարարական այլ աշխատանքներու մէջ շօշափելի ներդրումներ կատարելու։
Իրան-Նախիջեւան-Հայաստան երկաթուղագիծը դրական անդրադարձ կրնայ ունենալ Հայաստանին համար ե՛ւ տնտեսական առումով, ե՛ւ ապահովական առումով, սանձելով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտման փորձերը։ Պատահական չէր, որ Իրանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը օրեր առաջ կը դատապարտէր  Ատրպէյճանի Հայաստանի տարածք թափանցումը, շեշտելով որ Իրանի համար կարմիր գիծ է Հայաստանի սահմաններու անխախտելիութիւնը։
Ատրպէյճանի կողմէ կարգ մը տարածքներու բռնագրաւումը ոչ միայն կը վտանգէ, այլեւ անօգտագործելի կրնայ դարձնել նաեւ հայ-իրանական սահմանը՝ Իրանն ու Հայաստանը կախեալ պահելով Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն։
Հայաստան Իրանը Եւրոպային կապող այլընտրանքային ճամբայ է։ Ուստի Հայաստանի հարաւային սահմաններու պահպանման առաջնահերթութիւնը  յառաջիկայ իշխանութիւններուն առաջնահերթ հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ։ ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է, եւ այսպիսի մարտահրաւէրներու լոյսին տակ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին հրաժարականը կը խօսի ներկայ իշխանութիւններուն ոչ-գործուն աշխատանքին մասին, որուն հետեւանքով ալ այսօր վտանգուած է Հայաստանի հարաւային սահմանը, իսկ ատրպէյճանական թափանցումները միջազգային ընտանիքին եւ ՀԱՊԿ-ին կողմէ կը մնան գրեթէ անարձագանգ։
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները ճակատագրական ազդեցութիւն կրնան ունենալ երկրի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան էական հարցերուն մէջ։ Հարցեր, որոնք փակուղիի մէջ մտան նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հետեւանքով։