Նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանին։

Դպրաց աստիճան ստացան հետեւեալ դպրեվանեցիները.- Յակոբ Ճուլֆայեան, Յակոբ Սրապոնեան, Նշան Ասդրեան, Յովսէփ Գալայճեան, Վարդան Թովմասեան, Սարգիս Նահապետեան, Զոհրապ Պչաքճեան, Յովհաննէս Սաղըրեան, Ճորճ Սաղըրեան եւ Քրիստ Փոստաճեան։ Կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան-. Յակոբ Ճուլֆայեան, Երուանդ Պիթարեան, Վարդան Ասայեան, Գէորգ Եագուպեան, Երուանդ Սուրէն Եղիայեան, Ներսէս Իսահակեան, Գէրոգ Կրպոյեան եւ Վահէ Ֆիլիքեան։

Ձեռնադրութեան աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազանը յորդորելով ընծայեալները՝ ըսաւ, որ գիտակից եւ լուրջ պատասխանատուութիւն պահանջող աստիճանները ստանալէ ետք, հարկ է յանձնառութեամբ մօտենալ այս կոչումին։ Ան նշեց, որ կարեւոր եւ ճակատագրական պայման մը կը ճշդուի ծառայութեան ճամբուն վրայ, որն է Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընելը, եւ յիշեցուց, որ պայմանը քանիցս շեշտուած է Քրիստոսի կողմէ՝ մտիկ ընել Աստուածային իմաստութեան եւ ոչ՝ աշխարհի։ «Աստուծմէ եկող մարդակերտ եւ փրկարար հրահանգներուն պէտք է մտիկ ընէք եւ զանոնք կատարէք եւ ոչ թէ աշխարհէն արձագանգող մարդակործան ձայնին ականջ տաք եւ ձեր կիրքերը, ցանկութիւնները, ձեր եսը հետապնդող մղումներու հնազանդիք», ընդգծեց Սրբազան Մակար։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Տիրոջմէ տրուած շնորհքը Քրիստոսի պարգեւած փրկութիւնն է եւ եզրափակեց աղօթքելով, որ Ս. Հոգիին պտուղներով ծանռաբեռնուի նորընծաներուն ծառայութեան ծառը։ Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը շնորհաւորեց իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորանքը յայտնեք Վեհափառ Հայրեպետը, Դպրեվանքի տեսչութեան ու մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալներու ծնողներուն։

Ապա, Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները։

Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու նոր ձեռնադրուած դպիրներն ու կիսասարկաւագները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։