Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Պա­աս կո­ւսակ­ցու­թեան Հա­լէ­պի Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի քար­տու­ղար դոկտ. Իպ­րա­հիմ Հա­տի­տի, օրհ­նու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Քրիս­տա­փոր Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան, Կի­րա­կի, 6 Յու­նիս 2021-ի մի­ջօ­րէի ժա­մը 12։00-ին, Հա­լէ­պի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ ար­դէն աւան­դա­կան դար­ձած Հայ­կա­կան Մշա­կու­թա­յին Շաբթ­ուան, որուն խո­րա­գիրն էր՝ «Սուր­ի­ա­կան եւ Հայ­կա­կան Մշա­կոյթ­նե­րու Մեր­ձե­ցու­մը»։
Մշա­կու­թա­յին Շաբթ­ուան առա­ջին ձեռ­նարկն էր ցու­ցա­հան­դէ­սը, ուր ներ­կա­յաց­ուած էին հայ եւ սուր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան պատ­մու­թիւնն ու մշա­կու­թա­յին կարգ մը առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, հա­յոց տա­ռե­րը, թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քը, երաժշ­տա­կան գոր­ծիք­ներն ու երա­ժիշտ­նե­րը եւ այլն։
Դոկտ. Իպ­րա­հիմ Հա­տիտ այս առի­թով խօսք առ­նե­լով անդ­րա­դար­ձաւ Հայ եւ սուր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մեր­ձեց­ման եւ կա­րե­ւոր հա­մա­րեց սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դե­րը սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի ծաղ­կեց­ման եւ բա­րա­գա­ւաճ­ման մէջ, դի­տել տա­լով, որ սուր­ի­ա­հա­յե­րը կը վա­յե­լեն ամ­բող­ջա­կան իրա­ւունք պահ­պա­նե­լու եւ ծաղ­կեց­նե­լու նա­եւ հայ մշա­կոյ­թը։
Ցու­ցա­հան­դէ­սէն ետք, բժշ­կա­կան հա­մալ­սա­րա­նի սրա­հէն ներս դա­սա­խօ­սու­թեամբ հան­դէս եկաւ Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խան դոկտ. Լիւ­սի Իս­կէն­եան։ Ան ման­րա­մաս­նօ­րէն խօ­սե­ցաւ Տիգ­րան Մե­ծի օրե­րէն մին­չեւ օրերս եր­կա­րող Հա­յաս­տան-Սուր­իա եւ հայ-արաբ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թեան, գոր­ծակ­ցու­թեան եւ փո­խա­դարձ վս­տա­հութ­եան մա­սին։
Ցու­ցա­հան­դէ­սը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ 7 եւ 8 Յու­նի­սին, հիւ­րըն­կա­լե­լով տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րու ու­սա­նող­ներ:
Երեք­շաբ­թի, 8 Յու­նի­սին «Մշա­կու­թա­յին Շաբթ­ուան» գե­ղար­ուես­տա­կան հա­մեր­գով Հա­լէ­պի Ճարտարապետա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս նախ ելոյթ ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը, մեկ­նա­բա­նե­լով՝ «Երե­ւան», «Պի­սա­պա­հի Ալ­ֆի­թա­լէթ», «Աթ­լէք Նի­րա­նա­քա», «Եար­խուշ­տա» եւ կո­մի­տաս­եան փունջ մը, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գայ­ի­ա­նէ Սի­մոն­եան-Տէր­եա­նի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ռու­զան Պար­սում­եա­նի, ապա  հան­դէս եկաւ նա­եւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Նի­կոլ Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի Էսդ­րա­տա­յին նուա­գա­խում­բը իր մե­նա­կա­տար­նե­րով, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ տոքթ. Ռաֆ­ֆի Ապէճ­եա­նի:
Հուսկ հան­րա­ճա­նաչ եր­գիչ Վա­հէ Յով­հան­նէս­եան հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով խան­դա­վա­ռեց մթ­նո­լոր­տը:
Հա­մեր­գին ներ­կայ էին մե­ծա­թիւ հայ եւ արաբ ու­սա­նող­ներ եւ հա­մալ­սա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
«Մշա­կու­թա­յին Շաբթ­ուան» նպա­տակն էր սուր­ի­ա­ցի հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն նա­խա­ճա­շակ մը հրամց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի ծագ­ման, պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թին մա­սին:
Վեհան Պարսումեան