(Ռատիօ Երազի  Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ  Բենիամին Պչաքճեանի Հետ)
Հայաստանի անկախութեան կերտման 103-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ Հալէպէն սփռուող Ռատիօ Երազի հարցազրոյցին շարունակութիւնը կը հրապարակենք ստորեւ.
Ռ.Ե.- Իսկ որո՞նք են այս դաշինքին այլ ուժերու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Բ.Պ.- Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին արդէն յայտնեցինք, որ դաշինքը «Հայաստան» կը կոչուի եւ պէտք է մեր սփիւռքի կառոյցները յայտարարեն, որ սփիւռքը «Հայաստան» դաշինքին հետ է: Սա անշուշտ երկու իմաստ ունի, թէ՛ դաշինքին հետ ըլլալ եւ թէ Հայաստանի շահերուն կողքին ըլլալ: Ուրեմն այս ընտրութիւններուն սեմին բացառուած է որեւէ գործակցութիւն այն ուժերուն հետ, որոնք այս իշխանութեան հետ են, որովհետեւ քաղաքականապէս տարբեր ճամբարներու մէջ կը գտնուինք եւ անկարելի է համատեղել իրարամերժ մօտեցումներ: Եթէ մենք իշխանութեան գանք, ազգային անվտանգութեան նոր հայեցակարգ պիտի մշակենք եւ այդ հայեցակարգը պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ ընդունելի համարուի մեր ազգին կողմէ եւ անշեղօրէն գործադրելի ըլլայ: Հետեւաբար, որեւէ քաղաքական ուժ, որ կը հաւատայ այն հայեցակարգին, որ կը թելադրէ Հայաստանը զարգացնել առանց զիջումներ կատարելու, մենք պատրաստ ենք անոր հետ գործակցելու: Ի միջի այլոց ըսեմ, որ «Հայաստան» դաշինքը փորձեց ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերէն խոստում առնել, որ կը բացառեն գործակցութիւնը այս դաւաճան իշխանութիւններուն հետ: Պէտք է ըսել, որ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը, որ բաղկացած է «Հայրենիք»  եւ «Հանրապետական» կուսակցութիւններէն, յայտարարութեամբ մը բացառեց գործակցութիւնը այս իշխանութիւններուն հետ, այլ ուժեր եւս բացառեցին այդ մէկը, բայց կան տակաւին ուժեր, որոնք չեն արտայայտուած կամ չեն բացառած այդ գործակցութիւնը: Այս է իրավիճակը: Մենք կը նախատեսենք, որ խորհրդարան կը հասնին այն ուժերը, որոնք կը բացառեն այս իշխանութեան հետ գործակցութիւնը:
Ռ.Ե.- Ընկե՛ր Բենիամին, այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան իրավիճակը կը պարզէ այնպիսի քաոս մը, ուր ոտնահարուած են սահմանադրական կարգն ու կանոնը, Արցախեան պատերազմի ահաւոր արդիւնքները ճնշող են: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դիտանկիւնէն որո՞նք են յետ ընտրութեան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու առաջնահերթ պարտաւորութիւնները:
Բ.Պ.- Ամէնէն կարեւոր քայլը, որ յետընտրութիւններուն պիտի կարենանք առնել, պարտուածի հոգեվիճակը շրջելն է: Դժբախտաբար այսօր շատ ծանր հարուած ստացած ենք, եւ մեր հասարակութիւնը կը գտնուի այնպիսի հոգեվիճակի մը մէջ, ուր տակաւին ինքզինք չէ գտած: Անշուշտ դժուար է համակերպիլ այս իրավիճակին հետ, սակայն մենք շատ աւելի ծանր օրեր տեսած ժողովուրդ ենք, պէտք է յիշել 90-ական թուականներու սկիզբը, երբ տակաւին բանակ չկար, Արցախի հետ ցամաքային ճամբայ չկար, այսօրուան Հայաստանի զէնքերը չկային, թշնամին շատ աւելի ծանր զէնքեր ունէր, քան մեր կամաւորները, սակայն մենք կրցանք կերտել բանակ, յաջողիլ եւ ազատագրել հսկայ տարածքներ: Սա կը պարտինք մեր ժողովուրդի մարտունակութեան, հաւատքին, կազմակերպուածութեան: Այսօր եւս պէտք է հաւատանք ապագային, հաւատանք, որ մենք կրնանք մեր իրաւունքներուն վերատիրանալ: Սա շատ կարեւոր է, որպէսզի պարտուածի հոգեվիճակը յաղթահարենք։ Անշուշտ բոլորս կը ձգտինք խաղաղութեան, որեւէ մէկը չի փափաքիր պատերազմ հրահրել, բայց խաղաղութիւն ապահովելու համար պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմին, ամենահիմնական հարցը այս է: Պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմին, որպէսզի կարենանք խաղաղութիւն պարտադրել: Խաղաղութիւնը կը պարտադրուի, ոչ թէ համաձայնագիրներով կ’առնուի: Մեզի համար կարեւոր է, որ ապագայ Հայաստանի մէջ մեր պատմական եւ տարածքային իրաւունքներու հարցը հունի մէջ դրուի եւ մենք բանակցութիւններով, համաձայնութիւններով, մեր դաշնակիցներու միջոցով, մեր ճիգերով կարենանք տիրանալ մեր կորսնցուցած իրաւունքներուն: Կարեւոր է դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելը: Վրաստանի պարագային, օրինակ, մենք կարեւոր կը նկատենք Վրաստանի դերը այդ իմաստով, որովհետեւ ան տարանցիկ ճամբայ ունի դէպի Ռուսիա, դէպի մեր ռազմավարական դաշնակիցը: Կարեւոր կը նկատենք Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները: Իրանը մեր լաւ գործընկերն է թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ջերմուժի եւ ճանապարհային միասնութեան։ Ծրագիրներու առումով՝ եթէ հիւսիս-հարաւ ճանապարհը պիտի կառուցուի, Իրանի օժանդակութեամբ պիտի ըլլայ: Մենք կը հաւատանք, որ իշխանութեան գալով կրնանք այս յարաբերութիւնները զարգացնել, մեր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները խորացնել փոխվստահութեան, ոչ թէ ենթակայութեան մըթնոլորտի մէջ, ինչպէս որ է այսօր դըժբախտաբար: Այս իշխանութիւնները երկուքուկէս-երեք տարի շարունակ անտեսեցին մեր ռազմավարական դաշնակիցին հետ յարաբերութիւնները եւ այսօր պատերազմի աւարտին, անոնք ստիպուած մեր ռազմավարական դաշնակիցին ենթակայութեան տակ կը գտնուին, ոչ թէ հաւասար յարաբերութիւններու մէջ: Մեզի համար կարեւոր է անմիջապէս ապահովել գերիներու վերադարձը: Գերիներու վերադարձի ձգձըգումը եւս այսօրուան իշխանութիւններու ապիկարութեան արդիւնք է: Երբ հրադադարի պայմանագրութիւնը ստորագրուեցաւ, այդտեղ պայման դրուած էր, որ բոլոր գերիները բոլորի դէմ փոխանակուին։ Հայկական կողմը, ցաւօք, իր բոլոր վերցուցած գերիները վերադարձուց առանց դիմացը ստանալու բոլոր գերեվարուած հայորդիները: Այսօր, պետական շրջանակներու մէջ յստակ չէ անգամ թիւը մեր գերեվարուած տղոց: Ուստի միջազգային հասարակութեան ճնշումներով, մեր ռազմավարական ճնշումներով պէտք է կարենանք վերադարձնել մեր բոլոր գերիները, պէտք է կարենանք այդ պատերազմին հետեւանքով հաշմանդամ դարձած մեր բոլոր զինուորական ծառայողներուն ընկերային օժանդակութիւն եւ աշխատանք ապահովել: Մենք պէտք է կարենանք նաեւ նահատակներու ընտանիքներուն ընկերային-տնտեսական օժանդակութիւն ապահովել, եւ իրենց երեխաներուն ապագան լաւ հունի մէջ դնել: Այս բոլորին կողքին, հարկ է նկատի ունենալ նաեւ, որ Հայաստան տարածաշըրջանին մէջ տարանցիկ երկիր է: Ի վերջոյ ամբողջ պայքարը տեղի կ’ունենայ այդ տարանցիկութիւնը մեր ձեռքէն խլելու համար: Եթէ թուրանական ծրագիրը յաջողի, այսինքն արեւելք-արեւմուտք գիծը բացուի, Սիւնիքը կորսնցնենք, այդ պարագային այդ տարանցիկութեան արժէքը կը կորսնցնենք: Վստահ եղէք, որ այս ընտրութիւններէն ետք եթէ ձեւաւորուի նոր իշխանութիւն, որուն մաս պիտի կազմենք նաեւ մենք, օր ու գիշեր պիտի աշխատինք, որպէսզի այս դժուար պայմաններէն դուրս գանք: Իրականութեան մէջ ժողովուրդը տնտեսական ճգնաժամէն, շրջափակումէն, քաղաքական մեկուսացումէն, պարտուողականութենէն դուրս բերելու, համերաշխութիւն տարածելու, մեր հասարակութեան մէջէն ատելութիւնը վերացնելու համար մեծ ներուժի կարիք կայ: Աւելին ըսեմ՝ մենք հայհոյանքներով, լուտանքներով իրարու դիմող ժողովուրդ չենք: Մենք արժէքներ ունեցող, արժանիքներու հաւատացող, հաւատք ունեցող ժողովուրդ ենք։ Սակայն, դժբախտաբար, այս երկուքուկէս տարուան ընթացքին այս իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրին մեզ բարոյական ոչնչութեան առաջնորդելու, մեր հասարակութեան մէջ արատաւոր երեւոյթներ սերմանելու, մարդոց ամենավատ տեսակը մէջտեղ հանելու համար: Դժբախտաբար այս եղաւ իրենց մօտեցումը, որուն շըրջանցումը ժամանակի կը կարօտի՝ վերադարձնելու հայ ժողովուրդը իր երբեմնի արժանիքներուն, իր պատմական արժէքներուն, իր հերոսներուն, իր եկեղեցիին, իր լեզուին, իր մշակոյթին, իր քաղաքականութեան, իր հայրենասիրութեան, իր Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք մէկութեան: Այս բոլոր երեւոյթները մեր առջեւ պիտի ծառանան: Մենք օր ու գիշեր պիտի աշխատինք, որպէսզի վերադարձնենք այս արժէքներն ու ժողովուրդի պայքարունակ ոգին:
(շար.2 եւ վերջ)