Ուրբաթ, 4 Յունիս 2021-ին, տիար Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնը իր կողակիցին՝ ազնուափայլ տիկ. Սոնա Խանճեանի հետ մէկտեղ ժամանեց Հալէպ: Ան դիմաւորուեցաւ Վեր. դոկտ. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի, ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմինի, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ժողովներուն, հովիւներուն եւ կազմակերպութիւններու մարմիններուն կողմէ: Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ծանօթացման հանդիպում: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ խօսք առնելով բարի գալուստի խօսքեր արտասանեց: Հանդիպումին ընթացքին իւրաքանչիւր մարմին տեսերիզով ներկայացուց իր տարեկան գործունէութիւնները եւ հետագայ մարտահրաւէրները:

Տիար Խանճեան իր սրտին խօսքը ուղղելով ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց հաստատակամ աշխատանքին եւ դիմադրութեան ոգիին համար, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի ճգնաժամային օրերուն: Ապա խօսք առաւ տիկ. Սոնա Խանճեան՝ դիտել տալով, որ Սուրիոյ արհաւիրքի տարիներուն քաջատեղեակ ըլլալով տեղի ունեցած իրավիճակին ամէն ջանք ի գործ դրած են սուրիահայութեան սատար հանդիսանալու՝ ամոքելու անոր ցաւն ու օժանդակելու ամէնօրեայ դժուարութիւններու յաղթահարման։ Երեկոն վերջ գտաւ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի փակման խօսքով, որուն յաջորդեց հաղորդակցական պահ «Շիրաճեան» սրահէն ներս:

 

ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԲԵԹԷԼ ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ  ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

 

4 Յունիս 2021-ին, Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. վարժարանի աշակերտութիւնը ուրախութեամբ դիմաւորեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն տիար Զաւէն Խանճեանն ու տիկինը՝ Սոնա Խանճեանը։ Հիւրերը դիմաւորուեցան ՀԵԸ-ի փողերախումբին նուագով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեցին ԺԲ. կարգի աշակերտներէն Լուսինէ Նանէճեանն ու Քրիստ եաղճեանը: Անոնք իրենց դասընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին Աւետարանչական Ընկերակցութեան ունեցած ներդրումին հայ աշակերտին ուսման ընթացքին մէջ։ Գեղարուեստական յայտագիրով աշակերտները հանդէս եկան մենապարով, մեներգներով եւ հայու հոգին արտացոլացնող ասմունքով։ Այնուհետեւ հիւրերը ուղղուեցան Բեթէլ եկեղեցւոյ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ՝ ծաղկեմատոյց կատարելու, ի յիշատակ մեր բիւրաւոր նահատակներուն։ Աշակերտութեան սրտի խօսքը եւ նախնիներէն իրենց վստահուած աւանդին խոստումը արտասանեց ԺԲ. կարգէն Բերլա Խաչքըզեան։ Ապա վարժարանին կողմէ խորհրդանշական նուէր փոխանցուեցաւ հիւրին։

Տիար Զաւէն Խանճեան բարձր գնահատեց վարժարանի կրթական ճանապարհը, ապա երախտագիտական ջերմ մաղթութիւններ փոխնցեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան մեծ ընտանիքին:

Աւարտին Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը երախտագիտական եւ շնորհակալական արտայայտութեան դրսեւորումն է անցնող տասը տարիներուն հայ աշակերտին ուսման ճանապարհին իր ներդրումը բերող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նկատմամբ։

 

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ «ՇԻՐԱՃԵԱՆ» ՍՐԱՀԷՆ ՆԵՐՍ

Հովանաւորութեամբ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Շաբաթ, 5 Յունիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11.00-էն 1.00 տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն ի պատիւ՝ տէր եւ տիկ. Զաւէն եւ Սոնա Խանճեաններուն, Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահէն ներս: Ընդունելութեան ներկայ էին՝ Համայնքապետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպույեան, հոգեւոր հովիւներ, ազգային մարմիններու, մշակութային եւ  հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, երեսփոխան տիար Ժիրայր Ռէյիսեան, քրիստոնեայ համայնքապետներեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ։

 

ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ՝  ՀԱԼԷՊԻ ՀԻՆ ԹԱՂԱՄԱՍԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 5 Յունիս 2021-ին, տէր եւ տիկին Զաւէն Խանճեան, գլխաւորութեամբ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին այցելեցին տասնամեայ անողոք պատերազմին ընթացքին վնասներ կրած Հալէպի հայկական եւ ոչ-հայկական քանդուած թաղամասերը։ Տիար Զաւէն ու Սոնա Խանճեանները վերապրեցան իրենց անցեալի քաղցր յուշերը, խստիւ դատապարտեցին  քանդիչ ուժերու բարբարոսութիւնները եւ վերածաղկումի հեռանկարով յոյս ներշնչեցին պայծառ ապագային առումով։

 

ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 6 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցիները ունեցան միացեալ պաշտամունք, մասնակցութեամբ՝ Կիրակնօրեայ դպրոցի, պատանի-ասպետներու, Ք.Ջ. Երիտասարդաց խումբերու: Պաշտամունքի առաջնորդութիւնը կատարեց Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան՝ փառաբանութեան երգերով, 17-րդ փոխասաց ընթերցումով եւ աղօթքով: Պաշտամունքի ընթացքին հովուական աղօթք մատուց եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կատարեց Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան:

Պաշտամունքը առաջնորդեց Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան, իսկ Հայ Աւետ.եկեղեցիներու միացեալ երգչախումբը ներկայացուց երկու երգեր, ապա  Կիրակնօրեայ դպրոցի փոքրիկները ներկայացուցին երգեր, սաղմոսներ, սուրբ գրային համարներ եւ երախտագիտութեան խօսք։

Աստուծոյ խօսքին պատգամը մատուց տիար Զաւէն խանճեան, որ ընտրած էր հետեւեալ նիւթը՝ «Հաւատք եւ Գործեր» Յակոբու 2:14-17:

Պաշտամունքի աւարտին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով, Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան յուշանուէր մը փոխանցեց տէր եւ տիկ. Զաւէն եւ Սոնա Խանճեաններուն, առ ի երախտագիտութիւն անոնց hալէպահայութեան հանդէպ տածած անսահման սիրոյն, հոգածութեան ու ներդրումին, յատկապէս Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ վերաշինութեան վեհ գործին սատար կանգնելու անոնց ճիգերուն:

 

ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ՝ ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆԻՀԱԼԷՊ. ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՅԱՐԱՆԵՒԱՅՍ ՏՈՒՆԸ ՔՈ՞ՒԿԴ Է ԹԷ ԻՄՍԳԻՐՔԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Գրական Յանձնախումբին, Կիրակի, 7 Յունիս 2021-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ “Շիրաճեան” սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Զաւէն Խանճեանի “Հալէպ. Առաջին Կայարան” եւ “Այս Տունը Քո՞ւկդ է Թէ Իմս” գիրքերուն շնորհանդէսը։ Հանդիսութեան բացման խօսքն ու “Այս Տունը Քուկդ է Թէ Իմս” գիրքի ամփոփ ներկայացումը կատարեց Լուսին Ապաճեան- ՉիլԱբօշեան։ “Հալէպ. Առաջին Կայարան” գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց հալէպահայ մտաւորական, գրող, կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ աւանդական գինեձօնը։

Յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանցին Զաւէն Խանճեանն ու վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը։

Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան Մարինէ Մարգարեան “Տուն Իմ Հայրենի” երգին մեկնաբանութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի, «Լարային Քառեակ»ը դասական երաժշտութեան գոհարներ հրամցուց, իսկ Արմանի Հերա Սելիմեան «Հայոց Աշխարհ»ը առցանց կատարումով ներկայացուց, մշակումովը՝ տիկ. Շողակաթ Աբարդեան_Սելիմեանի։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 7 Յունիս 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն տիար Զաւէն Խանճեան, որուն կ’ընկերակցէր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ համայնքի պատասխանատուներ:

Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ բարի գալուստ մաղթեց տիար Զաւէնին Հալէպի մայր գաղութ իր տուած այցելութեան առիթով։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիահայութեան աշխոյժ կեանքին եւ Սուրիոյ վերականգնումի գործընթացին մասնակցութեան։ Անդրադառնալով պատերազմի ծանր տարիներուն, տիար Զաւէն գնահատեց սուրիահայութեան տոկունութիւնն ու յարատեւելու կամքը, յատկապէս մայր գաղութ Հալէպի մէջ։

Կողմերը արծարծեցին ներկայ մարտահրաւէրները եւ ապա հեռանկարները, մաղթելով, որ յառաջիկայ օրերը քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն համար առաւել պայծառ եւ ծաղկուն ըլլան:

Տիար Զաւէն Խանճեան դրուատիքով անդրադարձաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքապետներու գործակցութեան եւ աշխոյժ գործունէութեան, մասնաւորելով հայ երեք համայնքապետներուն սերտ գործակցութիւնը տարբեր բնագաւառներէն ներս:

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց թեմի պատմական եկեղեցիներէն աթոռանիստ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի։

 

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմինին Երկուշաբթի, 7 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Երեկոն սկիզբ առաւ Ալին Բանոյեանի բացման խօսքով: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միացեալ երգչախումբը, խմբավարութեամբ  Գայանէ Սիմոնեան Տէրեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի, «Լարային Սօլօ  Քառեակ»ը դասական երաժշտութեամբ, Արինա Պօշկէզէնեանը՝  Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» ասմունքով, Լենա Աշըքեանը «Երազ Իմ Հայրենի» երգի մեկնաբանութեամբ եւ հեռակայ դրութեամբ Արմանի Հերա Սելիմեանո՝  «Հայաստա՛ն, Երկիր Իմ Մայր» երգով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի։ Օրուան բանախօսն էր տիար Զաւէն Խանճեան ներկայացուց «Համատարած Հայութեան Գոյութենական Մարտահրաւէրները եւ Հալէպի Աշխարհաքաղաքական Կարեւորութիւնը» խորագրով դասախօսութիւնը:

Տիար Խանճեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայկական սփիւռքի կազմաւորման ընթացքը, դիտել տալով, որ ան ինքնանպատակ չէր գործեր, այլ միշտ՝ հայրենիքի կողքին ու հայութեան կազմակերպման ջանքերով։ Տիար Խանճեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան վերջին տասնամեակներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու բազում դժուարութիւններ, վեր առնելով Հալէպի անկոտրում կամքն ու անխափան գոյերթը։ Յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցաւ  Զաւէն Խանճեանի ծաւալած գործունէութիւնները պարփակող տեսերիզ մը, պատրաստութեամբ՝ Մարիա Գաբրիէլեանի եւ Պերճ Պօղիկեանի:

Երեկոյի աւարտին Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան արտասանեց փակման խօսքը եւ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքին անունով արծաթեայ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Զաւէն Խանճեանը՝ առ ի գնահատանք Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն սուրիահայութեան մարդասիրական ծառայութիւններով սատար կանգնելուն:

Երեկոն վերջ գտաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով եւ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի առաքելական օրհնութեան աղօթքով, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յատուկ յայտագիր Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:

Այնուհետեւ Տիար Զաւէն Խանճեան ացելեց Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ, Հաուրտ Գարակէօզեան Հիմնարկ, «Բեթէլ» Բուժ Կեդրոն եւ Քրիստոսի եկեղեցի:

Ան մօտէն ծանօթացաւ տարուղ աշխատանքներուն եւ բարձր գնահատեց պատերազմի տարիներուն սոյն կեդրոններուն մատուցած ծառայութիւններն ու ուժ, կորով եւ անսասան ընթացք մաղթեց բոլորին: