ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Հա­մաշ­խար­հա­յին եւ Աս­իոյ ֆութ­պո­լի զտ­ման մր­ցում­նե­րուն, Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը 4-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Մալտիվը: Սուր­իոյ կո­լե­րը նշա­նա­կե­ցին Մահ­մուտ Մաուաս հաթթրիք եւ Իյատ Օս­ման: Աւելց­նենք, որ կո­լե­րէն երե­քը եղան տու­գա­նա­յին հար­ուա­ծով:
-Անց­եալ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը հրա­պա­րա­կեց իր նոր նշա­նա­կը, որուն կեդ­րո­նը կը  գտն­ուի արծիւի գլուխ մը՝ զար­դար­ուած Սուր­իոյ դրօ­շին գոյ­նե­րով:
-Սուր­իոյ պաս­քե­թի հա­ւա­քա­կա­նը Մոսկ­ուա­յի մէջ շա­րու­նա­կե­լով իր ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քը, եր­կու ան­գամ յա­ջո­ղե­ցաւ պար­տու­թեան մատ­նել Ռուս­իոյ երի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նը:
-Սուր­իոյ Հան­րա­պե­տա­կան Բա­ժա­կի աւար­տա­կան մր­ցու­մին, Ուր­բաթ օր Դա­մաս­կո­սի մէջ Սաու­րան  66-54 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Հա­լէ­պի Ճա­լ­ա­աը, եւ տի­րա­ցաւ բա­ժա­կին:
-Սուր­իոյ ախոյ­եան Թշ­րին խում­բի մար­զիչ Մա­հեր Պահ­րին մի­ա­ցաւ Դա­մաս­կո­սի Ուահ­տէ­ին, իսկ Լաթաք­իոյ կազ­մի մար­զի­չ նշանակուե­ցաւ Թա­րէք Ճապ­պա­նին:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱՇԱՊԻԿ ՆՈՒԻՐԵՑ  ՄՈՎՍԻՍԵԱՆԻՆ ԵՒ ՊԱՉԱՋԵԱՆԻՆ
 Նա­խա­գահ Ար­մէն Մե­լիք­բեկ­եան Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի ՀՖՖ-ի դես­պան Իւ­րա Մով­սիս­եա­նին ՝ Եւ­րո­պա­յի ՀՖՖ-ի դես­պան Լե­ւոն Պա­չաջ­եա­նին նուի­րեց  Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ան­ուա­նա­կան մար­զա­շա­պիկ­ներ: Այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց ՀՖՖ-ի դի­մա­տետ­րի էջը:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ԳԱՐԼՕ ԱՆՇԵԼՈԹԻՆ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Սպան­իոյ մայ­րա­քա­ղա­քի Ռէ­ալ Մատ­րիտ ակում­բը խում­բի մար­զիչ Զե­նատ­տին Զի­տա­նը հրա­ժա­րե­լէ ետք, խում­բի գլ­խա­ւոր մար­զի­չու­թեան պաշ­տօ­նը կր­կին վս­տահ­ե­ցաւ նախ­կին մար­զիչ իտա­լա­ցի Գարլօ Ան­շե­լոթի­ին:
ՍԵՐԺԻՕ ՌԱՄՈՍ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐԷ
Ըստ ESPN կայ­քէ­ջին, Սպան­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի եւ Ռէ­ալ Մատ­րի­տի պաշտ­պա­նո­ղա­կան խա­ղա­ցող Սերժիօ Ռա­մո­սին հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու փա­փաք յայտ­նած են անգլ­ի­ա­կան Ման­չես­թըր Սի­թի եւ Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թըտ խում­բե­րը:   Սիթիի մար­զիչ Պիպ Կուարտի­ո­լան ակում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն առա­ջար­կած է Ռա­մո­սին անու­նը, իսկ Իւ­նայ­թը­տի կազ­մը կա­րիք յայտ­նած է Ռա­մո­սի մա­կար­դա­կով խա­ղա­ցո­ղի մը, որ պի­տի օժան­դա­կէ Հա­րի Մակ­ուայ­րին՝ ապա­հով պա­հե­լու հա­մար խում­բի պաշտ­պա­նո­ղա­կան գի­ծը: Աւելց­նենք, որ հա­ւա­քա­կա­նի մար­զիչ Լուիս Էն­րէ­քէն հե­ռա­ցուց Ռա­մո­սը եւ­րո 2020-ի մր­ցում­նե­րէն:

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ