Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ, 4 Յունիս 2021- ի երեկոյեան ժամը 6։30- ին, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Եփրատ վարժարանի վեցերորդ կարգի շրջանաւարտ աշակերտներուն վկայականաց բաշխումը։ Ներկայ էին Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, հոգաբարձութեան եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներ։ հանդիսութիւնը բաց յայտարարուեցաւ, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն անմահ յիշատակը։ Ապա հնչեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։ Բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Լուսին Աւետիսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ յայտնելով որ 2020-2021- տարեշրջանը ունեցաւ իր դժուարութիւնները, պսակաձեւ ժահրի համաճարակը բացասական անդրադարձ ունեցաւ ուսման յառաջընթացին վրայ, սակայն ազգային իշխանութիւնը, գործակցաբար դպրոցին եւ ծնողներուն հետ, ուսումնական տարեշրջանը իր յաջող աւարտին հասցուց։ Աւետիսեան իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատը Սուրիոյ նախագահ վերընտրուելուն առիթով, անոր մաղթելով յարատեւ վերելք, իսկ Սուրիոյ բանակին աննահանջ երթ։ Այնուհետեւ Հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց, շեշտելով ազգային դպրոցներու դերը հայապահպանման գործընթացին մէջ։ Ապա ըսաւ. «Հայ դպրոցը մենք ենք, մեր ամբողջ կարողութեամբ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ անոր տէրը ու ճանչնայ զայն որպէս ինքնութեան եւ հպարտութեան անսպառ աղբիւր»։ Ապա շրջանաւարտներուն մաղթեց վերելքի առաջնորդող բազում ուղիներ եւ յաջողութիւն։ Հուսկ շնորհաւորեց ծնողները վկայականաց բաշխումին առիթով։ Գեղարուեստական յայտագիրով աշակերտները ներկայացուցին խօսքեր, արտասանութիւններ՝ բարաբանելով հայ դպրոցն ու հայ լեզուն, ինչպէս նաեւ հաստատելով իրենց պահանջատիրական պայքարը՝ ազատագրելու վերագրաւուած հայկական հողերը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, ձեռամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի։ Գնահատագիր ստացան առաջնակարգ աշակերտներ՝ Կարօտ Կրպոյեան, Իզապէլ Մելքոնեան, Մերի Էլի, Փաթիլ Սարգիսեան, Ազնիւ Վարդանեան, Բարլի Փափազեան։ Իր խօսքին մէջ քահանայ հայրը շնորհաւորեց ծնողներն ու աշակերտները, լուսարձակի տակ առնելով սփիւռքի տարածքին հայ դպրոցներու վսեմ առաքելութեան հայ սերունդը հայ պահելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու։ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով.