Արցախի Ազգային Ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին 15 Յունիսին Շուշի կատարած այցելութեան առնչութեամբ:

“1915թ. արեւմտահայութեան ցեղասպանութեան ենթարկելէ եւ հայ ժողովուրդի պատմական բնօրրանը բռնազաւթելէ ետք, Թուրքիան վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին ձգտած է նոյն նախճիրը կատարելու նաեւ արեւելահայութեան նկատմամբ:

Հայ ժողովուրդի կազմակերպուած պայքարին շնորհիւ՝ հայասպան այդ ծրագիրները մշտապէս ձախողած են:

27 Սեպտեմբեր 2020-ին օգտուելով միջազգային եւ տարածաշրջանային բարենպաստ պայմաններէն՝ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւումով ուխտադրժօրէն յարձակելով Արցախի Հանրապետութեան վրայ, պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին կրկին փորձած են ցեղասպանութեան ենթարկել հայութիւնը:

Իր պատմական հայրենիքէն հայ ազգաբնակչութեան բռնի տեղահանութեան պատճառով հազարաւոր մարդիկ հայրենազրկուած են, ոչնչացուցած եւ պղծած են ազգային-քրիստոնէական հարիւրաւոր կոթողներ:

Էրտողանի անհրաւէր այցելութիւնը Արցախի բռնազաւթուած տարածքներ, մասնաւորապէս՝ երբեմնի ծաղկուն մայրաքաղաք Շուշի, մենք կը դիտարկենք իբրեւ սպառնալիք եւ ուժի ցուցադրման նոր փորձ: Պաքուի «ռազմավարի պուրակի» բացման շարունակութիւնն է, որ կ’ենթադրէ յետպատերազմեան շրջանկն հայ ժողովուրդի նկատմամբ հոգեբանական եւ բարոյական նոր ճնշումներու որդեգրում:

Էրտողանի սադրիչ գործողութիւնը տարածաշրջանկ մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ գործունէութեան ձախողման փորձ է, փխրուն կայունութիւնը հարուածելու դիւային ծրագիր:

Թուրքիոյ նախագահի նմանօրինակ քայլը նոր մարտահրաւէր է ոչ միայն ՀՀ-ին եւ ԱՀ-ին, այլ նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանին:

Մենք կը դիմենք միջազգային կառույցներուն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն, մասնաւորապէս՝ Ռուսիոյ՝ զսպելու Թուրքիոյ յարձակողական նկրտումները, որոնք յղի են նոր վտանգներով:

Համայն հայութիւնը այս դժուարին օրերուն պէտք է բռունցքուի եւ դիմակայէ նոր մարտահրաւէրներ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններ՝

«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ»

«Միասնական Հայրենիք»

«Արդարութիւն»

«Հայ Հեղափոխական Դաշնակութիւն»

«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն”