Երեքշաբթի, 15 Յունիս 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի բռնատիրութեան կասեցման յատուկ յանձնախումբը պաշտօնական ժողով մը գումարեց, որուն ընթացքին մեծամասնութեամբ քուէարկեց ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Պասսամ Սապպաղը յանձնախումբի ատենապետ նշանակելու օգտին։ Նախօրօք, Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը Սապպաղը իր գործադիր մարմնին անդամ նշանակեց։ Այսպիսով Սուրիան կրնայ Միջին Արեւելքը ներկայացնել որպէս Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան գործադիր մարմնի անդամ, ինչ որ մեծ յաղթանակ կը համարուի սուրիական դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ։