Երեքշաբթի, 15 Յունիս 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամերիկեան «NBC» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա բժշկական սարքաւորումներու արտածումին արգիլումը անմարդկային արարք է։ Ան աւելցուց, որ ԱՄՆ-ի եւ արեւմուտքի կողմէ Սուրիոյ համար սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցները նկատի չեն առներ նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւին բարձրացման հաւանականութիւնը։ Ան շեշտեց, որ այս ընթացքը անմարդկային է եւ ոչ մէկ արդարացում ընդունելի է այս գծով։