Չորեքշաբթի, 16 Յունիս 2021-ին, ԱԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի ուժերը քրտական ՔԱՍԱՏ զինեալ խմբաւորումներուն ընկերակցութեամբ խուժեցին Հասիչէի հիւսիսարեւելեան Եաարուպիէ գիւղը՝ թալանելու համար շրջանի ցորենի արտերը։ Անոնք շուրջ 32 փոխադրակառք ցորենով բեռնաւորեցին եւ ալ Ուալիտ ապօրինի միջանցքէն ուղղուեցան դէպի Իրաք։