«Հայաստան» դաշինքի յաղթարշաւի տասերորդ օրը (16 Յունիս) անցած է Շիրակի մարզին մէջ: Քարոզարշաւը սկսած է Արթիկ քաղաքի մէջ ընտրողներու հետ հանդիպումով, որու ընթացքին դաշինքի առաջնորդները պատասխանած են արթիկցիներուն յուզող հարցերուն:

Ընտրողներու հետ հանդիպումներ  եղած են նաեւ Մարալիկի, Աշոցքի, Ամասիոյ մէջ: Հարց ու պատասխանի ընթացքին անդրադարձ  կատարուած է մարզերու համաչափ զարգացման անհրաժեշտութեան, գիւղատնտեսական հարցերուն, անոնց լուծումներուն: Շիրակցիները մտահոգուած էին այն փաստով, որ տասնամեակներ անց մարզը տակաւին կ’անուանեն «աղէտի գօտի»: Դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան խոստացած է, որ  ամէն ինչ պիտի ընեն` այդ անունը կարելի եղածին չափ  արագ մոռնալու:

Օրը իր աւարտին հասած է Կիւմրիի մէջ հրաւիրուած բազմամարդ հանրահաւաքով: Դիմելով հաւաքուած քաղաքացիներուն` «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, որ կիւմրեցիները պէտք է քայլ առնեն եւ օգնեն ջնջելու մեր պատմութեան այն ամօթի էջը, որ երեք տարի առաջ բացուած է  Կիւմրիի մէջ: