«Երկիր Մետիա».- 16 Յունիսին, Պաքուի մէջ  սկսած է հայ ռազմագերիներէն 14-ին դէմ քրէական գործով դատավարութիւնը: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով Ատրպէյճանը անոնց մեղադրած է «վնասարարութեան» եւ «ահաբեկչութեան» մէջ:

Հայ ռազմագերիներն են`

Գեղամ Սամուէլի Սերոբեանը,

Հրաչ Արզումանի Աւագեանը,

Արմէն  Եղեազարի Բաղասեանը,

Գոռ Վահրամի Գասպարեանը,

Կամօ Կարէնի Սեֆիլեանը,

Վոլոդեա Վաչագանի Յակոբեանը,

Գէորգ Նորայրի Ասերտեանը,

Սիսակ Գրիշայի Ենոքեանը,

Ալբերտ Կ’ոմիի Պետրոսեանը,

Ռոմիկ Միսակի Սեդրակեանը,

Արամ Գառնիկի Մինոսեանը,

Մկրտիչ Սիմոնի Մինոսեանը,

Էդգար Վաչագանի Մաթեսեանը,

Իւրի Տիգրանի Կարապետեանը:

Լրատուամիջոցը գրած է, որ հայ գերիներուն նկատմամբ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան կողմէն յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ իբր «Հայաստանի խումբ մը քաղաքացիներ ապօրինի կերպով զէնք ու զինամթերք  ձեռք բերած եւ ստեղծած են օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ, որոնց անդամները 26-27 Նոյեմբեր 2020-ին խախտած են Ատրպէյճանի պետական սահմանը»:

Քրէական գործը յարուցուած է Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգրքի 214.2.1, 214.2.3, 228.3, 279.2, 318.2 յօդուածներով: