Պայ­տըն-Փու­թին  հան­դի­պու­մը կր­նայ լուրջ հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն հա­մար:
Այս առու­մով ռու­սա­կան պաշ­տօ­նա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ կը հա­ղոր­դեն նա­եւ, որ հան­դի­պում­նե­րու քն­նարկ­ման օրա­կար­գին մէջ նե­րառն­ուած է Ար­ցա­խի հար­ցը եւս:
Այս հան­դի­պում­նե­րուն ԱՄՆ-ի եւ Ռուս­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը կը վկա­յէ, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ եւս տե­ղա­շար­ժեր կ’ակն­կալ­ուին: Տե­ղա­շար­ժեր, որոնք ինչ­պէս Սուր­իոյ, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի հա­մար դիւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէ­ութ­եան խթան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը կ’ուր­ուագ­ծեն, որով­հե­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նոր առիթ­ներ կ’ըն­ծա­յեն՝ ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­նայ­ման այս ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծին մէջ:
Պատ­մա­կան այս լր­ջա­գոյն պա­հե­րուն, սա­կայն, Հա­յաս­տա­նը չու­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար, ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թիւնը կա­րե­լիու­թիւն չու­նի քա­ղա­քա­կան այս մր­ցա­վազ­քին մէջ իր տա­րած­քը ու­նե­նա­լու:
Յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի հար­ցով, երբ մէկ կող­մէ ԵԱՀ­Կը կը յայտ­նէ իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քոյ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շա­րու­նակ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը, միւս կող­մէ Փու­թին – Պայ­տը­նի հան­դի­պու­մին օրա­կարգ կը դառ­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը, Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թիւնը բա­նակ­ցա­յին լուրջ գոր­ծըն­թաց­նե­րու փուլ մը կը թե­ւա­կո­խէ՝ պա­տե­րազ­մէն վերջ ինչ որ կա­րե­լի է փր­կե­լու, Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կը անո­րոշ չթո­ղե­լու եւ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն առաջ­քը առ­նե­լու հա­մար:
Դժ­բախ­տա­բար, սա­կայն, ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը սա­հա­նա­փակ­ուած է ամէ­նէն ճա­կա­տագ­րա­կան այս օրե­րուն: Բա­նակ­ցող ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար չու­նի մեր եր­կի­րը, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, ճկուն նա­խա­րար­նե­րով, մի­աս­նա­կան ու­ժե­րով զօ­րա­նա­լու եւ տար­բեր կող­մե­րու հետ բա­նակ­ցե­լու, առա­ւե­լու­թիւն­ներ ձեռք­բե­րե­լու առի­թը կը կորսնց­նէ մեր եր­կի­րը, փո­խա­րէ­նը ներ­քին լար­ուա­ծու­թիւն­նե­րու ալի­քի սր­ման ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ջղագր­գիռ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, վի­րա­ւո­րանք­նե­րով եւ սր­բու­թիւն­նե­րու ոտ­նա­կո­խու­մով կը թու­նա­ւոր­ուի Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան դաշ­տը:
Այս առիթ­նե­րէն առա­ւե­լա­գոյնս կ’օգտ­ուի Թուրք­ի­ան, որուն նա­խա­գա­հը Շու­շի այ­ցե­լե­լով, Ար­ցա­խի պատ­մա­կան մայ­րա­քա­ղա­քին՝ Շուշիի մէջ դես­պա­նա­տուն բա­նա­լու մա­սին իսկ բարձ­րա­ձայն խօ­սե­լով աս­պա­րէզ կը կար­դայ Հա­յաս­տա­նին:
Ցա­ւօք, Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի չգո­յու­թեամբ, ռազ­մա­վա­րա­կան  բա­ցա­կա­յու­թիւն մը կ’ար­ձա­նագ­րէ այն պա­հուն, երբ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան օրա­կար­գե­րը օրըս­տօ­րէ կը յա­գե­նան տա­րա­ծաշր­ջա­նին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նող ու­ժե­րու նոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն հետ զար­գա­ցող օրա­կար­գե­րով:
Իշխանափոխութիւնը հրամայական է շուտափոյթ սրբագրումներու ճամբայ հարթելու։