Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բը 10-րդ եւ 11-րդ կար­գե­րու աշա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ նախաձեռնեց աւան­դա­կան գե­ղար­ուես­տա­կան երե­կոն, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, 12 եւ Կի­րա­կի, 13 Յու­նիս 2021-ին երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00-ին, «Գ. Եսայ­եան» սրա­հէն ներս:
Նման ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը, առա­ւե­լա­բար աշա­կերտ­նե­րուն ճի­գե­րով, կը մի­տի լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել աշա­կերտ­նե­րուն ձիր­քերն ու խթա­նել անոնց զար­գա­ցու­մը:
Հան­դի­սու­թիւնը սկ­սաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Սուր­իոյ քայ­լերգ­նե­րով: Յա­ջոր­դա­բար արա­բե­րէն եւ հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քե­րով հան­դէս եկան Քրիստ Փա­յաս­եան եւ Շու­շի Թա­նաշ­եան: Անոնք ըսին. «Հայ Ժո­ղո­վուր­դը իր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցած է հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն եւ այդ ժա­ռան­գու­թիւնը որ­պէս ան­կոռն­չե­լի գանձ ու աւանդ փո­խան­ցած է սե­րուն­դէ-սե­րունդ: Սփիւռ­քի տա­րած­քին հայ ժո­ղո­վուր­դը գօ­տեպնդ­ուած է մշա­կոյ­թով»:
10-րդ կար­գի աշա­կերտ-աշա­կեր­տու­հի­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին բուրգ: Անոնք ուս-ու­սի տուած յան­դուգն ու ինք­նավս­տահ բերդ կա­ռու­ցե­ցին, որուն վրայ ծա­ծա­նե­ցաւ մեր չք­նաղ հայ­րե­նի­քի սուրբ դրօ­շը:
11-րդ կար­գէն Սե­րե­նա Պէր­պէր­եան ջու­թա­կով եւ Ան­նա Լէպ­լէպճ­եան ֆլիւ­թով գեղեցիկ համադրում մը հրամ­ցու­ցին:
10-րդ եւ 11-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին եր­կու զա­ւեշտ­ներ, որոնց բե­մագ­րու­թիւնը գրած էին կի­թառ Աւըն­եանն ու Հրակ Տէր Պետ­րոս­եա­նը, իսկ բե­մա­կա­նաց­ման հս­կած էր Գէ­որգ Արոյ­եա­նը:
10-րդ կար­գէն Սերժ Գամ­պուր­եան մե­ներ­գեց «Ճշ­մար­տու­թիւն Չկայ Ու­րիշ»ը:
Խումբ մը աշա­կերտ­ներ 10-րդ եւ 11-րդ կար­գէն կիթառներով ներ­կա­յա­ցու­ցին «Despasito» երաժշտական կտորը, իսկ10-րդ կար­գէն Արազ Շա­ռոյ­եան մե­ներ­գեց «Ապ­րե­լու Ապ­րիլ»ը:
Այ­նու­հե­տեւ 10-րդ եւ 11-րդ կար­գէն խումբ մը աշա­կերտ­ներ աս­մուն­քե­ցին Պա­րոյր Սե­ւա­կի «Դի­մա­կա­հան­դէ­սի Գլ­խա­ւո­րը», «Երգ Եռա­ձայն» քեր-թ­ուած­նե­րը, հս­կո­ղու­թեամբ Մե­ղե­դի Աւագ­եա­նի:
Ապա 11-րդ կար­գէն Գառ­նի Շա­հին­եան մե­ներ­գեց «Talking To The Moon»ը, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Մեղ­րի Սուսանիի:
11-րդ կար­գէն Քա­րէն Գա­տէհճ­եան (դաշ­նա­մուր) նուա­գեց «Վալս» մը, մե­նա­պա­րով անոր ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ Նա­թա­լի Պա­պայ­եան:
11-րդ կար­գէն Կա­րօ Ամ­պարճ­եան մեր ան­մահ հե­րոս­նե­րուն նուիր­ուած  «Ար­ժա­նի» հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գը մե­ներ­գեց, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցութ­եամբ Ռաֆ­ֆի Պալ­եա­նի:
Մեր մշա­կոյ­թը, յատ­կա­պէս եր­գար­ուես­տը թե­րի կը մնար, եթէ չըլ­լար Կո­մի­տա­սը: Ուս­տի 10-րդ կար­գէն Ան­նա Սաղ­պա­զար­եան ջու­թա­կով ներ­կա­յա­ցուց կո­մի­տաս­եան հրա­շա­լի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ:
11-րդ կար­գէն Ար­ման Տէր Պետ­րոս­եան մե­ներ­գեց «Կե­նաց Եր­գ»ը:
Ապա մաս­նա­կից­նե­րը փունջ մը հնդ­կա­կան, հայ­կա­կան եւ եւ­րո­պա­կան պա­րե­րով խան­դա­վա­ռե­ցին մթ­նո­լոր­տը, պա­րու­սոյց­ներն էին՝ Ալին Շա­հին­եան, Նա­նար Շա­հին­եան, Ան­ժե­լա Չաղ­լաս­եան եւ Լե­նա Չոք­կար­եան:
11-րդ կար­գէն Կա­լին Պա­լա­պան­եան իր հմա­յիչ ձայ­նով եր­գեց «Քե­լէ-Քե­լէ»ն, մինչ խումբ մը աշա­կերտ­ներ ըն­կե­րակ­ցե­ցան անոր պա­րով:
Եւ վեր­ջա­պէս յայ­տա­գի­րին փա­կու­մը կա­տա­րեց Ան­նա Սաղ­պա­զար­եան՝ մե­ներ­գե­լով «Մենք Ենք Մեր Սա­րե­րը», որուն ըն­թաց­քին 100 մաս­նա­կից­նե­րը բեմ բարձ­րա­նա­լով, դրօ­շակ­նե­րով տօ­նա­կան մթ­նո­լորտ ստեղծ­եցին, իսկ ժո­ղո­վուր­դը ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րով քա­ջա­լե­րեց ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն այս գնա­հա­տե­լի գե­ղար­ուես­տա­կան երե­կոն:
Ապա Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան Վար­չու­թիւնը խորհր­դան­շա­կան յու­շան­ուէր­նե­րով պար­գե­ւատ­րեց թատ­րոն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Գէ­որգ Արոյ­եա­նը, բաց­ման պատ­կե­րի եւ բուր­գի պա­տաս­խա­նա­տու Ժի­րայր Կա­րա­պետ­եա­նը, աս­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու Մե­ղե­դի Աւագ­եա­նը, պա­րու­սոյց­ներ՝ Ալին Շա­հին­եա­նը, Լե­նա Չոք­կար­եա­նը, Ան­ժե­լա Չաղ­լաս­եա­նը եւ Նա­նար Շա­հին­եա­նը, օր­ուան բե­մա­վա­րու­հին Ռա­քէլ Շա­հին­եա­նը եւ մշա­կու­թա­յին յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու Մա­րի­նէ Մար­գար­եա­նը:
Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նը բարձր գնա­հա­տեց մաս­նա­կից­նե­րուն ջա­նա­սի­րու­թիւնը։ Հանդիսութեան առաջին օրը Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, իսկ երկրորդ օրը Տ. Զա­րեհ Քհնյ. Շա­քար­եան իրենց սր­տի խօս­քով դի­տել տուին, որ խոստմ­նա­լից այս աշա­կերտ­ներն են մեր ապա­գան։ Անոնք «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով օրհ­նեցին բո­լո­րը եւ փակ յայ­տա­րա­րեցին հան­դի­սու­թիւնը:
Աննա Սաղպազարեան