Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեանի հրաւէրով նախորդ շաբաթ Հալէպ ժամանեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչութեան գործադիր տնօրէն, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Զաւէն Խանճեան։
Զաւէն Խանճեան ծնած ու հասակ նետած է Հալէպի մէջ։ «Ալեփփօ Քոլէճ»էն վկայուելէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ գործարարական ճիւղի պսակաւոր արուեստից տիտղոսին արժանանալով 1967-ին, որուն յաջորդած 13 տարիներուն ընթացքին, ան Ծոցի զանազան հեղինակաւոր ընկերութիւններու մէջ պաշտօններ ստանձնած է։
1979-ին, ան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Քալիֆորնիա՝ կալուածային առուծախի ասպարէզը նետուելով, եւ 1987-ին Կլենտէյլի մէջ հաստատած է իր «Խանճեան Ռիըլթի» ընկերութիւնը:
Զաւէն Խանճեան ամուսնացած է Սոնա Քելիկեանի հետ։ Ամոլը ունի 3 զաւակ եւ 5 թոռ։
Աշխատակցած է զանազան թերթերու, իսկ «Նամակ խմբագրութեան» խորագրեալ իր գրութիւնները լոյս տեսած են արաբական, ամերիկեան եւ հայկական մամուլին մէջ: Զաւէն Խանճեանի բազմաթիւ յօդուածները՝ հայերէնով եւ անգլերէնով, լոյս տեսած են ամերիկահայ մամուլին մէջ. ան հեղինակն է հետեւեալ երեք հայերէն հատորներուն՝ «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է, Թէ Իմս» (2007), «Սրտի եւ Մտքի Ցոլքեր» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ (2010) եւ «Հալէպ առաջին կայարան» (2012):
Մայիս 2017-ին Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ իր ունեցած դերակատարութեան համար կը պարգեւատրուի «Երախտագիտութեան Շքանշան»ով: 2014-էն ի վեր ան կը վարէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Գանձասար»ի հարցազրոյցը տիար Զաւէն Խանճեանի հետ․
«Գանձասար»- Բարի եկած էք Հալէպ, յարգելի՛ պրն․ Խանճեան։ Սուրիոյ պատերազմի դժուարութիւններու դիմագրաւման մէջ ամերիկահայ գաղութը իր շօշափելի ներդրումը ունեցաւ, առաւելաբար Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի՝ ՍԱՐՖ-ի ջանքերուն շնորհիւ, որուն ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնեցիք մինչեւ 2014 ու ապրեցաք այդ տագնապները սուրիահայութեան հետ։
Իրականութեան մէջ տագնապի դիմագրաւման գաղութի զաւակներու բարոյահոգեբանական երաշխիքները ամրապնդուեցան, երբ զգալի դարձան իրենց ազգակիցներուն օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը։ ՍԱՐՖ-ը ոչ թէ միայն նիւթական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ սուրիահայութեան, այլեւ զգաց, ապրեցաւ, աշխատանք տարաւ, որպէսզի Մայր գաղութը նուազագոյն վնասներով դուրս գայ այս պատերազմէն, դիմադրողականութիւնը զօրացնէ ձեւով մը։
Աշխարհագրականօրէն հեռու էինք թէեւ, բայց ՍԱՐՖ-ի աշխատանքը այդ տարածութիւնը հատեց, կամրջեց սուրիահայութիւնը հեռաւոր Ամերիկայի հայութեան հետ, անսալով անոր գոյամարտի կանչին։
Պատմեցէք խնդրեմ, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ այդ բարեսիրական աշխատանքի մեկնարկն ու կազմակերպումը, ինչն էր որ խթանեց ամերիկահայ գաղութի համադրեալ, արդիւնաւէտ աշխատանքը։ Աշխատանք մը որ, ինչպէս առիթով մը ըսիք, գոյն չէր տեսներ, այլ կը փութար համադրեալ ճիգերով բոլորին հասնիլ, կանգուն պահելու սուրիահայ գաղութը պատերազմի յորձանուտին մէջ։
Զաւէն Խանճեան- Հալէպը խաղաղութեան մէջ իսկ բաբախուն սիրտն է սփիւռքահայութեան։ Պատերազմին հետեւանքով չէր միայն, որ սփիւռքի հայութիւնը, յատկապէս Ամերիկա գաղթած սուրիահայերը պիտի հետաքրքրուէին իրենց ծննդավայրով։ Ան որ Սուրիա ապրած է, քաղցր յուշեր ունի այս երկրէն, երախտապարտ է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ իր պապերը փրկելով ցեղասպանութենէն հիւրընկալեց ու ծաղկելու առիթ տուաւ անոնց։ Այս գաղութին հետ կապը անքակտելի է թէ՛ սուրիահայուն, թէ՛ որեւէ գիտակից հայու համար։ Սուրիական պատերազմը պարզապէս բորբոքեց այդ զգացումները ու մեծ տագնապ մը ստեղծեց ամերիկահայութեան մօտ։ Այդ տագնապը զիս, որպէս մէկ ներկայացուցիչը այս գաղութին, մղեց անպայմանօրէն ձեռք երկարելու սուրիահայութեան։ Նախ՝ մեր համայնքին տեղեկացուածութեան մակարդակը բարձրացնելով, որովհետեւ այդ օրերուն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, լրահոսը այսքան չէին զարգացած, բայց կը տեսնէինք սպանութիւնները, տեղահանութիւնները, քանդումները, ողբը։ Ուստի, երբ իմացանք, որ միացեալ մարմին մը կազմուած է այստեղ, որպէսզի դիմագրաւէ պատերազմական վիճակը, մտածեցինք որ մենք եւս պէտք է միացեալ մարմին մը յառաջացնենք, որպէսզի մեր կազմակերպուածութիւնը հայելին ըլլայ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինին եւ աշխատանքները համադրուին։ Դիմեցի ծանօթ ընկերներու, կազմակերպութիւններու, որպէսզի մաս կազմեն նման մարմինի մը։ Առաջին օրերուն նկատելի էր, որ կարգ մը տարրեր կ՛ուզէին առանձին կազմակերպել սուրիահայութեան օգնելու աշխատանքը, սակայն ես պնդեցի, որ այս աշխատանքը ծանր է, պատահածը աղէտ է եւ անպայմանօրէն միասնական հակազդեցութեան կարիքը կայ։ Բոլորը գիտակցեցան այս կացութեան եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու օգտակար եղան։ Յուլիս 2012-ին մենք կազմեցինք այս միացեալ մարմինը՝ ՍԱՐՖ-ը, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնի կազմութենէն մէկ կամ երկու ամիս ետք։
Միասնական օժանդակութեան այսպիսի տարողութեամբ աշխատանք, բացի Արցախի պատերազմի տարիներէն, մեր գաղութներուն միջեւ չէր եղած։ Այս առաջին անգամ էր, որ սեղմ կերպով քով-քովի եկան ամերիկահայ տասը կազմակերպութիւններ, չորս եկեղեցիներ, երեք կուսակցութիւններ եւ երեք բարեսիրական միութիւններ ու անքակտելի կապով փութացին օժանդակելու սուրիահայութեան։ Ֆիզիքական կարիքները խիստ կարեւոր էին անշուշտ, բայց այդ կարիքներուն հետ միատեղ տեղեկատուութեան հարց կար, իրազեկումի (awareness) տագնապ կար, որովհետեւ ժողովուրդը չէր գիտեր, թերեւս Լոս Անճելըսի պէս տեղ մը աւելի ծանօթութիւն կար, նկատի ունենալով խիտ հայութիւնը, մամուլը, հալէպահայութեան մէկտեղուած ըլլալը, սակայն Ամերիկայի հայութիւնը ափէ-ափ տարածքով տեղեակ չէր, հետեւաբար խիստ կարեւոր էր, որ մենք անոր իրազեկումը հասցնէինք ամենաբարձր մակարդակի, որովհետեւ այդ ձեւով էր, որ մարդիկ պիտի հակազդէին, այլապէս պիտի չմասնակցէին։
Եւ իրողաբար, Եղեռնէն կամ Հայաստանի երկրաշարժի բնական աղէտէն ի վեր, ազգային այսպիսի աղէտ մը, ինչպիսին էր սուրիահայ մայր գաղութին սպառնացող աղէտը, չէր պատահած։ Մենք շեշտեցինք, որ սա ազգային աղէտ է։
Եւ ի պատիւ ամերիկահայութեան, պէտք է ըսել, որ համայնքի բոլոր շերտերը, բոլոր գոյները, բոլոր տարածքներու վրայ գտնուողները ափէ-ափ մասնակցեցան այս դրամահաւաքին, իրենց զանազան միջոցներով։ Մենք չէինք հետապնդեր զիրենք, իրենք կը հասնէին մեզի՝ դպրոցներ, երբ ձեռնարկ մը կազմակերպէին եւ փափաքէին հասոյթը տրամադրել մեզի, առեւտարականներ, որոնք իրենց շահին մէկ տոկոսը կը հայթայթէին մեզի։ Խիստ դրական երեւոյթ էր։ Փորձառութիւն մըն էր, որ ընդհանրական եւ հաւաքական բարձր տրամադրութիւն եւ կոչին անսալու պատասխանուութիւն կը թելադրէր։ Պատկերացուցէք երգիչներ մեր դռները թակեցին, որպէսզի անպայման բեմ ելլեն եւ իրենց համերգներուն հասոյթը նուիրեն սուրիահայութեան։ Երբեմն կը նեղանային՝ երբ իրենց կարգ չէր հասներ, նկատի ունենալով որ ծրագիրները սահմանափակ էին։ Այսպիսի տրամադրութիւն կար։ Առաջին երգահանդէսին մեկնարկը կատարեցինք երեք հազար հոգինոց սրահի մը մէջ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեցի ու անմիջապէս ամերիկահայերու հակազդեցութիւնը զգացի․ սքանչելի օր մըն էր, որովհետեւ թէ՛ կրցանք ցաւը ներկայացնել, թէ՛ ժողովուրդին հակադարձութիւնը զգալ։
«Գ․»- Պատերազմէն տասը տարի ետք, Հալէպի ծնունդ պրն․ Խանճեան կ՛այցելէ պատերազմէն տակաւ դուրս եկած հալէպահայ գաղութին, հաւանաբար անձամբ տեսնելու, ապրելու, անոր դիմադրողականութեան զարկերակը շօշափելու եւ բարեսիրական տարաբնոյթ աշխատանքներուն արդիւնքով կանգուն մնացած գաղութին շարունակուող կեանքի երանգին, մաքառելու կշռոյթին ծանօթանալու։ ՍԱՐՖ-ի մեկնարկային ձեռնարկին ձեր բացման խօսքով հարց կու տայիք, թէ ո՞ւր է արդեօք այդ նորաբողբոջ հալէպահայ քայլիկը, որուն ոտքերուն տակ, Ֆանֆարի թմբուկներուն հրաբորբ կշռոյթով կը դղրդար Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին գետինը, եւ յոյս ներշնչելով կը խոստանայիք այդ քայլիկին՝ «Մենք Հոս Ենք»։ Ձեր այս այցելութեամբ գտա՞ք զինք, զգացիք անոր քայլերը․․․ ։
Զ․Խ․- Այո՛, զգացի առաջին օրէն իսկ։ Բեթէլի յարկին տակ կազմակերպուած ընդունելութիւնը արդէն յուշեց, որ այս գաղութը կենդանի է։
Իսկ երբ մեր առաջին հանդիպումէն ետք դուրս ելանք եւ շրջափակին մէջ գեղարուեստական յայտագիրի մը ներկայ եղանք, զգացի որ այո՛, այդ գայլիկը հոս է։ Հիմա յստակ է որ չենք խօսիր չափերու մասին։ Չափ եւ կշիռ գիտական արժէքներ են եւ այդ արժէքներուն լոյսին տակ մենք չենք կրնար ըսել, որ այս գաղութը չէ ազդուած, հարուած չէ ստացած։ Իր զաւակներուն 60 առ հարիւրը կորսնցնող գաղութ մը, բնականաբար, նոյնը չի կրնար ըլլալ։ Բայց գոռ գաղութ մը կայ տակաւին, պատկառելի թիւով։ Եւ այդ պատկառելի թիւը քաշքշուքի մէջ չէ, այսօր կենդանի է եւ աշխոյժ։ Կը տեսնեմ թատերգութիւն, կը լսեմ որ արդէն քանի մը շաբաթ ետք, այդ նոր, թրթռուն քայլիկները տողանցք կազմակերպած են ու պիտի գալեն, կը տեսնեմ հայկական վարժարանները, կը տեսնեմ միութիւնները իրենց ծաղկուն, աշխոյժ վիճակով։ Այս բոլորին մէջ կենդանութեան նշոյլ կայ․ սա ինծի այն պատգամը կու տայ, որ թէեւ սթաթուս քուոն փոխուած է, նոր պատուանդան մը ունինք մենք այստեղ, բայց այդ պատուանդանին վրայ կարելի է նոր ամրոցներ կերտել, նոր երազներ կերտել, կը կերտուին արդէն՝ ի պատիւ այստեղ պատնէշի վրայ մնացող գաղութի մնացորդացին, որ չէ անճրկած, չէ ծուլացած, ոտքի կը մնայ։ Ճիշդ է որ քաղաքական պատճառներով տնտեսական հարուած մը եւս հասաւ Սուրիոյ, եւ այդ իր ազդեցութիւնը կը գործէ բնականօրէն գաղութի կենդանացման հոլովոյթին վրայ, բայց եւ այնպէս այդ վերելքը շօշափելի է։ Ես տեսայ, եւ ուրախ եմ, երջանիկ եմ, մենք վերապրած ենք։
«Գ․»- Գրող Խանճեանին կը ծանօթացանք յուշագրական եւ գեղարուեստական ձեր երկու գիրքերուն ընդմէջէն՝ «Հալէպ, Առաջին Կայարան» եւ «Այս Տունը Քո՞ւկդ է, Թէ Իմս»։ Եթէ առաջինը հոգածու գաղութի մը գիրկը գոյացած մանկութեան մը պատմութիւնն է, երկրորդը հայրենի տան որոնումն է առաւելաբար։ Յիշողութեան վերարտադրումն է, որ կը կատարէք այս գիրքերով ու հարցադրումներ կ՛ընէք նորահաս սերունդները մտածումի մղելու համար։ Պատմութեան վերյիշումը կը ծառայէ՞ սերունդներուն՝ իրենց ինքնութեան արմատները ճանչնալով պահպանումի նոր ձեւեր որոնելու։ Գրողը վաւերագրո՞ղն է միայն, թէ մտածելու մղողն է նաեւ այս պարագային։
Զ․Խ․- Գրողը թէ՛ փնտռողն է, թէ՛ բացայայտողն է այդ արմատները։ Ան բացայայտողն է նաեւ, թէ ինքնութեան հետ ի՛նչ կապ ունին այդ արմատները, ինչպիսի՛ հպարտութիւն կը ներշնչեն։ Այս բոլորը անպայմանօրէն կայ գրականութեան մէջ եւ այդ գրականութիւնը ցոլացումն է թէ՛ կորսուածին հետեւանքով յառաջացած հոգեխռով տագնապներուն, թէ՛ փնտռողին ուղի մը տալու ճիգերուն, որպէսզի ընթերցողը գտնէ իրեն հպարտութիւն առթող արմատները։ Այստեղ սակայն դժբախտութիւն մը կայ, որուն բոլորս ծանօթ ենք։ Այսօր նոր սերունդը որքա՞ն կը կարդայ։
Ես շատ ուրախ եմ որ առիթը ունեցայ արմատներուս այցելելու եւ այդ պատկերաւոր պատմութիւնը փոխանցելու թէ՛ իմ զաւակներուս սերունդին, եւ թէ յաջորդական սերունդներու։
Ես գիրքը գրելէս առաջ սերտողութիւն մը ըրի ՝ այդ ճամբաներով անցնողներու եւ իրենց յուշերը գրողներու մասին։ Թէեւ կային, սակայն շատ քիչ էին գրողները։ Թորոս Թորանեանը օրինակ մըն էր։ Այսօր նոր սերունդը այս պատմութիւնները տեսերիզներու, շարժապատկերներու կը վերածէ, մտայնութիւնները, մօտեցումները փոխուած են մասամբ, սակայն գիրքը մեր արմատներու հազարամեայ պատմութիւնը, մեր երգը, մեր գրականութիւնը գունագեղ պատկերներով կը ներկայացնէ։ Պատմութիւն մը, որուն արմատներէն մեզ պոկեցին, իսկ աշխարհը անտարբեր է առ այսօր, միայն պատառիկներով կը փորձէ դատապարտել, հաստատել եղածը։
Պատմութեան իմացութիւնը շատ կարեւոր է մեր ինքնութեան գիտակցութեան ձեւաւորման մէջ։ Այդ տունը, որուն մասին ես կը խօսիմ եւ արեւմտահայաստանի բոլոր տուները նոր բնակիչներ ունին, որոնք այսօր տագնապը կը զգան այդ տուներուն տէրը եղած չըլլալու, կը տագնապին ջակերտեալ «տէրութեան» զգացումէն, ինչպէս կը յիշեմ գիրքիս մէջ։ Անոր համար ալ հօրս տան բնակիչը ինծի հետեւեալ հարցումը ուղղեց՝ «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ իմս»։ Այս պատմութիւնը սերունդներու ինքնութեան դիմագիծ կու տայ եւ այդ դիմագիծը կարեւոր է, որպէսզի անոնք իրենք զիրենք ճանչնան, արժեւորեն իրենց կեանքը եւ իրենք ալ տագնապելով իրենց բաժինը բերեն ազգի յաւերժութեան պահպանման մէջ՝ առանց ուրախութենէ զրկելու իրենց կեանքը։ Այս սերունդները արժանի են ուրախ կեանք մը ապրելու նաեւ։
«Գ․»- Վերականգնող գաղութին ձեր մաղթանքը ի՞նչ պիտի ըլլար առաւելաբար։
Զ․Խ․- Գիտէ՞ք, աշխարհը շատ փոքրացած է, եւ եթէ պայմանները բարւոք ըլլան, հաղորդակցութիւնները շատ դիւրին են։ Բանտի մը մէջ չէք, երկաթէ վարագոյր չկայ։ Այնպէս որ սուրիահայ երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ազատ է, թռչունի նման կրնայ թռչիլ, չափել, քննել, գնահատել իր ապրած վայրը, տեսնել այստեղի առաւելութիւնները, բաղդատել զանոնք ուրիշ վայրերու հետ եւ յետոյ, գիտակից որոշումով մը վճռել, թէ ինք ի՛նչ կրնայ ընել, ի՛նչ կ՛ուզէ ընել։
Իմ մաղթանքը այն է, որ այս երկիրը տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալով զարգանայ։ Այս երկիրը վերականգնումի ճանապարհին վրայ է, տնտեսական տագնապի փարատումէն յետոյ Սուրիան կրնայ շատ արագ զարգանալ, այստեղ շատ առիթներ կան։ Մարդիկ Ամերիկայի համար կ՛ըսեն առիթներու երկիր է, սակայն չեն գիտեր, թէ կեանք մը պիտի զոհես այդ առիթները ձեռք ձգելու համար։ Հոս արմատներդ խարսխուած են, պատմութիւն կայ, որ կերկարի մինչեւ յետեղեռնեան արմատները, այս երկիրը առիթներ ընծայելու կարելիութիւն ունի։ Եւ ինչպէս որ եօթանասունականներէն սկսեալ սուրիահայը ծաղկեցաւ, թէ՛ ինք երկրին նուիրեց, թէ՛ երկիրը իրեն նուիրեց, կրկին պիտի գան այդ բարգաւաճ օրերը։ Աշխարհագրականօրէն ալ մօտ ըլլալով հայրենիքին, հաղորդակցութիւններու դիւրացման պարագային, հայ երիտասարդութեան գործակցութիւնը, ներշնչումը, փորձառութիւններու փոխանակումը աւելի դիւրին պիտի ըլլան։ Այնպէս որ երիտասարդութիւնը արդիական մտածողութեամբ պէտք է գործէ ու յուսադրուելով նոր միջոցներ որոնէ բարելաւելու իր կեանքը։ Արհեստագիտական զարգացումն ալ, իր կարգին, դիւրացուցած է հաղորդակցութիւնը։

 

Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան