Քա­նի մը օրէն, 20 Յու­նի­սին, Հա­յաս­տա­նի երես­փո­խա­նական ընտ­րու­թիւն­նե­րը ցոյց պի­տի տան, թէ Հա­յաս­տա­նի յա­ջորդ փու­լը ի՞նչ ուղ­ղու­թիւն պի­տի ստա­նայ, թէ­եւ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­նագ­րենք, որ պէտք չէ չա­փա­զանց­եալ յոյ­սեր կա­պել ան­մի­ջա­կան ապա­գա­յին, որով­հե­տեւ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւանք­նե­րը աղէ­տալի­օ­րէն ծանր են եւ ան­կէ վե­րա­կանգ­նե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը վեր է այս կամ այն ու­ժին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն, բո­լոր կա­րող ու հայ­րե­նի­քին հա­ւա­տա­րիմ ձեռ­քե­րուն մի­ա­ցումն իսկ կը դի­մա­կա­լէ հար­ցա­կան­ներ:
Աւե­լի քան 10 օրէ ի վեր, եր­կի­րը,- անոր հետ նա­եւ ամ­բողջ հայ­կա­կան աշ­խար­հը,- ին­կած է ընտ­րա­պայ­քա­րի պաշ­տօ­նա­կան յոր­ձան­քին մէջ, յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ու խոս­տում­նե­րը, սպառ­նա­լիք­ներ եւ զգու­շաց­ման կո­չեր իրա­րու կը յա­ջոր­դեն, զի­րար կը խա­չա­ձե­ւեն, այն­քան մը, որ քու­է­ար­կու­թեան պատ­րաս­տուող­նե­րէն մաս մը մատն­ուած է  գլ­խապ­տոյ­տի, ու­րիշ­ներ ար­դէն շատ աւե­լի յս­տակ կեր­պով կը տես­նեն հո­րի­զո­նը, իսկ ոմանք ալ աչ­քե­րը փա­կած կը պա­հեն, կը սի­րեն պա­տան­դը մնալ 3 տա­րի առաջ­ուան դրա­կան խոս­տում­նե­րուն, այլ խօս­քով, կը հա­ւա­տան, որ այժ­մու իշ­խա­նու­թիւնը կը մնայ փր­կու­թեան լաստ, հա­կա­ռակ անոր որ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մը եկաւ վերջ­նա­կա­նա­պէս խոր­տա­կե­լու այս իշ­խա­նու­թեան կապ­ուած յոյ­սե­րը (որոնք տկա­րա­ցած էին նա­խորդ եր­կու տա­րի­նե­րուն):
ՀԱՐ­ԿԱ­ԴԻՐ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ
Խառ­նաշ­փոթ նման վի­ճակ իւ­րա­յա­տուկ չէ Հա­յաս­տա­նին. որե­ւէ երկ­րի մէջ ալ ընտ­րա­պայ­քար­նե­րը բազ­մա­ճիւղ խաչ­մե­րուկ­նե­րու դի­մաց կը դնեն ընտ­րող­նե­րը: Մեր պա­րա­գա­յին իւ­րա­յա­տուկ երե­ւոյթ­նե­րը քա­նի մը հատ են. ամէ­նէն ու­շագ­րա­ւը՝ ընտ­րա­պայ­քարն ու ընտ­րու­թիւն­նե­րը ձե­ւով մը սարք­ուած-պար­տադր­ուած են իշ­խա­նու­թեան կող­մէ. փաս­տօ­րէն, գրե­թէ բո­լորն ալ, ընդ­դի­մա­դիր թէ իշ­խա­նա­մէտ, սկզբ­նա­կան շր­ջա­նին ան­յար­մար կը նկա­տէ­ին ստեղծ­ուած պայ­ման­նե­րուն մէջ ընտ­րու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լը, յե­տոյ, հար­կադ­րա­բար ին­կան իշ­խա­նու­թեան ստեղ­ծած հո­սան­քին մէջ եւ հի­մա կը լո­ղան անոր ազ­դե­ցու­թեան տակ: Յե­տոյ, ընտ­րա­պայ­քար-ընտ­րու­թիւն տե­ղի կ’ու­նե­նան այն­պի­սի փու­լի մը, երբ մեր հայ­րե­նի­քէն լայն տա­րածք­ներ բռ­նագ­րա-ւ­ուած են, ուրշ­ներ կը գտն­ուին թշ­նամիի զէն­քե­րու «հո­վանի­ին» տակ, 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին բա­զում հե­տե­ւանք­նե­րը այ­լա­պէս դա­ժան «հո­վա­նոց­ներ» տա­րա­ծած են ընտ­րող­նե­րուն գլ­խա­վե­րե­ւը…: (Թշ­նամիի զէն­քե­րու հո­վանի­ին տակ ընտ­րութ­եան եր­թա­լը հա­զու­ադէպ, բայց ոչ-ան­նա­խըն­թաց իրա­կա­նու­թիւն է. օրի­նա­կի հա­մար, Լի­բա­նան 1982-ին նա­խա­գահ(ներ) ընտ­րեց, երբ իս­րա­յէլ­եան բա­նա­կը գրա­ւած էր երկ­րին,- ու մայ­րա­քա­ղա­քին,- գրե­թէ կէ­սը):
Ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօր­եա­կին, ո՛չ ոք յս­տակ պատ­կե­րա­ցում մը ու­նի, թէ ի՞նչ պի­տի ծնի քուէա­տու­փե­րէն: Իշ­խա­նա­ւորն ու անոր չուան­նե­րուն կառ­չած մի­ա­ւոր­ներ կը պն­դեն, որ իրենք պի­տի ըլ­լան շա­հա­ւո­րը, իսկ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը վս­տահ են, որ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի ու խմ­բա­կին օրե­րը համր­ուած են, անոնց ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնը ժա­մէ ժամ (եւ ո՛չ թէ օրէ օր) ան­կու­մի մէջ է. անոնք վս­տահ են, որ Փա­շին­եա­նի ձա­խա­ւե­րու­թիւն­նե­րուն եւ վնա­սա­րար ըն­թաց­քին իրա­զեկ ժո­ղո­վուր­դը իշ­խա­նու­թեան պի­տի բե­րէ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին ճա­կա­տագ­րով մտա­հոգ, վե­րա­կանգ­նու­մի կա­րե­լիու­թիւն­ներ բե­րող ու­ժե­րը, որոնք պի­տի փոր­ձեն գոր­ծակ­ցա­կան տա­րա­զի մը շուրջ հա­մախըմբ­ուիլ, դար­մա­նել ատե­լու­թեան մթ­նո­լոր­տը, ձե­ւով մը վե­րա­կանգ­նել այն մի­աս­նու­թիւնը՝ որ գո­յա­ցած է 27 Սեպ­տեմ­բե­րին պայ­թած պա­տե­րազ­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, յե­տոյ նա­եւ՝ 10 Նո­յեմ­բե­րի աղէ­տա­լի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին յա­ջոր­դող օրե­րուն:
26 ԹԵ­ԿԱՆ­ԾՈՒ
Ընտ­րա­պայ­քա­րի հե­տե­ւան­քով ստեղծ­ուած խառ­նաշ­փոթ վի­ճա­կը ու­նի բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­ներ, որոնք կա­րե­լի է բաժ­նել ՆԵՐ­ՔԻՆ եւ ԱՐ­ՏԱ­ՔԻՆ գոր­ծօն­նե­րու խո­րա­գիր­նե­րուն տակ:
Ներ­քին ոլոր­տին մէջ, ար­ձա­նագ­րենք քա­նի մը ակ­նե­րեւ կէտ:
Ընտ­րա­պայ­քա­րի դաշտ մտած են 4 դա­շինք եւ 22 կու­սակ­ցու­թիւն, այ­սինքն՝ կան ըն­դա­մէ­նը 26 թեկ­նա­ծու: Ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին ճշ­դած պայ­մա­նա­ժա­մին, ար­ձա­նագր­ուած էին 27 թեկ­նա­ծու, սա­կայն «սա­կա­րան»ին փա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, «Հա­յոց Ար­ծիւ­ներ» կու­սակ­ցու­թիւնը յետս կո­չեց իր թեկ­նա­ծու­նե­րը, յայ­տա­րա­րե­լով, որ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ ընտ­րութ­եան եր­թա­լը տրա­մա­բա­նա­կան չէ:
Եթէ փորձ ընենք մտ­նե­լու իւ­րա­քան­չիւր թեկ­նած­ուի առա­ջադ­րանք­նե­րուն եւ խոս­տում­նե­րուն ոլո­րա- պ­տոյ­տին մէջ, մենք մեզ նե­տած կ’ըլ­լանք յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան մէջ յի­շա­տակ­ուած Լա­բի­րին­թո­սին նո­րաց­ուած պատ­կե­րին մէջ, առանց վս­տահ ըլ­լա­լու, թէ պի­տի ու­նե­նանք հե­րոս Թե­սէ­ու­սին հնարք ցոյց տուող Ար­ի­ատ­նէ մը…: Ու­րեմն, մնանք ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ:
Ընտ­րա­պայ­քա­րի կը մաս­նակ­ցին հին-աւան­դա­կան եւ նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոնց­մէ մաս մը մտած են դա­շինք­նե­րու մէջ, իսկ մեծ մա­սը բեմ եկած է առան­ձին: Ինչ­պէս նշե­ցինք ար­դէն, ասոնք կը բաժն­ուին եր­կու գլ­խա­ւոր «դա­սա­կար­գի». իշ­խա­նա­ւորն ու անոր կող­քին կանգ­նող­նե­րը, եւ առա­ջա­տար ընդ­դի­մա­դիր­ներն ու անոնց կեց­ուածք­նե­րուն ար­ձա­գան­գող­նե­րը: Ընտ­րա­պայ­քա­րի չեն մտած կարգ մը կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոնք անց­եա­լին մաս կազ­մած են խորհր­դա­րա­նին, հի­մա ալ հոս-հոն կը մնան առա­ւել կամ նուազ չա­փով գոր­ծուն­եայ: Չմոռ­նանք նշե­լու, որ այս կամ այն կու­սակ­ցու­թե­նէն դուրս եկող­ներ հի­մա կը լո­ղան այլ կու­սակ­ցու­թեանց աւա­զան­նե­րուն մէջ:
Բա­ւա­կան մեծ է թիւը այն կու­սակ­ցու­թեանց, որոնք կազմ­ուած են 2018-ի «Թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն» ետք. նո­րա­ծին­նե­րէն նկա­տա­ռե­լի թիւ մը հրա­պա­րակ եկաւ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մէն ետք, այս տար­ուան առա­ջին ամիս­նե­րուն: Շա­տեր կազ­մա­ւոր­ուե­ցան ի նպաստ իշ­խա­նու­թեան աշ­խա­տանք տա­նե­լու եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէն քուէ «գող­նա­լու» նպա­տա­կով: Խա­ղը քիչ մը աւե­լի կը բար­դա­նայ, եթէ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նանք կարգ մը կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոնք հրա­պա­րա­կաւ կը ներ­կա­յա­նան «ոչ հին, ոչ նոր, այլ եր­րորդ ընտ­րանք» դրօ­շին տակ, հրա­պա­րա­կաւ դէմ են Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի եւ «Իմ Քայլ»ին, սա­կայն թա­քուն կեր­պով հա­մա­կիր են անոնց, յու­սա­լով, որ բա­ւա­րար քուէ շա­հե­լու պա­րա­գա­յին, նոր խորհըր­դա­րա­նին մէջ անոնց հետ կր­նան կազ­մել կա­ռա­վա­րա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն (քո­ա­լի­սիո­ն): Ան­դին, կան նա­եւ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոնք 2018-էն ի վեր «քա­լե­ցին» Փա­շին­եա­նի հետ եւ յե­տոյ, անոր ինք­նագ­լուխ եւ ձա­խա­ւեր-վնա­սա­րար ըն­թաց­քէն դժ­գոհ մնա­լով, հե­ռա­ցան ան­կէ եւ հի­մա կը ներ­կա­յա­նան ընդ­դի­մա­դի­րի դիր­քով: Ամէ­նէն ու­շագ­րաւ­ներն են «Քա­ղա­քա­ցու որո­շում»ը (որ «կո­ղա­կից» էր «Իմ Քայլ»ին), Դա­ւիթ Սա­նա­սար­եան (որ սկզբ­նա­պէս «քա­լող» էր, յե­տոյ դար­ձաւ հե­տապընդ­ման թի­րախ) եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Ար­թուր Վա­նէց­եան, որ Փա­շին­եա­նի դի­մաց առա­ջին լուրջ «կար­միր քարտ» ցոյց տուո­ղը եղաւ:
Ընտ­րա­պայ­քա­րին հե­տե­ւող մեկ­նա­բան­ներ չեն վա­րա­նիր նշե­լու, որ եթէ իշ­խա­նու­թեան կող­քին խա­ղա­լու նպա­տա­կով բեմ մտ­նող­նե­րը կր­նան քուէ­ներ կոր­զել ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէն (յայտ­նի է, որ անոնց­մէ շա­տեր պի­տի չկա­րե­նան խորհր­դա­րան մտ­նե­լու չափ բա­ւա­րար քուէ շա­հիլ), ան­դին, ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն կող­քին բեմ մտած կու­սակ­ցու­թիւն­ներ եւս կր­նան վնա­սել առա­ջա­տար ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն, որով­հե­տեւ իրենց կար­գին կր­նան ձեռք բե­րել մաս մը այն քուէ­նե­րէն, որոնք այ­լա­պէս պի­տի եր­թա­յին գլ­խա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն:
Ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու դաշ­տին մէջ, մէկ բան յս­տակ է ըստ բա­ւա­կա­նին. գլ­խա­ւոր յա­ւակ­նորդ­ներն են «Հա­յաս­տան» (Քո­չար­եա­նի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ), «Պա­տիւ ու­նեմ» (Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու թե­ւը) դա­շինք­ներն ու Գա­գիկ Ծա­ռուկ­եա­նի «Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան»ը, որոնք բա­ցա­յայտ դար­ձու­ցած են, որ անե­րե­ւա­կա­յե­լի է Փա­շին­եա­նի հետ որե­ւէ ձե­ւի գոր­ծակ­ցու­թիւն: Իսկ «Լու­սա­ւոր Հա­յաս­տան»ի ընդ­դի­մա­դի­րի կեց­ուած­քին շուրջ կը մնան հար­ցա­կան­ներ, որով­հե­տեւ, հա­կա­ռակ Փա­շին­եա­նի հետ կա­ռա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն մեր­ժող Էտ­մոն Մա­րուք­եա­նի հա­ւաս­տիք­նե­րուն, դէ­տե­րը կը յի­շեց­նեն, որ այս կու­սակ­ցու­թիւնը բա­ւա­կան հմ­տա­ցած է… լա­րա­խա­ղա­ցու­թեան մէջ:
Այս պատ­կերն է որ ընտ­րա­կան բե­մը կը պա­րու­րէ անո­րո­շու­թեան ամ­պե­րու մէջ, սա­կայն կարգ մը դէ­տեր կ’ըսեն, որ վա­ղը, երբ ընտ­րա­պայ­քա­րը մօ­տե­նայ վախ­ճա­նա­կան փու­լին, կարգ մը թեկ­նա­ծու­ներ կր­նան յայ­տա­րա­րել, թէ կը քաշ­ուին ընտ­րա­պայ­քա­րէ՝ ի նպաստ իշ­խա­նու­թեան կամ այս թէ այն ընդ­դի­մա­դիր առա­ջա­տա­րին: Այս ալ մաս կը կազ­մէ ընտ­րա­կան խա­ղե­րուն: Եթէ նման «քաշ­ուիլ»ներ ար­ձա­նագր­ուին, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ աւե­լի յս­տակ նա­խա­տե­սու­թիւն­ներ կա­տա­րել ար­դիւն­քին մա­սին:
ԱԽ­ՏԱ­ՎԱ­ՐԱԿ ԵՐԵ­ՒՈՅԹ­ՆԵՐ
Քա­նի մը խօսք ալ՝ ընտ­րա­պայ­քա­րի վա­տա­ռողջ մթ­նո­լոր­տին մա­սին: (Նկա­տի չու­նինք հա­մա­ցան­ցա­յին… աղ­բա­նո­ցը):
Ընտ­րա­պայ­քա­րի պաշ­տօ­նա­կան ազ­դան­շա­նէն առաջ իսկ, երբ ընտ­րա­պայ­քա­րը ճամ­բայ ելած էր բուռն թա­փով, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու եւ ոխի տա­րած­ման մտ­րա­կը սկ­սած էր շա­չել աւե­լի՛ հն­չեղ կեր­պով: Այ­լա­մեր­ժու­թիւնը բա­ցո­րոշ դար­ձաւ մաս­նա­ւո­րա­բար «թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թեան դա­րաշր­ջան»ին, երբ հրա­պա­րակ նետ­ուե­ցան հի­նի-նո­րի, յե­ղա­փո­խա­կա­նի-հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կա­նի, սե­ւի-սպի­տա­կի եւ այ­լօ­րի­նակ պի­տա­կա­ւո­րում­ներ:
Ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը փոր­ձեն մնալ աւե­լի՛ չա­փա­ւո­րա­կան, մինչ­դեռ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տը հրա­պա­րակ եկած է սպառ­նա­լիք­նե­րու եւ վրէժխնդ­րութ­եան իրո­ղա­կան կո­չե­րով: Ընտ­րա­պայ­քա­րի կի­սուն, իշ­խա­նու­թեան սուին­նե­րը ուղղ­ուե­ցան նա­եւ կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թեան դէմ, երբ Էջմ­ի­ա­ծի­նէն ար­ձակ­ուե­ցաւ լու­տան­քա­յին եւ սպառ­նա­կան ըն­թաց­քէ ետ կե­նա­լու կոչ մը, ուղղ­ուած՝ մաս­նա­ւո­րա­բար իշ­խա­նա­կան կող­մին: Ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու դա­տո­ղու­թեամբ, սա կը մատ­նէ եր­կու բան. նախ՝ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տին մտա­յին եւ հո­գե­կան ան­նա­խան­ձե­լի դրու­թիւնը, երկ­րորդ՝ «վե­րար­տադր­ուե­լու» ան­յու­սու­թիւնը, որ բա­ցա­յայտ կը դառ­նայ օրէ օր:
Փա­շին­եա­նի ան­յու­սու­թեան մա­սին հա­ւաս­տիք­նե­րը հիմ կը գտ­նեն այլ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րով: Նկա­տե­լի է, որ անոր ընտ­րա­կան հա­ւաք­նե­րուն, ներ­կա­նե­րու թիւը տեղ-տեղ խըղ­ճա­լի է, մինչ­դեռ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէն շա­տեր կը գտ­նեն աւե­լի մեծ թիւով ունկն­դիր­ներ ու հա­մա­կիր­ներ: Ընդ­դի­մա­դիր լրա­տու աղ­բիւր­ներ կը հա­ւաս­տեն, որ Փա­շին­եան իշ­խա­նու­թեան «գոր­ծիք­ներ» կ’օգ­տա­գոր­ծէ, հա­մա­կիր­ներ հա­ւա­քելու հա­մար: Օրի­նակ, Ուր­բաթ, 11 Յու­նի­սին հա­ղորդ­ուե­ցաւ, որ Փա­շին­եան ընտ­րա­պայ­քա­րի գա­ցած է բազ­մա­հա­րիւր ոս­տի­կան­նե­րու (10 օթո­պիւս ոս­տի­կան) ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, որոշ շր­ջան­նե­րու մէջ, բա­ցա­յայտ կամ լուռ սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ ճն­շում­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­ներ բեր­ուած են հան­րա­հա­ւա­քի. դպ­րոց­նե­րու եւ կարգ մը գոր­ծա­րան­նե­րու պաշ­տօն­եա­նե­րուն սպառ­նա­լիք ուղղ­ուած է, թէ կր­նան նպաս­տէ կամ գոր­ծէ զրկ­ուիլ՝ եթէ Փա­շին­եա­նի ընտ­րա­հա­ւա­քին չեր­թան, աշա­կերտ­ներ պար­տադ­րա­բար հա­ւա­քի բեր­ուած են, ընդ­դի­մա­դիր պաշ­տօ­նա­կա­տար­ներ գոր­ծէ կ’ար­ձակ­ուին եւ այլն: Յի­շե­ցում կը կա­տար­ուի, որ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տը վեր­ջին ամիս­նե­րուն անուղ­ղա­կի ընտ­րա­կա­շառ­քի դի­մած է (օրի­նակ՝ ոս­տի­կան­նե­րու, բա­նա­կա­յին­նե­րու, ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ այ­լոց ամ­սա­կա­նի յա­ւե­լում­ներ խոս­տա­նա­լով ու սա կը դիտ­ուի իբ­րեւ պար­գե­ւավ­ճա­րի նոր ձեւ մը…): Փո­խա­դար­ձա­բար, իշ­խա­նու­թեան աղ­բիւր­նե­րը կը պն­դեն, թէ ընդ­դի­մա­դիր­ներ բա­ցա­յայ­տօ­րէն ըն­տրա­կա­շառք բաժ­նե­լու ձեռ­նար­կած են, կան մե­ղադր­եալ­ներ, ձեր­բա­կալ­եալ­ներ…: Այս երես­նե­րը ար­ձա­նագ­րենք առանց եր­կար մեկ­նա­բա­նու­թեան, այլ միայն նշե­լով, որ նման ան­բաղ­ձա­լի վի­ճակ­ներ ան­նա­խըն­թաց չեն, ո՛չ Հա­յաս­տա­նի, ո՛չ ալ Եր­րորդ Աշ­խար­հի կամ մին­չեւ իսկ զար­գա­ցած եր­կիր­նե­րու մէջ:
ԳԵ­ՐԻ­ՆԵ­ՐՈՒ «ԽԱ­ՂԱ­ՔԱՐՏ»Ը
Այս ու նմա­նօ­րի­նակ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու մթ­նո­լոր­տին եւ «հո­վանի­ին» տակ է որ տե­ղի կ’ու­նե­նայ ընտ­րա­պայ­քա­րը: Ինչ­պէս նա­խա­տե­սե­լի էր, տաք նիւ­թերն են պա­տե­րազմն ու հե­տե­ւանք­նե­րը, գե­րի­նե­րու ան­հո­րի­զոն տագ­նա­պը: Ընդ­դի­մա­դիր կարգ մը աղ­բիւր­ներ կ’եր­թան մին­չեւ հոն, թէ Ատր­պէյ­ճան 12 Յու­նի­սին ազատ ար­ձա­կեց 15 գե­րի՝ նպաս­տե­լու հա­մար… Փա­շին­եա­նի ընտ­րա­պայ­քա­րին, վա­ղը ու­րիշ­ներ ալ կր­նան ազատ ար­ձակ­ուիլ, որով­հե­տեւ Ալիեւ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տը գտած է իր ծրա­գիր­նե­րուն լա­ւա­գոյնս յար­մա­րող ղեկավա­րը: Տաք նիւ­թեր են Սիւ­նի­քէն մին­չեւ Տա­ւուշ՝ ազեր­ի­ա­կան թա­փան­ցում­ներն ու անոնց նկատ­մամբ ընդ­հան­րա­պէս «մա­տը մա­տին չզար­նե­լու» իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը (կրա­կոց-հա­կակ­րա­կոց­ներն ալ «խա­ղին մաս կը կազ­մէ»՝ կ’ըս­ուի), տն­տե­սու­թեան ու դիւա­նա­գի­տա­կան ան­կու­մա­յին վի­ճակ­նե­րը եւ… մա­սամբ նո­րին: Ար­ցա­խը բա­ցա­կայ չէ, սա­կայն յս­տակ է, որ ըստ բա­ւա­կա­նին լու­սանց­քայ­նաց­ուած է շա­տե­րու կող­մէ, անոր հո­ղե­րուն մեծ մա­սին կո­րուս­տը ըն­դուն­ուած է իբ­րեւ կա­տար­ուած իրո­ղու­թիւն. միայն կարգ մը ընդ­դի­մա­դիր­ներ կը խոս­տա­նան շր­ջել յետ-պա­տե­րազմ­եան աղէ­տա­լի ըն­թաց­քը: Այս տու­եալ­նե­րուն մէջ, ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը օր աւուր կոչ կ’ուղ­ղեն քու­է­ար­կող­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­բար անոնց, որոնք կը մտա­ծեն չմաս­նակ­ցիլ քու­է­ա­րկու­թեան, թէ՝ այս հանգր­ուա­նին, կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը անըն­դու­նե­լի է, երբ երկ­րին ու ՊԵ­ՏՈՒԹ­ԵԱՆ (եւ ո՛չ միայն իշ­խա­նու­թեան) ճա­կա­տա­գիր­ներն են գրա­ւի դր­ուած, հե­տե­ւա­բար, պէտք է մաս­նակ­ցիլ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ քուէ տալ այն ու­ժե­րուն, որոնք յոյս ու­նին,- եւ յոյս կը ներշն­չեն,- որ կա­րե­լի է սկ­սիլ երկ­րի փր­կու­թեան, իսկ հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տին եւ կող­քին քա­լող­նե­րուն վե­րա­դար­ձը պի­տի նշա­նա­կէ կո­րուստ­նե­րու եր­թին շա­րու­նա­կու­մը:
Մէկ խօս­քով, եր­կի­րը 20 Յու­նի­սին պի­տի գտն­ուի եր­կու գլ­խա­ւոր ու­ղի­նե­րու մի­ջեւ ըն­տրանք մը կա­տա­րե­լու հրա­ւէ­րին դի­մաց:
Այս բո­լո­րէն ան­դին, մերթ ընթ մերթ կ’ար­ծարծ­ուին նա­եւ շր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն բե­րած ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը: Սա­կայն սա ար­դէն առան­ձին քն­նար­կե­լի ոլորտ մըն է: (Յա­ջոր­դիւ):
Ս. Մահսերէճեան