Փա­խո՞ղ,  թէ՞ փախ­չող
Հայր Անդ­րա­նիկ Կռան­եան իր ծա­նօթ բա­ռա­րա­նի (1982) վար­դա­գոյն բաժ­նին մէջ (էջ 758) կը գրէ. «Մի՛ ըսէք փախ­չող եւ ու­տող, այլ ըսէք փա­խող եւ կե­րող»,- «որով­հե­տեւ,- կը հիմ­նա­ւո­րէ հայր սուր­բը,- դեր­բա­յա­կան -ող ձե­ւը  յա­ռաջ կու գայ  բա­յին անց­եալ կա­տար­եալ ժա­մա­նա­կէն, ո՛չ անե­րե­ւոյ­թէն»:  Քա­նի որ  այս եր­կու բա­յե­րուն անց­եալ կա­տար­եալն է  փախ-այ եւ կեր-այ (ուր հիմ­քերն են փախ- եւ կեր-), ու­րեմն՝ փախ-ող եւ կեր-ող: Մինչ անո­րո­շի հիմ­քերն են՝ փախչ (-իլ) եւ ուտ (-ել), իսկ ինք կը մեր­ժէ այս հիմ­քե­րով կազ­մել իր  այդ եր­կու դեր­բայ­նե­րը եւ ըսել՝ փախչ-ող եւ ուտ-ող:
* * *
Երբ կա­թո­ղի­կէ վար­դա­պետ մը աշ­խար­հա­բա­րի  կա­նոն կը բա­նա­ձե­ւէ, պէտք է մտիկ ընել՝ առ ի քա­ղա­քա­վա­րու­թիւն, սա­կայն ըս­ուա­ծը այ­լա­պէս ալ հիմ­նա­ւո­րել ու հաս­տա­տել, որով­հե­տեւ ընդ­հան­րա­պէս ուղ­ղու­մի կա­րօ­տող թե­րի  բան մը պի­տի գտն­ուի անոր բա­նա­ձե­ւու­մին մէջ: Այլ հարց, թէ աշ­խար­հա­բա­րի գե­րա­գոյն տե­սա­բա­նը եղած ըլ­լայ կա­թո­ղի­կէ վար­դա­պետ մը՝ հայր Ար­սէն Այ­տըն­եա­նը:
Ճիշդ ո՞ւր փնտ­ռել Կռան­եա­նի մո­լո­րու­թեան աղ­բիւ­րը,- չեմ կր­նար ըսել,  քա­նի իր տե­սա­կէ­տը հաս­տա­տող աղ­բիւր ծա­նօթ չէ ին­ծի՝ ո՛չ գրա­բար, ո՛չ  աշ­խար­հա­բար: Եւ տր­ուած ըլ­լա­լով,  որ ան հմուտ գրա­բա­րա­գէ­տի համ­բաւ կը վա­յե­լէր, նախ տես­նենք այս­տեղ տի­րող կա­ցու­թիւնը՝ դի­մե­լով գրա­բա­րի արա­մազ­դին՝ Ար­սէն Բագ­րա­տունիի:
Ի՞նչ կ’ըսէ գրա­բա­րի քե­րա­կա­նու­թիւնը:
Իր համ­բա­ւա­ւոր աշ­խա­տութ­եան՝ «Ի Պէտս Զար­գա­ցե­լոց»ի 494-րդ պար­բե­րու­թիւնը ան  յատ­կա­ցու­ցած է սեր­տուող դեր­բա­յին, որ ար­դի եզ­րա­բա­նու­թեամբ կը կո­չենք «են­թա­կա­յա­կան դեր­բայ»: Այս­տեղ նշ­ուած է, որ այս դեր­բա­յը կը յա­ռա­ջա­նայ հա­ւա­սա­րա­պէս անո­րո­շի եւ կա­տար­եա­լի հիմ­քե­րէն, այլ խօս­քով՝ գրա­բա­րը…կա­յուն ու մի­աս­նա­կան  կա­նոն մը չու­նի այս պա­րա­գա­յին. Եւ կու տայ օրի­նակ­ներ՝ առն-ող եւ արար-ող (ընող), ատ-ող եւ ատեց-ող, աս-ող  եւ ասաց-ող, դն-ող եւ եդ-ող, սիր-ող եւ  սի­րեց-ող եւ այլն,  ու յա­տուկ կը շեշ­տէ՝ փախչ-իլ> փախչ-ող:
Բեր­ուած զոյ­գե­րէն առա­ջի­նը միշտ  ներ­կա­յի հիմքն է [օրի­նակ՝ առն (-ել)], իսկ երկ­րոր­դը՝ կա­տար­եա­լի [օրի­նակ՝ արար(-ի)]:
Ըստ այսմ՝ կա­րե­լի է միայն զար­մա­նալ, թէ Կռան­եան ի՞նչ հիմ­նա­ւո­րու­մով ճամ­բայ կ’ել­լէ՝ բա­նա­ձե­ւե­լու հա­մար աշ­խար­հա­բար­եան կա­նոն մը, նոյ­նիսկ եթէ մտա­ծենք, որ գրա­բա­րը աշ­խար­հա­բա­րի մայրն ու սնու­ցիչն է:
* * *
Եւ ահա կը տես­նենք, որ այդ մայրն ու սնու­ցի­չը նման սահ­մա­նա­փա­կող կա­նոն մը չ’են­թադ­րեր. փաս­տօ­րէն շատ գրա­բա­րի սըր­տո­վը չէր այս են­թա­կա­յա­կան դեր­բայ ըս­ուա­ծը, այդ պատ­ճա­ռով ալ կա­յուն կա­նոն մը չէ հսա­տատ­ուած այն­տեղ, մինչ­դեռ աշ­խար­հա­բա­րը ու­նի են­թա­կա­յա­կան դեր­բա­յի կազ­մու­թեան   ան­բե­կա­նե­լի ու ան­շե­ղե­լի հա­մա­կարգ մը, որ ոչ մէկ խո­տո­րում, ոչ մէկ երկ­ուու­թիւն ու բա­ցա­ռու­թիւն կը ճանչ­նայ:
Ըստ այս վեր­ջի­նին՝ ել եւ իլ լծոր­դու­թեանց բո­լոր բա­յե­րը անխ­տիր  իրենց նշ­եալ դեր­բա­յը կը կազ­մեն անո­րո­շի  կամ ներ­կա­յի   հիմ­քէն մի՛միայն.  ու­րեմն՝ ըստ այս կա­նո­նին՝  փախչ-իլ եւ ուտ-ել պի­տի միայն ու ան­շե­ղօ­րէն տան՝
փախչ-իլ > փախչ-ող,
ուտ-ել     > ուտ-ող:
* * *
Այս այս­պէս ըլ­լա­լով՝ ստո­րեւ քիչ մը աւե­լի ծան­րա­նանք  «չ» ածան­ցը ու­նե­ցող բա­յե­րուն վրայ, որոնց մէկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է փախ-չ-իլ բա­յը:
Շատ հի­նէն եկող բա­յեր են այս­պի­սի­նե­րը, որոնք Ե. դա­րը դի­մա­ւո­րած են բա­ւա­կան աղ­ճատ­ուած վի­ճա­կով, որով­հե­տեւ մեր լե­զուն ոչ մէկ ատեն հան­գիստ  զգա­ցած է ասոնց ներ­կա­յու­թեան: Եթէ հին­գե­րորդ դա­րուն քա­նի մը տասն­եակ էին անոնք, ներ­կա­յիս  հա­զիւ վեց  են՝ դպ­չիլ, թռ­չիլ, կպ­չիլ, փախ­չիլ, փակ­չիլ, փլ­չիլ:
Ասոնց  խո­ցե­լի կէ­տը  չ ածանցն է,  որ  կա­յուն չէ. ան մերթ ներ­կայ է, մերթ բա­ցա­կայ:
ա) Դի­մա­ւոր ձե­ւեր՝ կը փախ­չիմ-կը փախ­չէի-փա­խայ-պի­տի փախ­չիմ-պի­տի փախ­չէի-փա­խի՛ր-փա­խէ՛ք-փախ­չիմ-փախ­չէի:
բ) Ան­դէմ՝ դեր­բա­յա­կան ձե­ւեր՝ փախ­չիլ-փախ­չող-փա­խած-փա­խեր-փախ­չիր-փախ­չեր (չեմ փախ­չիր-չէի փախ­չեր)-փախ­չե­լու-փախ­չե­լիք-փախ­չե­լէն:
Ու­րեմն շեղագիրով ներ­կա­յա­ցող­նե­րը ածան­ցա­զուրկ են, որոնք շուա­րու­մի անս­պառ աղ­բիւր են. այս­պէս՝ եթէ  հրա­մա­յա­կա­նը փա­խի՛ր է, ապա ասոր ժխ­տա­կա­նը մի՛ փախ­չիր է, իսկ յոգ­նա­կին մէկ կող­մէ՝ փա­խէ՛ք,  միւս կող­մէ՝ մի՛ փախ­չիք:
Աւե­լի բարդ կամ շփո­թե­ցու­ցիչ են բա­ղադր­եալ ժա­մա­նակ­նե­րը.  բաղ­դա­տել՝ փա­խեր եմ- չեմ փա­խեր, փա­խեր էի-չէի փա­խեր, որոնք կը խա­չա­ձեւ­ուին ան­կա­տա­րի  ժխ­տա­կա­նով՝ չէի փախ­չեր. ու­րեմն՝  մէկ կող­մէ՝ չէի փա­խեր, միւս կող­մէ՝ չէի փախ­չեր…ինչ­պէ՞ս կ’ու­զէք, որ մարդ­կա­յին միտ­քը տի­րա­պե­տէ այս դժոխ­քին:
Ան­շուշտ չեմ ակն­կա­լեր, որ իւ­րաց­նէք այս բո­լո­րը, տա­կա­ւին հարց է, թէ մին­չեւ այս­տեղ տո­կա՞ց ձեր համ­բե­րու­թիւնը եւ կար­դա­ցի՞ք այս­քա­նը:
* * *
Ինչ­պէ՞ս կը դի­մագ­րա­ւէ ար­դի արեւմ­տա­հա­յը այս ծու­ղակ­նե­րը:
Մեծ վե­րա­պա­հու­թեամբ ակըն­կա­լե­լով, որ կը գտն­ուին քա­նի մը,- մի՛այն քա­նի մը,- արեւմ­տա­հա­յեր, որոնք ան­թե­րի կը կի­րար­կեն այս բա­յե­րը իրենց ողջ յա­րա­ցոյ­ցով, մնաց­եալ­նե­րը…պար­զա­պէս կը խառ­նեն ածան­ցա­ւոր եւ ածան­ցա­զուրկ ձե­ւե­րը. օրի­նակ՝ կը փա­խիմ, փո­խա­նակ՝ կը փախ­չիմ. փա­խե­ցայ, փո­խա­նակ՝ փա­խայ. փախ­չի՛ր, փո­խա­նակ՝ փա­խի՛ր. փախ­չեր եմ, փո­խա­նակ՝ փա­խեր եմ: Նմա­նա­պէս մնաց­եալ հին­գը:
Զօ­րա­ւոր ձգ­տում մը կայ պար­զաց­նե­լու այս բա­յե­րը, այ­սինքն՝ ջըն­ջե­լու ածան­ցը ներ­կա­յի եւ ան­կա­տա­րի մէջ, այլ խօս­քով՝ կը դպիմ, կը թռիս, կը կպի, կը փա­խէի, կը փա­կէ­իր, կը փլէր  եւ այլն:  Այս պար­զաց­ուած ձե­ւե­րէն մէկ քա­նին ար­դէն մտած են  ար­դի բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ, քիչ մը խառ­նակ ձե­ւով. օրի­նակ՝ Կռան­եան ու­նի թէ՛ փլիլ, թէ՛ փլ­չիլ. Տէր Խա­չա­տուր­եան հա­ւա­սա­րա­պէս ու­նի կպիլ եւ կպ­չիլ  եւ այս­պէս շա­րու­նակ:
* * *
Իսկ ի՞նչ եղան եւ ո՞ւր մնա­ցին գրա­բա­րի միւս ածան­ցա­ւոր բա­յե­րը:
ա)  Նախ աշ­խար­հա­բա­րէն դուրս  մնա­ցած են այտ­չիլ եւ յարն­չիլ:
բ) Ու­րիշ­ներ կորսն­ցու­ցած են ածան­ցա­կան խո­նար­հու­մը՝ չ-ին կցու­մով բա­յար­մա­տին, եւ դար­ձած են պարզ կա­նո­նա­ւոր. ինչ­պէս՝ երկն­չիլ, խրտ­չիլ, կառ­չիլ, հանգ­չիլ1, մատ­չիլ, մարտն­չիլ, մե­ղան­չել. օրի­նակ՝ երկն­չե­ցայ-երկն­չի՛ր, մինչ գրա­բա­րը կ’ըսէր՝ երկ­եայ-եր­կի՛ր:
գ)  Չ ածան­ցը թօ­թա­փած են զատ­չիլ, ուռ­չիլ2, սառ­չիլ՝ տա­լով զատ­ուիլ, սա­ռիլ, ու­ռիլ3: Արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը կը պա­հէ վեր­ջին եր­կու­քին ածան­ցա­ւոր ձե­ւե­րը:
դ) Չ-ն փո­խա­նա­կած են ն-ով թաք­չիլ,  զարթ­չիլ եւ ոստ­չիլ, տա­լով՝ թաքն­ուիլ, զարթ­նիլ եւ ոստ­նել: Իսկ ճա­նա­չել-ին վրայ աւել­ցած է ն ածան­ցը, փոխ­ուած է բա­յին լծոր­դու­թիւնը (ել>ալ), եւ ան կը պա­հէ իր ածան­ցա­կան խո­նար­հու­մը՝ ճանչ­ցայ-ճանչ­ցի՛ր, գրա­բար­եան ծան­եայ-ծա­նի՛ր-ի փո­խա­րէն, մինչ արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ ան պա­հած է իր գրա­բար­եան կա­ղա­պա­րը՝ դառ­նա­լով ել լծոր­դու­թեան պարզ կա­նո­նա­որ բայ մը՝ ճա­նա­չե­ցի-ճա­նա­չի՛ր:
ե) Կորն­չիլ իր այս կազ­մով եւ իբ­րեւ պարզ կա­նո­նա­ւոր բայ շատ հազ­ուա­գիւտ կի­րար­կու­թիւն­ներ ու­նի վե­րամ­բարձ  կամ հռե­տո­րա­կան ոճի մէջ. «Թող կորն­չին բո­լոր աղան­դա­ւոր­նե­րը»…: Աւե­լի գոր­ծա­ծա­կան է ասոր ամ­փոփ ձե­ւը՝ կոր­չիլ, որ յա­ռա­ջա­ցած է աշ­խար­հա­բա­րի մէջ եւ ու­նի ածան­ցա­կան խո­նար­հում՝ կո­րայ-կո­րար-կո­րաւ-կո­րի՛ր, սա­կայն ու­նի կա­նո­նա­ւոր խո­նար­հում մըն ալ՝ կոր­չե­ցայ-կոր­չե­ցար-կոր­չե­ցաւ-կոր­չի՛ր: Այ­սու­հան­դերձ մի­ջին  արեւմ­տա­հա­յը շատ աւե­լի հան­գիստ կը զգայ կորս­ուիլ եւ կորսնց­նել բա­յա­ձե­ւե­րով, որոնք  գրա­բար­եան  կորն­չել բա­յի ներ­գոր­ծա­կա­նէն՝ կո­րու­ցա­նել  կամ  կո­րու­սա­նել տար­բե­րա­կէն յա­ռա­ջա­ցած են:
Եզ­րա­կա­ցու­թիւն
Ահա այս­պի­սի ահար­կու հա­մա­կար­գի մը առ­ջեւ կը գտն­ուի  ներ­կայ հա­յը, մաս­նա­ւո­րա­բար դպ­րո­ցա­կա­նը, որ զայն դի­մագ­րա­ւե­լու եւ գո­հա­ցու­ցիչ սահ­ման­նե­րու մէջ իւ­րաց­նե­լու հա­մար ոչ մէկ ու­ղե­ցոյց ու­նի, ոչ մէկ դա­սա­գիրք ու ոչ մէկ ու­սու­ցիչ: Միւս կող­մէ՝ ոչ մէկ կր­թա­կան մար­մին հե­տաքրքր­ուած է այս հար­ցե­րով, որ­պէս­զի մտած­ուէր լու­ծու­մի մը մա­սին:
Արմենակ Եղիայեան