Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իր նախագահ ընտրուելէն ետք արտասանած առաջին խօսքին մէջ յայտնեց. «Ուաշինկթընն ու եւրոպական պետութիւնները պէտք է վերակենդանացնեն հիւլէական համաձայնութիւնը, եւ եւրոպացիք պէտք է յանձնառու մնան համաձայնութեան եւ չենթարկուին ամերիկացիներուն»:
«Ես կը զօրակցիմ հիւլէական բանակցութիւններուն, սակայն պէտք է իրագործել իրանեան պահանջները, եւ մաշումի բանակցութիւններ պիտի չարտօնենք: Բանակցութեան որեւէ փուլ պէտք է արդիւնքներ արձանագրէ, եւ կը մերժենք բանակցութեան սիրոյն բանակցիլը», նշեց ան:
«Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը առնչուած պիտի ըլլայ բոլոր երկիրներուն հետ համապարփակ ու հաւասարակշռուած վարմունքին, եւ պատժամիջոցներու ջնջման հարցը կառավարութեանս արտաքին քաղաքականութեան առանցքը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` յայտարարելով. «Չեմ ուզեր հանդիպում ունենալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ, եւ Չինաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները Իրանի մէջ յեղափոխութենէն ի վեր կը շարունակուին»: