Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, այս շաբաթավերջին՝ 26 եւ 27 Յունիսին, տեղի կ՚ունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ա. առցանց բանակումը, մասնակցութեամբ միութեան 25 շրջաններու աւելի քան 1000 սկաուտներու։ Բանակումին կը մասնակցին նաեւ Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան սկաուտներ։
«Միասնութիւն՝ կայուն ապագայի մը համար» բնաբանով կազմակերպուած այս բանակումը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ նորութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին համար։ Բանակումը կը սկսի Շաբաթ, 26 Յունիսի երեկոյեան ժամը 5-ին եւ կ’աւարտի Կիրակի, 27 Յունիսի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամով)։ 24 ժամուան տարբեր պահերուն, աշխարհի չորս ծագերուն ապրող Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ, իրենց յարմարող ժամերուն, միութեան կողմէ տրամադրուած ե-նամակներու յատուկ գաղտնաբառերով կ’այցելեն այս նպատակին համար ստեղծուած ելեկտրոնային հարթակ-բանակավայրը (phoj.homenetmen.org), ուր անոնք առիթը կ’ունենան մասնակցելու բանակավայրի գործունէութեան զանազան մարզերուն.- սկաուտական խաղեր, ղեկավարման հմտութիւններու զարգացումներ, դաստիարակչական աշխատանքներ, Հայաստանի ծանօթացման առցանց շրջապտոյտներ, հայկական խոհանոցի ծանօթացման յայտագիրներ եւ այլն։
Բանակումի տարբեր ժամերուն մասնակիցներուն «կ’այցելեն» կարգ մը հիւրեր, որոնք կը փոխանցեն իրենց սրտի խօսքերը կամ կը պատասխանեն սկաուտներու հարցումներուն։ Հիւրերու շարքին են Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլեան, Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան (Գանատա), ֆիլմերու արտադրիչ Սեւ Օհանեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), մանկաբոյժ տոքթ. Ալին Ա. Պաղտասարեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան (Ֆրանսա) եւ «Միասին» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան հիմնադիր Մարիա Սարգիսեան (Հայաստան)։
Յայտագիրի վրայ են դաստիարակչական հանդիպումներ՝ հանրածանօթ հաղորդավար Գեւ Օրգեանի (Անգլիա), առցանց լսարաններու զրուցավար Յակոբ Էմրազեանի (Քուէյթ), գրագէտ, թատերագիր եւ մենախօսութիւններու վարպետ Վահէ Պէրպէրեանի (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ) եւ խոհարար Ալին Գամաքեանի հետ (Լիբանան)։
Բանակումը պիտի ունենայ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի իր առցանց հաղորդումները։ Մասնակից շրջաններ պիտի ներկայացնեն այս առիթով իրենց պատրաստած եւ նկարահանած խարուկահանդէսները, իսկ շնորհալի սկաուտներ առիթը պիտի ունենան յատուկ տեսանիւթերով ներկայացնելու իրենց տաղանդները (երգ, պար, նուագ, ասմունք, մարզանք եւ խոհարարական կարողութիւններ)։
Առցանց բանակումին կը մասնակցին 13 տարիքը բոլորած սկաուտներ, որոնք առիթը կ’ունենան աշխարհագրական բոլոր հեռաւորութիւնները յաղթահարելով՝ 24 ժամ գտնուիլ ելեկտրոնային միեւնոյն հարթակին վրայ, ծանօթանալ իրարու, զրուցել իրարու հետ, խաղալ ու մրցիլ իրարու դէմ եւ մասնակիցը դառնալ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս աննախընթաց եւ իւրայատուկ նախաձեռնութեան յաջողութեան։