Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հանջ­քին ժամ­կէ­տը մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու տե­ղիք կու տայ քա­նի մը տու­եալ­նե­րով:
Բո­ղո­քը մտա­ծել կու տայ, թէ արդ­եօ՞ք ան կազ­մա­կերպ­ուած է ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­բուխ պոռթ­կու­մով, թէ քա­ղա­քա­կան որոշ ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Փաս­տե­րը ցոյց կու տան, որ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղոք է տե­ղի ու­նե­ցա­ծը:
Բո­ղո­քին օրն ու ժա­մը մտա­ծել կու­ տան նա­եւ, թէ ին­չո՛ւ ժո­ղո­վուր­դը ու­շա­ցած, ճիշդ այս օրե­րուն կը դի­մէ բո­ղո­քի, մինչ­դեռ պա­տե­րազ­մէն դուրս գա­լէն ու ահա­ւոր կո­րուստ­ներ կրե­լէն ետք չնա­խա­ձեռ­նեց բո­ղո­քի նման շար­ժում­նե­րու՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հրա­ւի­րե­լով երկ­րի նա­խա­գա­հը պա­տե­րազ­մի պար­տու­թեան, գե­րի­նե­րու եւ տե­ղա­հան­ուած­նե­րու հար­ցե­րուն եւ ար­ցախ­եան տա­րածք­ներ կորսնց­նե­լուն առու­մով իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը մատ­նան­շե­լով:
Իսկ եթէ պար­զա­պէս Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն գծով Ար­ցա­խի հո­ղա­տա­րածք­նե­րու յանձ­նու­մին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը կրող իշ­խա­նու­թեան վե­րընտ­րու­մը շնոր­հա­ւո­րե­լու բո­ղոք է սա, մի­թէ՞ պարզ ու յս­տակ չէր Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն քա­ղա­քա­կան նոյն առանց­քին պատ­կա­նի­լը: Ի՞նչ փոխ­ուած է յետ­պա­տե­րազմ­եան սկզբ­նա­կան օրե­րու  կա­ցու­թե­նէն…:
Եթէ բո­ղո­քի այս ըն­թաց­քը շա­րու­նակ­ուի ու նա­խա­գա­հը հրա­ժա­րի, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կայ տա­րած­քին մէջ որ­քա­նով ապա­հով­ուած պի­տի ըլ­լան նա­խա­գա­հա­կան նոր ընտ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման իրա­ւա­կան հիմ­քերն  ու պայ­ման­նե­րը, յատ­կա­պէս նկա­տի ու­նե­նա­լով Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կին ցարդ ան­լոյծ մնալն ու բռ­նագ­րա­ւող ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թիւնը: Ցա­ւօք, Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն ետք հիմ­նո­վին ան­տես­ուե­ցաւ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քը, հե­տե­ւա­բար Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւն­ներն ու սփիւռք­եան կա­ռոյց­նե­րը, յատ­կա­պէս Հայ Դա­տի գրա­սեն­եակ­նե­րը ճամ­բայ ու­նին հար­թե­լու այդ իրա­ւուն­քի պահ­պա­նու­մին ու Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կի յս­տա­կե­ցու­մին հա­մար, որ­պէս Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք, ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քի հի­մամբ ժո­ղովր­դա­յին հան­րաք­ուէ­ով ան­կա­խու­թիւն հռ­չա­կած Հան­րա­պե­տու­թիւն:
Պահ մը են­թադ­րենք, որ Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նէ հրա­ժա­րե­լու, ինչ­պէ՞ս պի­տի ապա­հով­ուի նոր նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան օրի­նա­կա­նու­թիւնը, երբ բնակ­չու­թեան նկա­տա­ռե­լի մէկ տո­կո­սը տե­ղա­հան­ուած է  ու գաղ­թած:
Ի՞նչ նպա­տա­կի պի­տի ծա­ռա­յէ նա­խա­գա­հի հրա­ժար­ման հար­ցի ար­ծար­ծու­մը այս օրե­րուն, ան­կախ նա­խա­գա­հին վա­յե­լած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թե­նէն ու ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի պար­տու­թեան մէջ իր ու­նե­ցած կամ չու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թե­նէն:
Արդ­եօ՞ք նման քայլ պի­տի չա­ռաջ­նոր­դէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան հա­մա­կար­գի տա­պալ­ման: «Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է եւ վերջ» կո­չե­րով հան­դէս եկող­նե­րը արդ­եօ՞ք այս օրե­րուն կը նա­խա­պատ­րաս­տէ­ին հան­րա­յին կար­ծի­քը՝ Ար­ցա­խէն պա­հե­լու քա­նի մը շր­ջան, զայն մի­աց­նե­լու Հա­յաս­տա­նին ու վերջ տա­լու ար­ցախ­եան հար­ցին ընդ­հան­րա­պէս:
Ար­ցա­խի նա­խա­գահ չու­նե­նա­լը ո՞ր կող­մե­րուն ձեռն­տու է այս օրե­րուն… երբ թշ­նա­մին ոչ միայն բռ­նագ­րա­ւած է Ար­ցա­խի մեծ մա­սը, այ­լեւ իր մշա­կոյ­թը տա­րա­ծե­լով ար­ցախ­եան քա­ղաք­նե­րու դի­մա­գի­ծը փո­խե­լու հեւ­քի մէջ է: