ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նապիլ Մաալուլ Չինաստանի հաւաքականէն պարտութիւն կրելէ ետք հրաժարականը ներկայացուց: Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Դաշնութեան նախագահ Ֆիրաս Մուալլա քննդատեց Մաալուլի աշխատանքը, յայտնելով, որ հաւաքականի խաղարկութեան մակարդակը նուազած է եւ ան արժանի չէ ոչ մէկ պարգեւատրումի:
Աւելցնենք, որ ֆութպոլի կոմիտէն բանակցութիւններ սկսաւ վարել հաւաքականին նոր մարզիչ մը ապահովելու համար:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Դաշնութեան նախագահ Ֆիրաս Մուալլա հիւրընկալեց Սուրիոյ պասքեթի հաւաքականը, եւ գնահատեց անոնց արձանագրած յաղթանակը: Մուալլա խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ հաւաքականին, աւելի բարձր նուաճումներու հասնելու համար:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍԵՐԺԻՕ ՌԱՄՈՍ ՉԿՐՑԱՒ ԶՍՊԵԼ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Սերժիօ Ռամոս իր արտասանած խօսքին մէջ չկրցաւ զսպել արցունքները: Ան 16 տարի մայրաքաղաքի խումբին հետ տիրացաւ բազմաթիւ տիտղոսներու: Ռամոս ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել ակումբի նախագահին, մարզիչներուն, ընկերներուս եւ բոլոր պաշտօնէութեան, որոնց հետ ապրած եմ կեանքիս ամէնէն լաւ օրերը. Կ’ուզէի ակումբը լքել դաշտին մէջ, ժողովուրդին ներկայութեան: Պատանի տարիքիս հօրս հետ մուտք գործեցի ակումբ, եւ այսօր ունիմ ընտանիքս, որուն դարձեալ կը յայտնեմ շնորհակալութիւններս»: Աւարտին Ռամոս պարգեւատրուեցաւ Ռէալ Մատրիտի շքանշանով:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԵՐԵՔ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԵՌԱՑԱՒ
Եւրօ 2020-ի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Թուրքիոյ հաւաքականը երեք պարտութիւն կրելով հեռացաւ Եւրոպայի մրցաշարքէն: Ան Կիրակի օր 3-1 արդիւնքով զիջեցաւ Զուիցերիոյ հաւաքականին, որմէ չորս օր առաջ, ան դարձեալ պարտուեցաւ Ուէլզէն՝ 2-0 արդիւնքով: Նոյն խմբակէն, Իտալիան երեք յաղթանակներով գրաւեց աղիւսակին առաջին դիրքը եւ փոխանցուեցաւ յաջորդ փուլ: Փորթուկալի հաւաքականը 4-2 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Գերմանիոյ կազմէն, իսկ Հունգարիա-Ֆրանսա, Սպանիա-Լեհաստան եւ Խրուաթիա-Չեխիա հաւաքականներու հանդիպումները աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ, մինչդեռ Շուէտ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովաքիան: Նոյն արդիւնքով Ֆրանսան պարտութեան մատնեց Գերմանիան, իսկ Ռուսիան՝ Ֆինլանտան:
ՄԻԼԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼ ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ԽԱՂԱՑՈՂԸ
Ըստ ua.tribuna.com-ի, Իտալիոյ Միլանը հետաքրքրուած է Ուքրանիոյ հաւաքականի եւ Պելճիքայի Քենտի յարձակողական խաղացող Ռոման Եարեմչուկի ծառայութիւններով։ Իտալական ակումբի մարզիչ Փաուլօ Մալտինին այս հարցով դիմած է Քենտի ներկայացուցիչներուն: Միլան փափաք ունի 3 միլիոն եւրոյով ձեւակերպել Եարեմչուկի մէկ տարուան վարձակալութիւնը, այնուհետեւ փոխադրութեան 15 միլիոն եւրոյով գնելու իրաւունքով։
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ