“Երկիր”._Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիրին համապատասխան՝ 28 ՅունիսինՊաքուի մէջ սկիզբ առած են մարտական վարժանքներ՝ մարտական կրակով։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Ըստ անոնց, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ անձնակազմի մասնակցութեամբ զօրավարժութիւններու հիմնական նպատակն է բարելաւել երկու երկիրների բանակներուն ստորաբաժանումների փոխգործակցութիւնը ռազմական գործողութիններու ընթացքին, զարգացնել հրամանատարներու շրջանին ռազմական որոշումներ կայացնելու եւ ստորաբաժանումներու հմտութիւնները: Զօրավարժութիւններուն, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 30 Յունիս, ներգրաւուած են մինչեւ 600 զինուորական, մինչեւ 40 հռասայլ եւ այլ զրահամեքենաներ, մինչեւ 20 տարբեր տրամաչափի հրետանային կայանքներ եւ ականանետներ, 7 մարտական եւ երթեւեկային ուղղաթիռներ, 3 անօդաչու թռչող սարքեր՝ տարբեր նպատակներով, մինչեւ 50 երթեւեկային միջոց։