“Երկիր Մետիա”._ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան (ԱԻՆ) տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Տաւուշի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը 28 Յունիսին, Երեւանի ժամով ժամը 17։55-ին ահազանգ ստացած է, որ Ազատամուտ գիւղի մէջ խոտածածկոյթ կ’այրի: Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատի երկու մարտական խումբ եւ քաղաքացիական պաշտպանությմեան վարչութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու հաւաքական կեդրոնի Տաւուշի եւ Նոյեմբերեանի յատուկ պահպանութեան հրշէջ-փրկարարական խումբեր։ Աղբիւրին համաձայն, պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի չէզոք գօտիին եւ Սեւքար գիւղի արօտավայրերուն մէջ: