Չորեքշաբթի, 30 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Ռաքքայի հիւսիսային արուարձանի Թալ Ապեատ աւանին շրջակայքը գտնուող Զանուպիա եւ Արիտա գիւղերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով բնակարաններ քանդուեցան եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։