Միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանց­քի նա­խօր­եա­կին, ՀՄԸՄ-ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րը նախ­քան Հա­լէպ ժա­մա­նե­լը կազ­մա­կեր­պե­ցին մար­զա­կան ներ­քին մր­ցա­շար­քեր, որոնց ախոյ­եան հան­դի­սա­ցող քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն պար­գե­ւատ­րու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանց­քին, ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ.Վար­չու­թեան ձե­ռամբ:
ՀՄԸՄ-ի Լա­թաք­իոյ Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնը կազ­մա­կեր­պեց ճատ­րա­կի եւ լո­ղի մր­ցա­շարք։ Ախոյ­եան հան­դի­սա­ցան՝
Եղբ. Յով­սէփ Քէ­չէճ­եան (ճատ­րակ)
Քոյր Միր­ի­ամ Տէ­միրճ­եան (լող)
Եղբ. Ռաֆ­ֆի Ներ­սէս­եան (լող)
ՀՄԸՄ-ի Գա­միշ­լի Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնը կազ­մա­կեր­պեց փինկ-փոն­կի մր­ցում, որուն ախոյ­եան հան­դի­սա­ցաւ եղբ. Սե­պուհ Սար­գիս­եան:
ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնը կազ­մա­կեր­պեց Ճատ­րա­կի մր­ցում, ուր լա­ւա­գոյն խաղ­ցող հան­դի­սա­ցաւ եղբ. Կա­րին Պէր­պէր­եան:
Միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանց­քին Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղէն պար­գե­ւատր­ուե­ցան նա­եւ 2020-2021 տա­րեշր­ջա­նի ճատ­րա­կի Սուր­իոյ ախոյ­եան­ներ՝ եղբ. Ար­սէն Քին­եան եւ քոյր Սինթիա Մա­խուլ:
ՀՄԸՄ-ի Քեսապի Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնը կազ­մա­կեր­պեց փինկ-փոնկի եւ ճատրակի մր­ցա­շարք։ Ախոյ­եան հան­դի­սա­ցան՝
Եղբ. Անդրանիկ Հանեսքէհեան (փինկ-փոնկ)
Եղբ. Ժիրայր Կարճիկեան (ճատրակ)
ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թիւնը Հա­լէ­պի մէջ, տո­ղանց­քէն ժա­մեր առաջ կազ­մա­կեր­պեց միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին ոտ­նագն­դա­կի եւ պաս­քեթ­պո­լի մր­ցա­շարք, Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղի պաս­քեթ­պո­լի վե­րա­նո­րոգ­ուած եւ ոտ­նագն­դա­կի նոր կա­ռուց­ուած դաշ­տե­րուն վրայ: Ոտ­նագն­դա­կի մր­ցու­մին ախոյ­եան հան­դի­սա­ցաւ Գա­միշ­լի մաս­նա­ճիւ­ղի խում­բը, իսկ պաս­քեթ­պո­լի մր­ցու­մին ախոյ­եան հան­դի­սա­ցան Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղի տղոց եւ աղջկանց խում­բերը: