ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրսի նահանգի Ծերակոյտը 30 Յունիսին ընդունեց «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման եւ Արցախի Մէջ Քաղաքացիական Բնակչութեան Նկատմամբ Յարձակումները Դատապարտող» բանաձեւ, որով ճանչցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այդպիսով` Նիւ Ճըրսին դարձաւ ամերիկեան 10-րդ նահանգը, որ ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Նիւ Ճըրսիի օրէնսդիր մարմինը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պատշաճ ոգեկոչման առնչութեամբ յանձնառութիւններու վերահաստատման, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման զուգահեռ, դիմած է նախագահ Պայտընին եւ ԱՄՆ Քոնկրէսին` խնդրելով, որ Սպիտակ տան վարչակազմը նոյնպէս ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Նահանգային օրէնսդիրը ԱՄՆ Ծերակոյտին նաեւ կոչ ուղղած է օժանդակելու ֆետերալ ծերակուտական Մենենտեսի նախաձեռնութիւններուն, որով ԱՄՆ-ն չի կրնար որեւէ օժանդակութիւն տրամադրել Արցախի մէջ միջազգային եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յանցանքներ գործած կողմին: Կարեւոր այս արդիւնքին կարելի եղած է հասնիլ Նիւ Ճըրսիի եւ ԱՄՆ Արեւելեան ափի Հայ Դատի յանձնախումբերի տեւական եւ նպատակասլաց աշխատանքին հետեւանքով: Նման որոշումներու ընդունումը անգամ մը եւս կը ցուցադրէ, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը այլընտրանք չունեցող անշրջելի գործընթաց է: Արցախի Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւններու ընդլայնման որեւէ նոր դէպք Ատրպէյճանի կողմէ Արցախին պարտադրուող մեկուսացման քաղաքականութեան հերթական ճեղքում է: Յատկապէս ներկայ ծանր կացութեան պայմաններու մէջ Արցախը միջազգային մարդասիրական, բարոյական եւ քաղաքական աջակցութեան առաւել մեծ կարիք ունի: ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւններու խթանման աշխատանքները երեք հիմնական մակարդակներու վրայ` ապակեդրոն ճանաչում, ապակեդրոն գործակցութիւն եւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբեր/բարեկամութեան շրջանակներ: Այս առումով արդէն իսկ ծրագրուած են յառաջիկայ ամիսներու ընելիքները: