ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական կեդրոնը (ALC) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ղեկավարութիւններէն պահանջած է անյապաղ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի կատարեն Ժնեւեան համաձայնութեան պահանջները եւ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն` անվերապահօրէն ազատ արձակեն հայ ռազմագերիներն ու պատանդները: Վերջին շաբաթներու ընթացքին ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւնները գովաբանած են Ալիեւի կողմէն հայ գերիներու պայմանական սակարկութիւնը, այն պարագային, երբ Ատրպէյճանը միջազգային օրէնսդրութեամբ պարտաւոր է ազատելու հայ ռազմագերիները: Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական կեդրոնի ղեկավար Քէն Խաչիկեանը յայտնած է․ «1949-ի Ժնեւի համաձայնութիւնը ուժեղացնելու, մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան համընդհանուր արժէքները ամրապնդելու փոխարէն, ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւններու վերջին յայտարարութիւնները Ատրպէյճանին թոյլ կու տան շարունակելու ձերբակալուած պահելու հայ ռազմագերիները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակումներու ընթացքին առեւանգելու զինուորները, ինչպէս նաեւ կազմակերպելու շինծու դատավարութիւններ կեղծ յայտարարութիւններու ու ապացոյցներու հիման վրայ: Այդպիսի վարքի գովաբանումը, որ աշխարհի ամենատխրահռչակ բռնապետներէն մէկուն թոյլ կու տայ օգտագործելու մարդկային կեանքը` որպէս սակարկութեան առարկայ, եւ ոտնահարելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նկատմամբ իր պարտականութիւնները, խորապէս մտահոգիչ է եւ զայրացնող: Միջազգային հանրութիւնը իր գործողութիւններով խրախուսած է Ատրպէյճանի` շարունակուող սպառնալիքը»: ALC-ն կը համագործակցի Երեւանի մէջ գործող Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնի (ICLaw) հետ` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ներս գործեր յարուցելու եւ Ատրպէյճանի կողմէն գերեվարուած գրեթէ 100 հայ ռազմագերիներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Վերջերս Ուաշինկթընի եւ Երեւանի մէջ տեղակայուած իրաւապաշտպան երկու կեդրոնները գործակցութեան հետեւանքով ՄԻԵԴ-ի մէջ յարուցեցին եօթ լրացուցիչ գործեր, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ հաւաքեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող 90 ռազմագերիի մասին: Իրաւապաշտպան կեդրոնները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ մօտաւորապէս հարիւր հայ գերիներու ազատ արձակման ու անոնց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան: