Անց­նող օրե­րուն սուր­ի­ա­հայ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն շր­ջա­նա­ւարտ դար­ձան 2020-2021 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի հունձ­քե­րը:
Այս սե­րունդ­նե­րը, իրա­կա­նու­թեան մէջ, իրենց նա­խակր­թա­րա­նի, միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի տա­րի­նե­րը ան­ցու­ցին պա­տե­րազ­մի մթ­նո­լոր­տին մէջ, ապ­րե­ցան վա­խի, զր­կան­քի տա­րի­ներ, եր­բեմն կր­ճատ­ուե­ցան իրենց ու­սում­նա­կան ծրա­գի­րը, տա­րին, դա­սա­պա­հե­րը, իսկ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն անոնք ակա­նա­տե­սը եղան պսա­կա­ձեւ հա­մա­ճա­րա­կին պար­տադ­րած բազ­մա­մա­կար­դակ սա­հա­մա­նա­փա­կում­նե­րուն:
Պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ Սուր­իոյ Կր­թու­թեան Նա­խա­րա­րու­թիւնը պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որ ու­սում­նա­կան կեան­քը չդադ­րի, որով­հե­տեւ ան գլ­խա­ւոր երաշ­խիքն էր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու կեն­սու­նա­կու­թեան, հե­տե­ւա­բար երկ­րի աշ­խոյժ զար­կե­րա­կին առողջ պահ­պան­ման:
Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը, իրենց կար­գին, ապա­հո­վա­կան եւ տն­տե­սա­կան ծանր պայ­ման­ներ յաղ­թա­հա­րե­ցին հաս­նե­լու այս օր­ուան, ու­նե­նա­լու շր­ջա­նա­ւարտ սե­րունդ­ներ, հա­կա­ռակ անոր որ նա­խա­տե­սուող ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը եր­բեմն ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն չկի­րարկ­ուե­ցան, կր­ճատ­ուե­ցան, սա­կայն լրա­ցու­ցիչ տար­բե­րակ­ներ միշտ ալ գտն­ուե­ցան բա­րե­բախ­տա­բար:
Սուր­իոյ ու­սում­նակր­թա­կան ծրա­գիր­նե­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բա­րե­լաւ­ուե­ցան, կրկ­նու­թեամբ սոր­վե­լու աւան­դա­կան ձե­ւե­րուն փո­խա­րէն քն­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մղե­լով աշա­կեր­տը։ Կր­թու­թեան Նա­խա­րա­րու­թիւնը պար­բե­րա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ մը կը բա­րե­փո­խէ դա­սա­գիր­քե­րը՝ նոր ու­սուց­ման ձե­ւե­րուն յա­րիր եւ բո­վան­դա­կու­թեամբ ժա­մա­նա­կա­կից տար­բե­րակ­ներ աշա­կեր­տու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դնե­լով։
Դա­սա­ւան­դու­թեան ձե­ւե­րը (մե­թո­տի­քա) սա­կայն, տա­կա­ւին չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ դա­սա­գիր­քե­րով հրամց­ուած ծրա­գիր­նե­րուն, որուն հա­մար ալ աշա­կերտ­ներ կը ստիպ­ուին դի­մել անձ­նա­կան դա­սա­պա­հե­րու։ Ծնող­ներ եւս կը ստիպ­ուին յար­մա­րիլ այս կա­ցու­թեան եւ տն­տե­սա­կան լուրջ տագ­նա­պի մատն­ուե­լով մէկ­տեղ, կը ջա­նան գո­հաց­նել իրենց զա­ւակ­նե­րը եւ դիւ­րաց­նել բարձր գնա­հա­տա­նի­շեր ապա­հո­վե­լու անոնց մա­քա­ռու­մը։
Այս երե­ւոյ­թը ար­դիւնք է քա­նի մը դր­դա­պատ­ճառ­նե­րու։
Առա­ջի­նը՝ պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ ըն­դուն­ուե­լու պայ­ման­նե­րը պա­քա­լոր­իա­յի պե­տա­կան քն­նու­թեան ամ­բող­ջա­կան գնա­հա­տա­նի­շին վրայ հիմն­ուած ըլ­լալն է առա­ւե­լա­բար, ինչ որ ու­սա­նո­ղը կը ստի­պէ ոչ թէ իր նա­խա­սի­րու­թիւնը ընտ­րե­լու, այլ իր գնա­հա­տա­նի­շին հա­մա­պա­տաս­խա­նող մաս­նա­գի­տու­թիւն ընտ­րե­լու։  Ան­շուշտ Կր­թու­թեան Նա­խա­րա­րու­թիւնը այս երե­ւոյ­թին առաջ­քը կ’առ­նէ տար­ուէ տա­րի, հանգր­ուա­նա­բար, որոշ ճիւ­ղե­րու ըն­դուն­ման պայ­ման­նե­րը փո­խե­լով եւ առիթ ըն­ծա­յե­լով տու­եալ ճիւ­ղին հա­մա­պա­տաս­խան առար­կա­նե­րու գնա­հա­տա­նի­շին հի­ման վրայ ըն­դուն­ուե­լու հա­մալ­սա­րան։ Նա­խա­րա­րու­թիւնը այլ դիւ­րու­թիւն­ներ եւս կ’ըն­ծա­յէ՝ պա­քա­լոր­իա­յի լրա­ցու­ցիչ քն­նու­թեան առիթ ստեղ­ծե­լով, անձ­նա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ար­տօ­նե­լով եւ այլն։ Այդ­ուա­մե­նայ­նիւ աշա­կեր­տը կը մնայ ընդ­հա­նուր գնա­հա­տա­նի­շի ապա­հով­ման ճն­շու­մին տակ ու կը ստիպ­ուի դի­մել ամէն մի­ջո­ցի՝ ապա­հո­վե­լու կա­րե­լի բարձ­րա­գոյ­նը։
Երկ­րոր­դը՝ աշա­կեր­տը պա­քա­լոր­իա­յի տար­ուան մէջ ծան­րա­բեռ­նելն է դա­սա­ւան­դուող ոչ-էա­կան կարգ մը առար­կա­նե­րով, որոնք յա­ռա­ջա­ցած եր­կիր­նե­րու մէջ զանց առն­ուած են տասն­եակ տա­րի­ներ առաջ, ինչ­պէս օրի­նակ՝ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կր­թու­թեան, կրօ­նի, անգ­լե­րէ­նին կող­քին երկ­րորդ օտար լեզ­ուի առար­կա­նե­րը, զորս կա­րե­լի է զանց առ­նել եւ աշա­կեր­տին յա­ւել­եալ ժա­մա­նակ ըն­ծա­յել գի­տա­կան եւ գրա­կան հիմ­նա­կան նիւ­թե­րը պատ­րաս­տե­լու, այդ առար­կա­նե­րը վե­րա­պա­հե­լով երկ­րոր­դա­կա­նի ոչ-աւար­տա­կան կար­գե­րուն։
Եր­րոր­դը՝  աշա­կերտ­նե­րուն անլր­ջու­թիւնն է Ժ. կար­գէն սկս­եալ։ Անոնք միջ­նա­կար­գի քն­նու­թեան բե­ռէն յոգ­նած, մե­ծաւ մա­սամբ ան­հո­գու­թեամբ կը մօ­տե­նան Ժ. եւ ԺԱ. կար­գե­րու դա­սե­րու պատ­րաս­տու­թեան, որուն հա­մար ալ ԺԲ. կար­գին կը ստիպ­ուին կրկ­նա­կի ճիգ թա­փել որոշ բա­ցեր գո­ցե­լու հա­մար։ Այս մէ­կը աշա­կեր­տին թե­րու­թեան հե­տե­ւանքն է պար­զա­պէս։
Ամէն պա­րա­գա­յի կա­րե­լի է հաս­տա­տել, որ Սուր­իոյ կր­թա­կան հա­մա­կար­գը արագ զար­գա­ցում կ’ապ­րի, նոր մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու յա­տուկ հա­մալ­սա­րան­ներ կը բաց­ուին, հա­մալ­սա­րան­ներ ըն­դուն­ուե­լու պայ­ման­նե­րը կը բա­րե­փոխ­ուին, հե­ռա­կայ ու­սուց­ման, բաց-ու­սում­նա­ռու­թեան հա­մալ­սա­րան­նե­րը տար­ուէ տա­րի աճ կ’ար­ձա­նագ­րեն։ Այս բո­լո­րին կող­քին, պէտք է գնա­հա­տան­քով հաս­տա­տել, որ Սուր­իոյ մէջ ու­սում­նա­ռու­թիւնը, պե­տա­կան բո­լոր հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ կը շա­րու­նա­կէ մնալ անվ­ճար, հա­կա­ռակ երկ­րի տն­տե­սա­կան, պա­տե­րազ­մա­կան ծանր պայ­ման­նե­րուն։ Այս մէ­կը պա­տիւ է երկ­րի մը հա­մար, որուն հա­մալ­սա­րան­նե­րը տա­րե­կան աւե­լի քան երեք հա­րիւր հա­զար շր­ջա­նա­ւարտ կ’ու­նե­նան։
Կը հա­ւա­տանք, որ ու­սու­մնա­ռու­թեան առ­կայ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար կը յաղ­թա­հար­ուին եւ շր­ջա­նա­ւարտ սե­րունդ­նե­րը տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու մէջ հմ­տա­նա­լով սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քին ու իրենց անձ­նա­կան կեան­քին զար­գաց­ման կը նպաս­տեն՝ աս­տի­ճա­նա­բար թօ­թա­փե­լով նա­խորդ տա­սը տա­րի­նե­րու ճգ­նա­ժա­մը։
Բա­րի երթ կը մաղ­թենք հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն։