ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Պելճիքայի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի միատեղ ջանքերով յատկացուած են անհրաժեշտ տնտեսական միջոցներ Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան շրջանի Խրամորթ համայնքի միջնակարգ դպրոցի վերանորոգման համար: Պիտի կատարուին ներքին եւ արտաքին վերանորոգման աշխատանքներ, պիտի կառուցուին նոր սանհանգոյց եւ ժամանակակից, արհեստականօրէն յագեցած ճաշարան: Պիտի կահաւորուին եւ պիտի արդիականացուին դասասենեակները` վերածուելով գործակցային դասասենեակներու: Պիտի տեղադրուի նոր ջեռուցման համակարգ: Նախագիծը կ’իրականացուի «Երկարօրեայ Դպրոց» ծրագիրին մէջ` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ գործակցաբար: Վերջին ամիսներուն Խրամորթ գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատած են նաեւ Հադրութի շրջանէն ատրպէյճանական տիրապետութեան հետեւանքով տեղահանուած ընտանիքներ: «Երկարօրեայ Դպրոց» ծրագիրին նպատակն է բարելաւել միջնակարգ կրթութեան որակը Արցախի մէջ, կարելի եղածին չափ վերացնելու ծնողներու կողմէն տնային աշխատանքի հարցով երեխաներուն տրամադրուող օգնութեան անհաւասար պայմանները, ստեղծելու շփուելու եւ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ, ապահովելու որակեալ, հաւասարակշռուած սննդակարգ աշակերտներուն համար, յաղթահարելու զարգացման անհաւասարութիւնը գիւղական եւ քաղաքային վայրերու միջեւ եւ Արցախի շրջանները աւելի հրապուրիչ դարձնելու քաղաքային բնակավայրերու բնակչութեան համար: Մեկնաբանելով այս նախաձեռնութիւնը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան աւելցուց. «Ատրպէյճանի կողմէն պարտադրուած այս կործանարար պատերազմէն վերջ կարեւոր է բուժել Արցախի վէրքերը: Յատկապէս երեխաները խոցելի են նման իրավիճակին մէջ: Յոյսով ենք, որ այս նախագիծը քայլ պիտի ըլլայ Արցախի երեխաներու կրթութեան պայմանները բարելաւելու եւ լուսաւոր ապագայ ապահովելու ուղղութեամբ: Մեր պարտքը կը համարենք նպաստելու անոր եւ պիտի շարունակենք աշխատելու այդ ուղղութեամբ»: