Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021-ին ընթացք առաւ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղի կազմակերպած Փարոս-ամառնային դպրոցը՝ «հայերէն Խօսինք» նշանաբանով, հայերէնին հանդէպ մատղաշ սերունդին մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ պատանիները անսխալ հայերէն խօսիլ վարժեցնելու միտումով։ Արդ, վարչութիւնը յանձնախումբ մը յառաջացուց, որ դասապահերու կողքին ուսուցողական խաղեր, պտոյտներ եւ մրցումներ կազմակերպեց։

Իսկ Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021- ի յետմիջօրէի ժամը 4։00- ին, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ մը, Գամիշլիի մօտակայ Տմխիա գիւղի Մար Ահօ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

Ձեռնարկին ներկայ էր հոգեշնորհ հայր սուրբը, արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ռուսական զինուորական խմբակ մը, ընկերակցութեամբ ռուս բժիշկներու։ Եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէն ետք, հոգշ. Հայր սուրբը բարի գալուստի խօսք ուղղեց ռուս հիւրերուն, ապա ներկայացուց Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ հայութեան պարզած վիճակը, եկեղեցիները դպրոցներն ու ակումբները, որոնց գոյութեամբ կը պահպանուի հայուն ինքնութիւնը, մշակոյթը, կրօնական տօներն ու աւանդութիւնները։ Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբն ու հիւրերը ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները եւ ազգային երգեր, իսկ սկաուտները մասնակցեցան տողանցքով։ Հանդիսավար, վարչական ընկերուհի Ռուզան Պետրոսեան-Ղազարեան ռուսերէն բացման խօսք արտասանեց՝ ներկայացնելով համազգայինի առաքելութիւնն ու աշխատանքը, ապա հրաւիրեց Համազգայինի «Վանա» պարախումբը, որ հեզաճկուն կատարումով ներկայացուց հայկական պարեր։

Հանդիսականները ջերմ ծափողջոյններով իրենց անսահման ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեցին կազմակերպող մարմինին։ Աւարտին, հոգշ. հայր սուրբը Վեհափառ հայրապետին «Հայ Եկեղեցին» գիրքին արաբերէն տարբերակը նուիրեց ռուս պատասխանատու սպային, ինչպէս նաեւ վարչութեան ատենապետ Յակոբ Պարսումեան վարչութեան կողմէ խորհրդանշական յուշանուէր մը նուիրեց անոր։ Ռուս խմբակը իր կարգին սննդակողովներ բաշխեց աշակերտներուն եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԱՄԻՇԼԻԻ «Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ -ՓԱՐՈՍ-ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ