«Երկիր Մետիա».-Ստեփանակերտի ՀՅԴ Նիկոլ Դուման կեդրոնին մէջ իր աշխատանքները սկսած է ՀՅԴ Արցախի 25-րդ հերթական Շրջանային ժողովը: ՀՅԴ Արցախի շրջաններու մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ հրաւիրուած ժողովը պիտի քննարկէ անցնող երկամեայ շրջանին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ծաւալած գործունէութիւնը եւ պիտի ճշդէ յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները: