ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուր­իոյ Պաս­քե­թի Դաշ­նու­թիւնը տղոց հա­ւա­քա­կա­նի մար­զիչ նշա­նա­կեց կազ­մի նախ­կին մար­զիչ, ամե­րի­կա­ցի Ճօ Սա­լեր­նօն: Ան յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն պի­տի ժա­մա­նէ Դա­մաս­կոս նա­խա­պատ­րաստ­ուե­լու Աս­իոյ ախոյ­եա­նա­կան մր­ցում­նե­րուն:
– Հա­լէ­պի Իթ­թի­հատ ակում­բի վար­չա­կազ­մը ֆութ­պո­լի առա­ջին խում­բի մար­զիչ նշա­նա­կեց խր­ուա­թ­իա­ցի Իկոր Թա­կալ­սա­ւի­չը: Ան վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն մար­զած է Քա­թա­րի խում­բը:
– Սուր­իոյ պաս­քե­թի ախոյ­եա­նութ­եան աւար­տա­կան քառ­եա­կի առա­ջին փու­լի մր­ցում­նե­րուն, Դա­մաս­կո­սի մէջ Ճէյ­շը 72- 68  ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Ուահ­տէն, իսկ Հա­լէ­պի մէջ Իթ­թի­հա­տը պարտ­ուե­ցաւ Քա­րա­մէ­ի հետ մր­ցու­մին՝ 98-88 ար­դիւն­քով:
– Սուր­իոյ Պաս­քե­թի Դաշ­նու­թիւնը պատ­ժա­կան տնօ­րի­նում­ներ սահ­մա­նեց Ուահ­տէ­ի, Իթ­թի­հա­տի եւ Քա­րա­մէ­ի խում­բե­րուն՝ մր­ցում­նե­րու ըն­թաց­քին իրենց հա­մա­կիր­նե­րուն ու­նե­ցած ան­պա­տա­սխա­նա­տու դէպ­քե­րուն հա­մար:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ԱՆԳԼ­ԻԱ, ԻՏԱԼ­ԻԱ, ԴԱՆ­ԻԱ ԵՒ ՍՊԱՆ­ԻԱ ԵՒ­ՐՈ­ՅԻ
ՄՐ­ՑՈՒՄ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱՒԱՐ­ՏԱ­ԿԱՆ ՔԱՌ­ԵԱԿ ՀԱ­ՍԱՆ
Ֆութ­պո­լի հե­տե­ւող­նե­րը չէ­ին ակն­կա­լեր, որ աշ­խար­հի ախոյ­եան Ֆրան­սան, ինչ­պէս նա­եւ ու­ժե­ղա­գոյն հա­ւա­քա­կան­նե­րը՝ Գեր­ման­ի­ան, Փոր­թու­կա­լը կամ Հո­լան­տան դուրս մնա­յին Եւ­րո­պա­յի աւար­տա­կան քառ­եա­կէն, բայց Անգլ­ի­ան, Իտալ­ի­ան, Դան­ի­ան եւ Սպան­ի­ան  յա­ջո­ղե­ցան իրենց տե­ղը գրա­ւել սոյն փու­լի մր­ցում­նե­րուն: Սպան­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը 1- 0 ար­դիւն­քով իր պար­տու­թիւնը երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին կր­ցաւ վե­րա­ծել 3-1 յաղ­թա­նա­կի, իսկ Իտալ­ի­ան, որ մինչ օրս կը նկա- տ­ուի լա­ւա­գոյն յար­ձա­կո­ղա­կան կազ­մը 2-1 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Պել­ճի­քա­յին. Թէ­եւ Պել­ճի­քա­յի հա­ւա­քա­կա­նը երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին տի­րա­պե­տած էր խա­ղին, բայց անոր բո­լոր յար­ձա­կում­նե­րը աւար­տե­ցան ապար­դիւն: Նոյն ար­դիւն­քով Դան­ի­ան յաղ­թեց Չեխ­իոյ, իսկ Անգլ­իոյ կազ­մը դարձ­եալ կր­ցաւ մա­քուր պա­հել իր դար­պա­սը, որ մին­չեւ օրս ոչ մէկ գն­դակ ստա­ցած է, եւ     4-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Ուք­րան­ի­ան:
ԱՐ­ԺԱՆ­ԹԻՆ ՅԱՂ­ԹԵՑ ԷՔ­ՈՒԱ­ՏՈ­ՐԻՆ
Ար­ժան­թի­նի հա­ւա­քա­կա­նի խա­ղա­ցող Լի­ո­նէլ Մե­սսին մեծ դեր ու­նե­ցաւ կազ­մին 3- 0 ար­դիւն­քով Էք­ուա­տո­րին յաղ­թե­լու մէջ: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այս մր­ցու­մը լա­ւա­գոյ­նը եղաւ Մեսսի­ին հա­մար. Ան կր­ցաւ իր բծախն­դիր խա­ղա­րկութ­եամբ օգ­նել ըն­կեր­նե­րուն: Քո­փա Ամե­րի­կա­յի մր­ցում­նե­րու շր­ջա­գի­ծին մէջ, հան­դի­պու­մի 39-րդ վայրկ­եա­նին Ար­ժան­թի­նի առա­ջին կո­լը նշա­նա­կեց Ռոտ­րի­կօ Տի Փո­լը: Նախ­քան մր­ցու­մի աւար­տը, 85-րդ վայրկ­եա­նին Լաու­թա­րօ Մար­թի­նէզ կըրկ­նա­պատ­կեց ար­դիւն­քը, որ­մէ 4 վայրկ­եան ետք Լի­ո­նէլ Մե­սսին եզ­րա­փա­կեց ար­դիւն­քը: Նշենք որ սոյն մր­ցում­նե­րուն Մե­սսի նշա­նա­կած է 4 կոլ, եւ կը գրա­ւէ կոլս­կո­րիստ­նե­րու առա­ջին դիր­քը:
Ռաֆ­ֆի Սիւ­լահ­եան