«Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները այցելած են 44-օրեայ պատերազմի պատճառով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի եւ Կատարոտ (Ջդրդուզ) քաղաքներ: Այցելուներու շարքին եղած են Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Իտալիոյ, Աւստրալիոյ, Շուէտի, Լեհաստանի, Իսրայէլի, Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու դեսպանները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ¬ի կառոյցներու ներկայացուցիչները: Աղբիւրը աւելցնելով ըսաւ, որ այցելութեան նպատակը Շուշի քաղաքին մէջ իրականացուող «վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ատրպէյճանցի ժողովուրդի ազգային¬մշակութային ժառանգութեան» ծանօթանալն էր: «Սփութնիք Արմենիա» երէկ յղում կատարելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրով 10 Յուլիսին Շուշի այցելած 46 պետութիւններու դեսպաններու շարքին կը բացակայէին երեք տէրութիւններու` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանները: Այդ երկիրներուն դեսպանները չեն ընդունած Պաքուի հրաւէրը եւ մերժած են մեկնիլ Շուշի: Դատելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու արձագանգէն` ուղեւորութենէն երեք դեսպաններու հրաժարումը մեծ իրարանցում յառաջացուցած է. տեղի ունեցածը կը կոչեն «քայլ» եւ երեք գերտէրութիւնները կը մեղադրեն «հայամէտ» դիրքորոշում ունենալու յանցանքով: Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ դիւանագիտական անձնակազմին Շուշի այցելութիւնը կազմակերպուած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի անձնական յանձնարարութեամբ: Աւելցնենք, որ Հաճիեւ ուղեկցած է դեսպաններուն: «Մինսքի խմբակը վերջնականապէս մահացած է», այս առիթով յայտնած է երկրի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆիգարով` առաջարկելով «երեք դեսպանները պաշտօնական եւ հասարակական մեկուսացման ենթարկել»: