Ե-ֆորումը առցանց ծրագիր մըն է, որուն կրնան մասնակցիլ զանազան երկիրներէ հայեր, եւ «Զում»-ի միջոցով տեղի պիտի ունենայ 11 եւ 18 Յուլիս 2021-ին: Աշխարհի զանազան անկիւններէն խմբուած երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Արցախ աշխարհի հայկական մշակութային զանազան արժէքներուն եւ Ատրպէյճանի կողմէն անոնց հանդէպ կիրարկուած շարունակական ոչնչացման, ջնջման եւ իւրացման քաղաքականութեան: Նիւթերը պիտի ներկայացուին մասնագէտներու կողմէ` Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներէ: Նախատեսուած է նաեւ հարց ու պատասխանի բաժին: Ե-ֆորումի առաջին օրը` 11 Յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:45-էն 7:45-ին (Հալէպի ժամանակացոյցով), դոկտ. Կարին Փափազեան- Զոհրապեան պիտի ներկայացնէ «Պատերազմ, Համաճարակ եւ Վերապրում` Հայ Երիտասարդութեան Հոգեբանական Մարտահրաւէրները» նիւթը, իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն 9:00-ին, դոկտ. Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփաու եւ Սիմոն Մաղաքեան պիտի ներկայացնեն «Հայկական Յուշակոթողային Ժառանգութիւն. Պահպանում եւ Բնաջնջման Քաղաքականութիւն» նիւթը: Ե-ֆորումի երկրորդ օրը` 18 Յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:45-էն 7:45-ին, արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեան պիտի ներկայացնէ «Գրականութիւնը Արցախի Պատերազմի Ընթացքին» նիւթը, իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն 9:00-ին, Վարդան Ասծատրեան (Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիր) եւ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեան (Հայկական գորգերու ընկերութեան նախագահ) պիտի ներկայացնեն «Գորգագործութեան Արուեստը` Արցախի Հայկական Ինքնութեան Վկայութիւն» նիւթը: Աւելցնենք, որ մասնակցութիւնը անվճար է, արձանագրուիլը ստորեւ նշուած կապով` նախապայման: