Երեքշաբթի, 13 Յուլիսին, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներ Վահէ Յակոբեան եւ Իշխան Սաղաթէլեան հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով:

Յետընտրական Հայաստանի մէջ կը հետապնդուին Սիւնիքի համայնքներու ղեկավարները, որոնք «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ են, «Հայաստան» դաշինքի մաս կը  կազմեն. ասուլիսին յայտարարեց «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան:

Ան յիշեցուց, որ Մեղրիի` հրաժարական տուած ղեկավար Մխիթար Զաքարեանը նախանցեալ օր կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով, մինչ այդ կալանաւորուած էր Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեան, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ միջնորդութիւն ներկայացուած է` Սիսիանի համայնքապետ Արթուր Սարգսեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու վերաբերեալ, իսկ Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում կը կատարուի:

«Հռետորական հարց` այս ամէնը ինչո՞ւ ընտրութիւններէն ետք. ես համոզուած եմ` պատասխանը ակնյայտ է, ատիկա շատ աւելի խորքային արմատներ ունի, քան կրնայ թուիլ առաջին հայեացքէն, իսկ առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ կատարուողը վրէժխնդրութիւն է: Այդ գործօնն ալ կայ, բայց շատ աւելի խորքային արմատներ կան: Մեր գնահատումով` ասիկա քաղաքական հետապնդում է, քաղաքական ճնշումներ են եւ քաղաքական ահաբեկչութիւն», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովի աթոռներուն, Յակոբեան ըսաւ, թէ «Հայաստան» դաշինքը անոնց վերաբերեալ որոշումը պիտի կայացնէ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, ուր կը քննուին Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու` 4 քաղաքական ուժերու դիմումները:

«Մենք Ազգային ժողովի աթոռները կը դիտարկենք իբրեւ լրացուցիչ գործիքակազմ, որուն միջոցով պիտի պայքարինք այս բռնապետութեան դէմ: Փաստենք, որ ասիկա բռնապետութիւն է, եւ կարճ ժամանակ ետք պիտի դառնանք Հիւսիսային Քորէայի նման երկիր մը: Մենք չենք կարծեր, որ պարտուած ենք, մենք կը նկատենք, որ մեզմէ գողցած են մեր յաղթանակը», ըսաւ Վահէ Յակոբեան:

«Հայաստանի մէջ յետընտրական իրավիճակը հետեւեալն է. երկրի դատախազը, քննիչը, ոստիկանը, ցաւօք նաեւ արդէն դատաւորը մէկ մարդ է` Հայաստանի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը, որ շատ յստակ եւ հետեւողական քաղաքական հետապնդումներ կ՛իրականացնէ», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Ինք կը կայացնէ քաղաքական որոշումներ, իսկ իրաւապահներուն կը մնայ իրենց երեւակայութեան հիմամբ յօրինել կեղծ մեղադրանքներ եւ հետապնդում իրականացնել տուեալ պարագային Սիւնիքի համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ, իսկ առհասարակ, «Հայաստան» դաշինքի համախոհներուն եւ ընդդիմադիր գործիչներուն նկատմամբ», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կը շարունակուի մեր երկրի դիմադրողականութիւնը կոտրելու քաղաքականութիւնը, եւ կը փորձեն մեկուսացնել եւ շարքէ հանել այն բոլոր ուժերն ու անհատները, որոնք մեր ազգային դիմադրողականութեան պահպանողներն են:

«Պատահական չէ, որ այս ամէնը տեղի կ՛ունենան Սիւնիքի մէջ, ինչու չէ` նաեւ Տաւուշի մէջ. բանակէն կը հեռացնեն լաւագոյն զինուորականները, պատահական չէ, որ պատերազմի ընթացքին Սիւնիքի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպած համայնքի ղեկավարներուն նկատմամբ այսօր շատ յստակ քաղաքականութիւն կ՛իրականացուի, եւ զանոնք կը փորձեն կալանաւորել», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան այս ամէնը նաեւ կը կապէ յառաջիկային Հայաստանին սպասուող «ցաւոտ լուծումներու» հետ:

Այս իմաստով, ըսաւ ան, քաղաքական հետապնդումները կը շարունակուին, եւ իրենք բոլոր կարելի միջոցներով պիտի պայքարին այս բոլորին դէմ, որպէսզի թոյլ չտան, որ կոտրեն ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը: