ՀՅԴ Հայ Դատի Հոլանտայի յանձնախումբը Ատրպէյճանի Հոլանտայի  դեսպան Փաուլինէ էյզէմային բողոքի նամակ  ուղղած է Շուշիի մէջ Ատրպէյճանին կազմակերպած դիւանագիտական հաւաքին մասնակցելու առնչութեամբ:

«Յարգարժան տիկին Էյզէմայ, տեղեկութիւն ստացանք, որ դուք նոյնպէս մասնակցած էք դիւանագիտական հաւաքին, Ատրպէյճանի կողմէն գրաւուած Շուշի` քաղաքին մէջ: Հոլանտայի հայկական համայնքը խորապէս հիասթափուած եւ վրդոված է ձեր մասնակցութեան առնչութեամբ: Չափազանց տարօրինակ է, որ դուք նման քայլի  դիմած էք, երբ մեր երկրի խորհրդարանը խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը եւ յստակ ուղերձներ  հրապարակած է այդ երկրի մէջ որեւէ միջազգային բնոյթի նախաձեռնութեան մասնակցելէն  ձեռնպահ մնալու առնչութեամբ: Դուք ընդունած էք Ալիեւի նման տխրահռչակ բռնապետի հրաւէրը:

Մենք ցնցուած ենք, որ դուք բարոյական բոլոր արժէքներուն հակառակ, ամբողջական արհամարհանք  դրսեւորած էք հայ ժողովուրդին, Հոլլանտայի հայկական համայնքին եւ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներուն հանդէպ: Միթէ՞ դուք տեղեակ չէիք, որ Միացեալ Նահանգներուն, Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նման երկիրներու ներկայացուցիչները հրաժարած էին մասնակցելէ այդ հաւաքին: Ասոնք իմիջիայլոց այն երկիրներն են, որոնք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջագիծէն ներս միշտ հետապնդած են Արցախի հարցին խաղաղ հանգուցալուծման ուղիները:

Փաստօրէն, ձեր մասնակցութեամբ դուք ապացուցած էք, որ այս երկիրները ներկայացնող այս միջազգային կառոյցի խաղաղասիրական քայլերուն դուք դէմ էք:

Ամիսներ շարունակ Հոլանտայի իշխանութիւնները տարբեր որոշումներով դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի բռնազաւթումը, ինչպէս նաեւ Ալիեւի վերաբերմունքը հայ ռազմագերիներուն հանդէպ: Այս ընթացքին Ատրպէյճանը կը շարունակէ հայ ռազմագերիներու ապօրինի բանտարկութիւնները եւ անոնց անօրինական դատապարտումները: Խորհրդարանը չորս տարբեր որոշումներ  ընդունած է այս յարձակողապաշտութեան եւ բռնատիրական քաղաքականութեան հանդէպ: Ձեր մասնակցութեամբ դուք ամբողջութեամբ արհամարհած էք ժողովրդավարութեամբ ընտրուած մեր խորհրդարանի որոշումները:

Հոլանտահայութեան անունով մենք բացատրութիւն կը պահանջենք ձեր վերոնշեալ քայլերուն առնչութեամբ եւ կը սպասենք, որ շատ արագ արձագանքէք:

Յարգանքներով`

Հոլանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբ»: