«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Պատերազմէն վերջ աշխուժօրէն  քննարկուած  էր Շուշիի դրամատուներուն մէջ մնացած դրամին հարցը: 7 Նոյեմբերին Շուշիի մատոյցներուն մէջ առնուած լուսանկարներուն մէջ բազմաթիւ հաւաքուած ինքնաշարժներ  կ’երեւէին, եւ համոզմունք կար, որ մերոնք աւելի ժրաջան տեղափոխած են դրամական միջոցները, քան արուեստի գործերը:

Այժմ լուրեր կան, որ ատրպէյճանցիները հայկական դրամի վաճառքով  զբաղած ըլլալով` 100 հազար դրամը կը վաճառեն 100 տոլարով:

Արցախի մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ խօսքը մեծ գումարներու մասին չէ, դրամի առաջարկը կատարած են Հադրութի մէջ գտնուող ատրպէյճանցի զինուորականները, սակայն մէկ շաբաթ անց հետաքրքրուողները պատասխանած են, որ առաջարկը գործադրութեան տակ  չէ: Յետոյ պարզուած է, որ անոնք ռուսերու միջոցով Արցախի խանութներէն սնունդ եւ այլ ապրանքներ  գնած են»: