ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ կը դատապարտէ որոշ օտարերկրեայ դեսպաններուն եւ դիւանագէտներուն  Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրուած  Շուշի այցելութիւնը:

Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէն կազմակերպուած քարոզչական այցելութեան միանալու դիւանագէտներու ցաւալի որոշումը ընդամէնը  քանի մը ամիս առաջ Շուշիի եւ, ընդհանրապէս, Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ նոյն մենատիրական եւ յանցաւոր ատրպէյճանական վարչակազմին կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու հաստատման ու օրինականացման դատապարտելի գործողութիւն է:

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ զանգուածային աջակցութեամբ եւ սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներու տեղակայումով, Ատրպէյճանի զինեալ  ուժերը միտումնաւոր ոչնչացուցած էին Շուշիի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւ երկու անգամ ռմբակոծեցին քաղաքի գլխաւոր տաճարը: Թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի կողմէ սանձազերծուած աղէտալի պատերազմին հետեւանքով ` Շուշի քաղաքի դարաւոր պատմութեան մէջ առաջին անգամ քաղաքին մէջ լիակատար փոքրամասնութեան  զտում իրականացուած է , եւ քաղաքը լիովին դատարկուած է հայ բնակչութենէն: Պատերազմի աւարտէն վերջ Ատրպէյճանի նախագահը հրապարակաւ եւ հպարտօրէն յայտարարեց, որ իրենք «շուների պէս դուրս  շպրտած են հայ բնակչութիւնը»:

Անխօս, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի դեսպաններու այս ուղեւորութեան չմիանալը յստակ ուղերձ է, որ Արցախեան հակամարտութիւնը տակաւին լուծուած չէ: Իրականութեան մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երեք հիմնական սկզբունքներէն երկուքը` ուժի չկիրառումը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ հաւասարութեան իրաւունքը, Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն պատերազմի ընթացքին բացայայտօրէն խախտուած են:

Ցաւալի է, որ Շուշի այցելած դիւանագէտները չնախընտրեցին հետեւել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու օրինակը: Ընդունելով հրաւէրը` անոնք դարձան Ատրպէյճանի մենատիրական վարչակազմի քարոզչական արշաւին մաս: Աւելին,  անոնք հարուած հասցուցին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ջանքերուն` Արցախի հակամարտութեան տեւական, խաղաղ եւ արդար լուծում որոնելու ուղղութեամբ: Այդ դիւանագէտները լիովին անտեսած են այն փաստը, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինի պահել եւ խոշտանգել 200-է աւելի հայ ռազմագերի` օգտագործելով անոնց որպէս քաղաքական առեւտուրի գործիք,  խախտելով  Նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի եռակողմ յայտարարութիւնը: Ան ստորագրուած է Ատրպէյճանի նախագահի կողմէն եւ կը նախատեսէ բոլոր գերիներուն եւ ռազմագերիներուն վերադարձը:

Աւելին, Ատրպէյճանը կը շարունակէ հրաժարիլ միջազգային կազմակերպութիւններու, օրինակ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի, մուտքի թոյլտուութիւն տրամադրել Արցախի հայկական ճարտարապետական եւ կրօնական յուշարձաններ: Վերջին ամիսներուն ի յայտ  եկած են այդ կրօնական յուշարձաններու պղծումի եւ նոյնիսկ ամբողջական ոչնչացումի փաստեր: Մայիս 2021-էն սկսեալ ատրպէյճանական բանակը ոտնձգութիւն  իրականացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ եւ առեւանգած է հայ զինուորական ծառայողներ :

Շատ ցաւալի է տեսնել, թէ ինչպէս է դիւանագիտութիւնը, յատկապէս այն երկիրներու մէջ, որոնք կը շեշտեն, թէ կարեւոր կը համարեն մարդու իրաւունքները եւ արժէքը, վերածուած են  մէնատէր  երկրի մը տուտուկին տակ պարելու տգեղ դրսեւորումը:  Երկիր մը, որ  Եւրոպայի մէջ  յայտնի է բարդ փտածութեան դրութիւններ ստեղծելով, ինչպիսիք են «ատրպէյճանական լուացքատունը» եւ բնիկ հայ բնակչութեան դէմ վարձու ահաբեկիչներուն  միջոցով պատերազմ սանձազերծելը: Իբրեւ  եւրոպական քացաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւն, մենք կը  կարծենք, որ դիւանագիտութիւնը աւելին է, քան աս, եւ որ դիւանագիտութեան հիմքը պէտք է ըլլան  արժանապատուութիւնն ու արդարութեան որոշակի զգացումը:

Մենք, անշուշտ, պիտի շարունակենք անոր ուղղուած մեր աշխատանքը: