Ատրպէյճանի հրաւէրով օտարերկրեայ դեսպաններուն եւ դիւանագէտներուն  Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած  Շուշի այցելութիւնը դատապարտելը բաւարար չէ ու պէտք չէ ըլլայ հայկական դիւանագիտութեան եւ հայ դատի գրասենեակներուն համար:
Կրկնելու կարիք չենք տեսներ, թէ Ատրպէյճան ինչպիսի՛ ոճիրներով խախտած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի սկզբունքները, տակաւին պատերազմի օրերուն բռնի տեղահանութեան ենթարկած է Շուշիի բնակչութիւնը եւ աղաւաղած ու քանդած բռնագրաւեալ շրջաններու հայկական մշակութային կոթողները:
Այս բոլոր հիմնաւորումները կարելի է մշտապէս յղել բոլոր այն դիւանագիտական կողմերուն, որոնք ընդունեցին Ատրպէյճանի հրաւէրը եւ ձեւով մը մեղսակից դարձան Ատրպէյճանի բռնարարքներուն: Անոնք փաստօրէն վաւերականութիւն հաղորդեցին այդ բռնարարքներուն այն ժամանակաշրջանին, երբ տակաւին Արցախի, ներառեալ Շուշիի, Հադրութի եւ այլ շրջաններու, կարգավիճակը չէ ճշդուած եւ տագնապը չէ հանգուցալուծուած, այլ պարզապէս զինադադարի համաձայնագիր մը ստորագրուած է:
Այս բոլորը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին դերակատարութեան կարեւորութիւնը անընդհատ նման դիւանագիտական կողմերու ուշադրութեան յանձնելը գէթ ժամանակի ընթացքին կրնայ զիրենք մղել, որ վերապահ մօտեցում ունենան, ըմբռնելով մէկտեղ, որ տարբեր երկիրներ կը փորձեն իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ վերահսկողութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ եւ իրենց տնտեսական շահերը երաշխաւորուած տեսնել, անկախ թէ հակամարտող ո՞ր կողմին ի նպաստ կը թեքի իրենց շահերուն կշիռքը:
Արցախի անկախութեան տարիներուն մենք ականատեսը կ’ըլլայինք Արցախ այցելող օտարերկրացիներուն  Ատրպէյճանի կողմէ սեւ ցանկերու մէջ ներառուելուն, շրջանի ապահովական վիճակի անընդմէջ լարուած պահուելուն, որպէսզի ազատագրուած տարածքները զբօսաշրջութեան զարգացման կարելիութիւն չունենան եւ օտարերկրացիներ վերապահ ըլլան իւրաքանչիւր այցելութեան պարագային:
Այսօր հայկական կողմը ամէն ջանք կրնայ թափել գէթ Ատրպէյճանի հետ շահեր ունեցող երկիրներուն վերապահ մօտեցումը ապահովելու, յատկապէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու հրաւէրի մերժումին ուղերձը պարզելով բոլորին:
Անհրաժեշտ է մղել օտար երկիրները աստիճանաբար հետեւելու ԵԱՀԿ Մինսքի օրինակին, որպէսզի Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հողերու բռնագրաւումը միջազգային ընտանիքի լուռ հաւանութեան չարժանանայ եւ լուսարձակի տակ մնան ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահող երկիրներու դերակատարութիւնն ու Արցախի կարգավիճակի լուծման հիմքերը: