ՀՅԴ Հայ դատի Պելճիքայի Յանձնախումբը բաց նամակ յղած է Պելճիքայի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Սոֆի Վիլմեսին` իր բողոքը արտայայտելով Ատրպէյճանի Պելճիքայի դեսպանի մասնակցութեան Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած հայկական տարածքներ, յատկապէս Շուշի կազմակերպուած այցելութեան: Պելճիքայի կողմէն մասնակցութիւնը այդ այցելութեան խստօրէն դատապարտուած է հայ համայնքի կողմէն: «Տիկին նախարար, մենք զարմացանք, երբ իմացանք, որ Պաքուի մէջ գտնուող պելճիքացի դիւանագէտը քանի մը օր առաջ օտարերկրեայ դեսպաններէն եւ դիւանագէտներէն մէկն էր, որոնք ընդունեցին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ` պատմականօրէն հայկական Շուշի քաղաք այցելելու հրաւէրը, որ այժմ կը գտնուի Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ: Պելճիքայի մասնակցութիւնը այս այցելութեան խստօրէն կը դատապարտուի Պելճիքայի հայ համայնքին կողմէն: Ընդունելով այս հրաւէրը ` պելճիքական դիւանագիտութիւնը, փաստօրէն, մասնակցած է Ատրպէյճանի իշխողական վարչակարգի քարոզչական արշաւին, որուն նպատակն է արդարացնել փոքրամասնութեան զտումն ու պատերազմական յանցանքները, որուն հետեւանքով ամիսներ առաջ տուժած է Շուշիի, ինչպէս նաեւ Արցախի միւս բաժիններու բնիկ հայ բնակչութիւնը: Սա լրջօրէն կը վտանգէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շարունակական ջանքերը` գտնելու տեւական, խաղաղ ու արդար կարգաւորում Արցախի հակամարտութեան համար: Պելճիքական կողմի մասնակցութիւնը մեզի շատ աւելի զարմացուց` նկատի առնելով նաեւ, որ Պելճիքան եւ Դուք անձնապէս Ձեր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած էք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ջանքերուն: Ուստի, շատ աւելի լաւ կ’ըլլար, եթէ հետեւէիք համանախագահ երկիրներու` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու օրինակին, որոնք հրաժարեցան մասնակցելու այս ուղեւորութեան: Անոնց կողմէ հրաժարիլը յստակ ուղերձ էր առ այն, որ հակամարտութիւնը տակաւին կարգաւորուած չէ: ԵԱՀԿ-ի երեք հիմնական սկզբունքներէն երկուքը բռնութեան չկիրառուիլը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, խախտուած է Ատրպէյճանի կողմէն պատերազմի ընթացքին: Ատրպէյճանական վարչակարգը իր կարգին կը հպարտանայ, որ «հայերը շուներու պէս վտարեց» Արցախէն կործանարար պատերազմին միջոցով, որուն կ’աջակցէին Թուրքիան եւ սուրիացի ահաբեկչական վարձկանները: Տիկին նախարար, հաւանաբար տեղեակ էք, որ տասնեակ հազարաւոր հայեր ստիպուած եղած են փախչելու Արցախէն` ատրպէյճանական զօրքերու բարբարոսութիւններուն պատճառով: Հայերու փոքրամասնութեան զտումներու աւարտէն վերջյ Ատրպէյճան այժմ ձեռնամուխ պիտի ըլլայ մշակոյթի կեղծման ծրագիրին: Ան նաեւ կը խթանէ լարուածութիւնը Հայաստանի հետ սահմանին ` ոտնձգութիւն կատարելով Հայաստանի տարածքային ինքնիշխանութեան վրայ», ըսուած է Պելճիքայի ԱԳ նախարարին ուղղուած նամակին մէջ: ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբէն յայտնած են, որ Պելճիքայի մասնակցութիւնը այս այցելութեան կը հակասէ արտաքին գործոց նախարարի անձնական կոչերուն, որով պահանջ ներկայացուած է անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, որոնք Պաքուի բանտերուն մէջ անմարդկային ու նուաստացնող վերաբերմունքի կ’ենթարկուին: «Մենք նաեւ կը ցաւինք, որ Պելճիքայի կառավարութիւնը անտեսած է Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատին Դեկտեմբեր 2020-ին ընդունած բանաձեւը, ուր յստակ դատապարտուեցաւ ատրպէյճանական յարձակումը եւ պահանջ ներկայացուեցաւ ատրպէյճանական զօրքերը անյապաղ դուրս բերելու պատմականօրէն հայկական տարածքներէն` Շուշի քաղաքէն»: Իբրեւ Պելճիքայի լիիրաւ քաղաքացիներ, որոնք կը շարունակեն յարգել այդ երկրի եւ Եւրոպայի արժէքները` յանձնախումբի անդամները յորդորած են կառավարութեան ու մասնաւորապէս նախարարին` դատապարտելու Ատրպէյճանի գործողութիւնները: «Մենք կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումը, որ չի կրնար ըլլալ տեւական խաղաղութիւն առանց արդարութեան, իսկ որպէսզի խաղաղութիւնը մնայուն ըլլայ, անոր պէտք է աջակցի ժողովրդավարական աշխարհը», յայտնած են ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի Յանձնախումբի անդամները: