«Երկիր».-16 Յուլիսի առաւօտեան` ժամը 11:00-էն սկսեալ, ատրպէյճանական Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի բաժինին մէջ հաստատուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները դիմած են հակազդող գործողութիւններու: Հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան: