Շաբաթ, 17 Յուլիս 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատ նախագահական չորրորդ շրջանի սահմանադրական իր երդումը կատարեց, որպէս Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ։
Երդման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական, կուսակցական, գիտական, մշակութային եւ լրատուական մարզերու ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներ, ինչպէս նաեւ նահատակներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներ։
Նախագահական պալատէն յատուկ հրաւէրով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ՝ տիար Ժիրայր Րէիսեան, դոկտ. Նորա Արիսեան, իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան եւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ Լենա Էլէյճեան եւս կը մասնակցէին երդման արարողութեան:
Յետ երդման արարողութեան, Նախագահ Ասատ ճառ մը արտասանեց, որուն ընթացքին ըսաւ.
«Կ՚ոջունեմ ձեզ անկումով յատկանշուող այս ժամանակներուն՝ կայուն հայրենիքիս անունով, դատարկաբանութիւն տարածող այս ժամանակներուն՝ փառապանծ հայրենիքիս, արեան գնով հայրենիքը պաշտպանող ու զայն իր սրտին ու հոգւոյն մէջ պահող ժողովուրդիս անունով»։
Ապա շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը պատերազմի տասը տարիներուն իր գիտակցութեամբ հաստատեց, որ ազատութեան ճամբան բռնած ժողովուրդները ետդարձը չունին, որքան ալ դժուարութիւններու հանդիպին։
Նախագահը այնուհետեւ դիտել տուաւ. «Սուրիոյ ժողովուրդը, որ տասնամեայ դաժան պատերազմին դէմ պայքարեցաւ եւ յաջողեցաւ իր գրաւուած հողերուն մեծամասնութիւնը վերազատագրել, այսօր անկասկած կարողութիւնը ունի վերականգնելու նաեւ իր տնտեսութիւնը, հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն»։
Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ սուրիական բռնագրաւուած մնացեալ հողերը ահաբեկչութենէն, ամերիկեան եւ թրքական ուժերէն ազատագրելը մեր առաջնահերթ մարտահրաւէրն է։ Բռնագրաւող ուժերը պատերազմի սկզբնական շրջանին ջանացին ահաբեկչութեամբ սարսափի մատնել մեր ժողովուրդը եւ Սուրիոյ քաղաքացին վերածել վարձկանի, որպէսզի ան վաճառէ իր հայրենիքը եւ դառնայ թշուառ եւ դժբախտ իր իսկ հայրենիքին մէջ, սակայն Սուրիոյ վեհանձն ժողովուրդը չտարուեցաւ այդ խաբուսիկ արարքներով եւ տիրութիւն ըրաւ իր հայրենիքին։
Աւարտին, թեմիս առաջնորդը տեսակցութիւն ունեցաւ Սուրիոյ վարչապետին, Կրօնից նախարարին, հանրապետութեան Մուֆթիին եւ նախարարներու հետ եւ սուրիահայութեան անունով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց այս առիթով։